Սիրելի՛ ընթերցող, Աստուածային զոհին` Ս. պատարագին ժամանակ կարդացուած Ս. Մարկոսի աւետարանէն կրնանք իմանալ եւ սորվիլ եօթը ճշմարտութիւններ, որոնք սերտօրէն առնչուած են մեր առօրեային հետ:
Յստակ ըլլայ, թէ որքան մեր կեանքը կ՛առնչուի Աստուածաշունչին, նոյնքան Աստուած կ՛առնչուի մեր կեանքին հետ: Այսպիսի մշտատեւ կապակցութէնէն շահողները մենք ենք, որ, մեր կարգին, կրնանք նպաստել մեր շրջապատին:
Իմացնեմ, որ թէպէտ «Լուսնոտ մանուկին բուժումը» կը պատմագրեն առաջին երեք աւետարանիչները` Ս. Մատթէոս (17,14-21), Ս. Մարկոս (9,14-29) եւ Ս. Ղուկաս (9,37-42), բայց եւ այնպէս այսօրուան ընթերցումը ամէնէն մանրամասն է:
Առաջին ճշմարտութիւնը: Միամօր տղան ոչ միայն լուսնոտ էր, այլ նաեւ այսահար էր` սատանայէն բռնուած ու տանջուած, եւ այն` «մանկութենէն ի վեր»:
Պիտի ընդունինք սատանային գոյութիւնը ոչ միայն անդենականին, այլ նաեւ աստենականին մէջ: Մեղքին ու չարութեան բազմատեսակները կ՛ապացուցեն դեւին գործօն ներկայութինը մեր աշխարհին մէջ: Անոնցմէ է նաեւ այսահարութիւնը, որ թէ՛ մարմնապէս ու թէ՛ հոգեպէս կը չարչարէ ենթական:
Չեմ մաղթեր քեզի, որ հանդիպիս դիւահարի մը… Վարդապետս հանդիպեցաւ այսպիսի մարդու մը, որուն, սակայն, խօսելակերպը մարդկային չէր, իսկ բարձր ձայնը ոչ իսկ անասնային ոռնոց էր… Վայնասուն մը` սահմռկեցուցի՛չ եւ աննկարագրելի՛…
Երկրորդ ճշմարտութիւնը: Զօրութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը հաւատքին, որուն իրական բացակայութենէն իրողապէս կը տառապի մեր անձը, մեր ընտանիքը, մեր առօրեան, մեր շրջապատը, մեր աշխարհը:
Գթասիրտ Վարդապետին «Ո՜վ անհաւատ սերունդ» յանդիմանութենէն խուսափելու համար անհրաժեշտ է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը զօրացնէ իր հաւատքը, որպէսզի կարենայ ի՛ր կեանքին մէջ նաեւ ապրիլ թէ՛ ստուգութիւնը եւ թէ՛ հետեւանքը Յիսուսի այս սահմանումին. «Ամէն բան կարելի է անոր, որ կը հաւատայ» (Մրկ. 9,23):
Որպէսզի վառ հաւատքով ու վստահութեամբ հզօրացեալ անհատներէ բաղկացած մերօրեայ հայ հասարակութիւնը արժանի ըլլայ լսելու եւ գործադրելու Աստուածային Իմաստունին այս ապահովացումը. «Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, եթէ մանանեխի հատիկին չափ ունենաք հաւատքը եւ այս լերան ըսէք` «այստեղէն անդին փոխադրուէ», պիտի փոխադրուի, եւ ոչ մէկ բան անկարելի պիտի ըլլայ ձեզի» (Մտթ. 17,20):
Երրորդ ճշմարտութիւնը: Այսահար որդիին առողջացումը պայմանաւորեց Յիսուս անոր հօր վստահաբորբ հաւատքէն, որ, իր կարգին, շնորհք է «ի վերուստ»:
Այդ շնորհքը մեզմէ իւրաքանչիւրը տեւապէս խնդրելու է երկինքէն, եւ այն` որդեկորոյս հօր թախանձող սրտով. «Կը հաւատամ, Տէ՜ր, օգնէ՛ թերահաւատութեանս»:
Շնորհքին հայցումով որքան մենք գիտակցինք մեր անկարողութեան, այնքան աւելի Աստուած յօժար ու պատրաստ է օգնելու մեզի:
Շնորհքին հայցումով խորապէս կը համոզուինք, թէ միայն Աստուծոյ վրայ կռթնողները ստուգապէս չեն կրնար լքուիլ Աստուծմէ:
Չորրորդ ճշմարտութիւնը: Սատանան միշտ ու միայն կը ցանկայ բռնանալ, տիրել մարդուն վրայ, զայն տանջել եւ առաջնորդել յաւիտենական դատապարտութեան:
Դեւին հրամայող Քրիստոս, որ բազմագութ Մարդասէրն է, միշտ ու միայն կը տենչայ ծառայել մարդուն, զայն բժշկել եւ հասցնել յաւերժական երջանկութեան:
Ուշադրութի՛ւն: Չորրորդ ճշմարտութիւնը փաստելու համար ապացոյցները բազմատեսակ են թէ՛ Նոր Կտակարանին մէջ եւ թէ՛ հաւատացողներու կեանքին մէջ:
Հինգերորդ ճշմարտութիւնը: Հրաշքը կատարուած է, քանի «սատանան ելաւ եւ տղան նոյն ժամուն բուժուեցաւ» (Մտթ. 17,18), կամ` «Յիսուս սաստեց դեւը, բուժեց տղան եւ յանձնեց անոր հօր» (Ղկ. 9,42):
Ս. Ղուկաս, երրորդ աւետարանիչը, որ բժիշկ էր, դրուագը կ՛աւարտագրէ այս վկայութեամբ. «Բոլորը զարմացան Աստուծոյ մեծագործութեան վրայ» (Ղկ. 9,43):
Եթէ ջերմ հաւատքը նախապայմանն է խնդրուած հրաշագործութեան, ապա ասոր իսկոյն յաջորդելու են մեր զարմացումը, երախտագիտութիւնն ու փառատրութիւնը:
Վեցերորդ ճշմարտութիւնը: «Երբ Յիսուս տուն եկաւ», իրենց սքանչելագործ Վարդապետին, գուցէ հիասթափուած, «աշակերտները առանձին հարցուցին» դիւահարը չբուժելու իրենց անկարողութեան մասին…
Հոս շեշտուած տունդարձը եւ մենակութիւնն ինծի կը թելադրեն եզրակացնելու, թէ մեր ընտանեկան, աշխատանքային, ընկերային, միութենական, հասարակական ու միջյարաբերական կեանքին մէջ անպայման կարեւորելու եւ կիրարկելու ենք մոռցուած առաքինութիւնը նրբավերաբերումին ու փափկանկատութեան…
Եօթներորդ ճշմարտութիւնը: Յիսուսի կարողութեամբ, բայց` աշակերտներէն հայցուած ապարդիւն միջամտութեամբ դիպած արտաքսումը դիւահարին, առիթը տուաւ թէ՛ «իսկ մենք ինչո՞ւ չկրցանք հանել այս դեւը» անոնց իրաւացի հարցումին եւ թէ՛ «այս տեսակ դեւերը միայն աղօթքով կ՛ելլեն» (Մրկ. 9,28-29) Անոր պատասխանին:
Աւարտական եզրայանգումով կը յստականայ, թէ միայն աղօթքը անհրաժեշտ եւ արդիւնաբեր է մեր անձնական, ընտանեկան, աշխատանքային, ընկերային, միութենական, հասարակական ու միջյարաբերական անձկութիւններուն մէջ:
Զգո՜ւշ: Մեր ամենազգի արտաքին ու ներքին նեղութիւններուն դիմաց` Աստուածային Մարդաճանաչը եւ Փորձառուն կը յայտարարէ յստակօրէն. «Այս տեսակ դեւերը չեն արտաքսուիր, եթէ ոչ` աղօթքո՛վ ու ծոմապահութե՛ամբ» (Մտթ. 17,21):
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 22 սեպտեմբեր 2013