Սիրելի՛ ընթերցող, 12 օգոստոսին «Աստուածածին» էր, այսինքն` «Փոխումն Սրբոյ Կուսին Աստուածածնի», «Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի» եւ «Ննջումն Աստուածածնի»:
Բազմանուն տօնին բովանդակութիւնը կը կազմէ այն ճշմարտութիւնը, թէ Մարիամ` Անարատ Յղացեալը, Աստուածածինը, Աստուածամայրը, Կուսամայրը մարմնո՛վ եւ հոգիո՛վ փոխուեցաւ-վերացաւ-համբարձաւ երկինք` արքայութեան մէջ Ամենասուրբ Երրորդութենէն հռչակուելու համար Թագուհին երկնքին ու երկրին, մարդերուն եւ հրեշտակներուն:
Հրաշագեղ այս մարեմեան տաղաւարին առիթով, սակայն, կ՛ուզէի գրել միայն մարմնին, այո՛, քրիստոնէական մարմնին մասին, անշուշտ, ո՛չ բոլոր տեսանկիւններէն դիտուած:
Մարդը, որ Աստուծմէ կը ստեղծուի եւ իր ծնողքին սիրոյ ու համերաշխութեան գործակցութեամբ կու գայ կեանքին, կը կազմուի մարմնէն եւ հոգիէն:
Թէպէտ նոյնքան ու միասնաբար երկուքը` մարմինը եւ հոգին անհրաժեշտ են իւրաքանչիւր անհատին` մարդ ըլլալ կարենալու համար, ընդհանրապէս կամ շատ ստէպ կը շեշտուի հոգիին կարեւորութիւնը, քանի մարդը բանական եւ իմացական արարածն է, որ կանչուած է բնազանցականին ու գերբնականին Է-ին յաւերժութեան մէջ:
Հոգիին շեշտաւորումը, ի մէջ այլոց, դասականացուցած է սուրբգրային այս սահմանումը. «Մարդը միայն հացով չ՛ապրիր, այլ նաեւ ամէն խօսքով, որ կ՛ելլէ Աստուծոյ բերանէն» (Մտթ. 4, 4): Բայց յաճախ կը մոռցուի, թէ հոգին, որ մարդուն բանականութեան կեդրոնն է եւ անոր իմացականութեան շարժիչը, միակ մեղաւո՛րն է ու մեղանչակա՛նն է…:
Մարմինն ունի իր իմաստը, իր վայրը, իր դերն ու իր նպատակը, որոնք ենթակայ են կամ կը նպաստեն հոգիին իմաստին, վայրին, դերին ու նպատակին, եւ այն` ի խնդիր մարդուն կատարելութեան ու երջանկութեան թէ՛ աստենականին, եւ թէ անդենականին մէջ:
Այո՛, կը փափաքիմ գրել մարմնին, անոր նուիրականութեան մասին, քանի կը հաւատամ, թէ մարմինը սուրբգրային տարրն է, որ արարչաստեղծ է եւ սահմանուած է անմահութեան, եթէ մարդը ապրեցնէ իր մարմինը Աստուծոյ պատուիրանին համաձայն:
«Արդարեւ, Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ, մարմինը միայն մէկ անդամէ չի բաղկանար, այլ` բազմաթիւ անդամներէ: Աստուած դրաւ անդամները ամէն մէկ մարմնին վրայ, ինչպէս որ Ինք ուզեց: Եթէ բոլորը մէկ անդամ կազմեն, ի՞նչ կ՛ըլլայ մարմինը: Անդամները բազմաթիւ են, մարմինը, սակայն, մէկ է» (1 Կոր. 12, 14 եւ 18-20):
Յստակ է գերազանցութիւնը մարմնին թէ՛ իր ամբողջութեան եւ թէ՛ իր բազմազանութեան մէջ, ինչպէս ալ աստուածադիր կարգ-կանոնին անոր անդամներուն հնազանդութեան եւ իրարու հանդէպ ունեցած համերաշխութեան մէջ:
Աստուածաշունչի ուսուցումին համաձայն` մարմինն ունի իր դերը. իւրաքանչիւր անդամ ունի իր տեղն ու պաշտօնը: Մարմնին անդամներուն այս զօդումն ու յարակցութիւնը գեղեցիկ բնականութեամբ կը պատկերէ Սուրբ Պօղոս. «Եթէ ոտքն ըսէ` «ես ձեռքը չեմ, ուստի, մարմնին մաս չեմ կազմեր», կը դադրի՞ անոր մաս կազմելէն…: Եթէ ականջն ըսէ` «ես աչքը չեմ, ուստի, մարմնին մաս չեմ կազմեր», կը դադրի՞ անոր մաս կազմելէն…: Եթէ ամբողջ մարմինը աչք ըլլայ, ո՞ւր է ականջը…: Եթէ ամբողջ մարմինը ականջ ըլլայ, ո՞ւր է քիթը…» (1 Կոր. 12, 15-17):
Աստուածաշունչի ուսուցումին համաձայն` մարմնին բոլոր անդամները պէտք ունին իրարու եւ անփոխարինելի օգտակարութեամբ կապուած են զիրար. «Ուստի, աչքը չի կրնար ըսել ձեռքին` «քեզի պէտք չունիմ», եւ ո՛չ ալ գլուխը կրնայ ըսել ոտքերուն` «ձեզի կարիք չունիմ»: Դեռ աւելին, մարմնին նոյնիսկ տկարագոյն անդամները կարեւոր են» (1 Կոր. 12, 21-22):
Աստուածաշունչի ուսուցումին համաձայն` թէպէտ տկար ու տկարագոյն, անարգ եւ անարգագոյն, անպարկեշտ ու պարկեշտ անդամներ կան մարմնին մէջ, բայց եւ այնպէս «Աստուած մեր մարմինը այնպէս կազմեց, որ նուազ արժէքաւոր մասերը աւելի պատիւ ընդունին, որպէսզի մարմնին մէջ բաժանում չըլլայ, այլ ընդհակառակն` բոլոր անդամները փոխադարձաբար լրացնեն զիրար» (1 Կոր. 12, 24-25):
Աստուածաշունչի ուսուցումին համաձայն` մարմինը առանձին մեղաւոր ու մեղանչական չէ.
«Այն անդամներուն հանդէպ, որոնք անարգագոյններ կը թուին, աւելի յարգանք ունինք, եւ այն անդամներուն հանդէպ, որոնք անհամեստ են, աւելի ամօթխածութիւն ցոյց կու տանք: Պարկեշտ անդամները պէտք չունին համեստութեան» (1 Կոր. 12, 23-24):
Վերջապէս, Աստուածաշունչի ուսուցումին համաձայն` բոլոր անդամները իրարու հետ կը կենցաղավարին մարմնաւորական եւ «հոգեբարոյական» յարաբերութեամբ. «Եթէ մարմնին մէկ անդամը ցաւի, բոլոր անդամները կը մասնակցին ցաւին: Եթէ անդամը յարգուի, բոլոր անդամները մասնակից են ուրախութեան» (1 Կոր. 12, 26):
Նիւթական կամ արտաքին մարմնին ամբողջութիւնը, բազմազանութիւնը, տեղն ու պաշտօնը, զօդումն ու յարակցութիւնը, կանոնաւորութիւնն ու պահանջքը, օգտակարութիւնն ու նուիրականութիւնը կը շեշտուին, կ՛ոգեզինուին եւ կը հոգեղինացուին նորահունչ այս սուրբգրային տեսութեամբ. «Արդ, դուք Քրիստոսի մարմինն էք եւ անդամները` Անոր անդամներէն» (1 Կոր. 12, 27):
Դեռ աւելի: «Չէ՞ք գիտեր, թէ ձեր մարմինը տաճարն է Սուրբ Հոգիին, որ կը բնակի ձեր մէջ եւ տրուած է ձեզի Աստուծմէ: Չէ՞ք գիտեր, թէ դուք ձեզի չէք պատկանիր: Դուք գնուած էք. ձեր գինը վճարուած է: Ուստի, Աստուած փառաբանեցէ՛ք ձեր մարմիններուն մէջ» (1 Կոր. 6, 19-20):
Այս հրահանգն ապրեցաւ Մարիամ` վերափոխեալ Սիրամայրը, որ իր ապրելակերպով անմահութեան արժանացուց քրիստոնէական մարմինը` մեզի ներշնչելով նոյն կենցաղը, եթէ կ՛ուզենք ունենալ մարմնո՛վ ու հոգիո՛վ մեր յաւիտենական երջանկութիւնը…:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ