Հինգշաբթի, 23 Օգոստոս 2012 - Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնը մասնակցեցաւ համահայկական կրթական 5րդ Խորհրդաժողովին


Ծաղկաձոր, Հայաստան

Որպէս ներկայացուցիչ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին, նոյն կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ Վարդան Թաշճեան կրթական հարցերու վերաբերեալ երկու զեկուցումներով հանդէս եկաւ Համահայկական կրթական 5րդ խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ ընթացիկ տարուան Օգոստոս 14-18, Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան:

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կազմակերպած սոյն խորհրդաժողովին ներկայ եղան 38 երկիրներէ ժամանած կրթական մարզի մօտ 150 ներկայացուցիչներ, որոնք չորս օրերու վրայ երկարած ընդհանուր եւ խմբակային նիստերու ընթացքին քննարկեցին հայկական կրթական դաշտին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը, ծանօթացան Հայաստանի թէ արտերկրի մէջ հայ կրթական գործին վերաբերող խնդիրներուն եւ նորութիւններու եւ հուսկ բանաձեւեցին յանձնարարութիւններու շարք մը, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն համար հիմք պիտի ծառայէ համահայկական նշանակութեան կրթական հարցերու ուղղութեամբ Հայաստանի կրթական նախարարութեան որդեգրելիք քայլերուն: Զեկուցումներով հանդէս եկան Հայաստանի կրթական նախարարութեան կառոյցներու պատասխանատուներ, համալսարաններու նախագահներ եւ կրթական գործիչներ Հայաստանէն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն, Իրանէն, Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Անգլիայէն:

Ըստ հաստատուած օրակարգին` Վարդան Թաշճեան երկու անջատ զեկուցումներով  ներկայացուց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին կրթական գործունէութիւնը: Զեկուցումներուն առանցքը  հանդիսացան  «Հայ Մանկավարժ» ուսումնագիտական հանդէսը, Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու մէջ անցեալ տարի կայացած հայոց լեզուի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքը եւ Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին կողմէ փորձի շրջանի մը համար Լիբանանի հայ կաթողիկէ դպրոցներուն մէջ գործադրուելիք հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիրները` դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեանի հեղինակութեամբ: Զեկուցումներու ծիրին մէջ ներկաներուն փոխանցուեցաւ այս ծրագիրներու իրականացման ընդհանուր փորձառութիւնը, անոնց առանձնայատկութիւնները, լուծուած եւ բացայայտուած նոր խնդիրները, եւ անոնցմէ բխած թելադրանքները` Սփիւռքի մէջ հայ կրթական գործի զարգացման ուղղութեամբ: Ներկաներուն մօտ ընդգծուած հետաքրքրութիւն յառաջացուցին ծրագիրներու գործադրութեան պայմաններն ու արդիւնքները, ու նաեւ անոնց որպէս հենք ներկայացուած Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի հայրապետական պատգամը` «Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հայ կաթողիկէ վարժարանի առաքելութեան մասին»:  Հոգեւոր տիրոջ պատգամին, «Հայ Մանկավարժ»ի համարներուն, լեզուի ծրագիրներուն եւ Հայ կաթողիկէ դպրոցական լրատուներուն  ցուցադրութեան դրուած նմոյշները նպաստեցին, որ ներկաները մօտէն ծանօթանան անոնց բովանդակութեան եւ հայ կաթողիկէ կրթական կառոյցներու գործունէութեան: Խորհրդաժողովը առիթ հանդիսացաւ ծանօթութիւններու ընդլայնման եւ հայաստանեան թէ սփիւռքեան կրթական կառոյցներու հետ համատեղ ծրագիրներու վերաբերեալ միտքերու փոխանակման:


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ