Ուրբաթ, 28 Յունիս 2013 - Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը այցելեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ

Պէյրութ

Հինգշաբթի 27 յունիս 2013, երեկոյեան ժամը 7-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամները հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ:

Շուրջ 1 ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, Հոգեւոր Տէրը զեկուցեց Հռոմի մէջ իր անդրանիկ հանդիպման մասին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ, որուն ներկայացուցած է 3 առաջարկներ հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին կապակցութեամբ: Ան ներկաներուն տեղեկացուց որ Սրբազան Քահանայապետէն խնդրած է որ հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի յիշատակումը մեծ շուքով կատարուի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ հանդիսաւոր Պատարագով եւ Սրբազան Հայրը այս առիթով քահանայապետական յորդոր մը ուղղէ համայն քրիստոնեաներուն, ներկայացնելու համար Մեծ Եղեռնի նահատակներուն վկայութիւնը. ինչպէս նաեւ Վատիկանի պետութիւնն ալ մասնակցի այս հարիւրամեակի յիշատակութեան դրոշմաթուղթերու հրատարակութեամբ: Հոգեւոր Տէրը այս երեք կէտերը նշելէ ետք, խօսեցաւ նահատակներու սրբադասման հարցին մասին: Բացատրելէ ետք կաթողիկէ Եկեղեցւոյ օրէնքները այս առընչութեամբ, ան ներկայացուց երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի օրինակը եւ խրախուսեց ներկաները որ աղօթեն անոր, որպէսզի ան հրաշքներ գործէ մեր մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամները իրենց կարգին պատրաստականութիւնը յայտնեցին ամբողջութեամբ գործակցելու Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուցած առաջարկներու իրագործման համար:


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ