Պէյրութ, 27 Յուլիս 2012
Դիւան թիւ 155/12
Մեծարգոյ Տիար Սերժ Սարգսեան
Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Մեծարգոյ Նախագահ,
Շնորհակալութեամբ ստացանք Տիար Աշոտ Քոչարեանի, Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպանին ձեռքով՝ Ձեր հրաւէր նամակը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովին երկրորդ նիստին։
Սրտի մեծ գոհունակութեամբ եւ սիրով կ՛ուզենք ընդառաջել Ձեր այս ազգօգուտ յոյժ կարեւոր նախաձեռնութեան երկրորդ նիստին, յայտնելով սակայն որ, արտակարգ պատճառներու բերումով դժբախտաբար ի վիճակի չենք անձնապէս ներկայ գտնուիլ սոյն նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Սեպտեմբեր 20-ին։
Այնուհանդերձ, Մեր ներկայութիւնը պիտի փոխարինէ Գերյարգելի Տէր Անդրանիկ Ծայրագոյն վարդապետ Այվազեանը, հովիւ Բարձր Ճէզիրէի Կաթողիկէ Հայոց։
Պիտի խնդրէինք Ձեզմէ որ բարեհաճէիք կապ հաստատել Գերյ. Տէր Անդրանիկ Ծ.Վ. Այվազեանին հետ հետեւեալ հասցէին.
T.R.P. Antranik Ayvazian
Evêché Arménien Catholique
B.P. 17 – Kamichli – SYRIE
Tel.: [00963] (52) 426211 –[(00963] (52) 424292
Cell.: (00963) 933.282630
Fax:[00963] (52) 422711
E-mail: [email protected]
Շատ կը համարինք երկրորդել այն էական դերի մասին որ նման յանձնաժողովի մը գործունէութիւնը կարող է սատարել մեր ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի գործընթացին մէջ, նամանաւանդ երբ մեր ազգը կը ներկայանայ միաձոյլ՝ մէկ սիրտ, մէկ հոգի։ Թող մեր միլիոնաւոր զոհերու արիւնը շաղախէ մեր հաւաքական աշխատանքը, աւելի արդար մարդկային հասարակութիւն մը կերտելու համար։
Հայրապետական Օրհնութեամբ՝
+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց