Վատիկան
Կիրակի 7 հոկտեմբեր 2012-ին առաւօտեան ժամը 9.30-ին, նոր աւետարանացում նիւթով` եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի 13րդ ընդհանուր ժողովին (7-28 հոկտեմբեր) բացման արարողութեան առթիւ, Բենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց համապատարագի սուրբ Զոհը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 400 եկեղեցականներ (49 կարդիկանալան դասի անդամներ, 71 արքեպիսկոպոսներ, 120 եպիսկոպոսներ, 86 քահանաներ, 14 սիւնհոդոսական հայրեր եւ այլ կղերականներ, ինպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու 7 հովուապետեր), որոնց շարքին էր նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը։
Սուրբ արարողութեան սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը Եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակեց երկու սուրբեր՝ գերմանացի Պենետիկդեան կրօնաւորուհի` Սրբուհի Հիլտէկարտ Տէ Պինկէնը (1098 - 1179) եւ սպանացի կրօնուսոյց ու քարոզիչ` Սուրբ Ժան տ՛Ավիլան (1500-1569)։
Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակման արարողութեան աւարտին սկիզբ առաւ համապատարագի սուրբ արարողութիւնը, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոցին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ։
«Այսօրուան հանդիսաւոր արարողութեամբ սկիզբ կու տանք եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի 13րդ ընդհանուր ժողովին (7-28 հոկտեմբեր) որուն նիւթն է «Նոր Աւետարանցումը ի սպաս Քրիստոնէական Հաւատքի Փոխանցման»։ Այս նիւթը կը համապատասխանէ եկեղեցւոյ կեանքի ծրագրային ուղղութեան որ կ'ընդգրկէ անոր բոլոր անդամները, հասարակութիւններն ու իշխանութիւնները։ Այս հեռանկարը կը շեշտուի յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին նշուելիք Հաւատոյ Տարուայ սկիզբի զուգադիպութեամբ, որ Վատիկանեան Տիեզերական Բ. ժողովի աշխատանքներու սկիզբի 50-րդ յոբելեանի առթիւ հռչակուած է - ըսաւ Սրբազան հայրը ու ողջունելէ ետք բոլոր ներկաները հաւատացեալներէն խնդրեց որ այս երեք շաբթուայ ընթացքին իրենց աղօթքներով ընկերանան սիւնհոդոսական հայրերու առօրեայ աշխատանքնին»։
Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն ըսելով. «Թէեւ ժամանակ չիկայ խորանալու բոլոր նիւթերու շուրջ, սակայն, մեկնելով սուրբ գրային ընթերցումէն, հարկ է որ այս սիւնհոդոսական նիստի սկիզբը ընդունինք այն հրաւէրը մեր աչքերը սեւեռելու մեր Տիրոջ Յիսուսի «պսակուած փառքով ու պատիւներով մահը կրելու համար»։ Աւետարանացումը ամէն ժամանակի ընթացքին, ունի որպէս կեդրոն ու վերջ Յիսուսը, Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին։ Եւ Խաչելութիւնը գլխաւոր բնորոշիչ նշանն է անոր որ աւետարանը կը հռչակէ. նշան սիրոյ եւ խաղաղութեան, ու կոչ հաշտութեան եւ ապաշխարութեան։ Մենք, սիրելի եղբայրակիցներ, որպէս առաջիններ մեր սրտերու աչքերը սեւերենք Անոր եւ թոյլ տանք որ մեզ մաքրագործէ իր շնորհքներով»։
Սրբազան Հայրը ապա հակիրճ խորհրդածութիւն մը կատարեց Նոր Աւետարանացումին մասին հաստատելով թէ Եկեղեցին գոյութիւն ունի աւետարանելու համար։ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտները հաւատարիմ Անոր պատուէրին գացին ու ամէնուրէք տարածեցին Բարի Լուրը։ Ժամանակներու հոլովոյթին այս փոքրիկ հասարակութիւնները դարձան` բազմաթիւ հաւատացեալներով կազմակերպուած եկեղեցիներ։ Պատմական որոշ ժամանակաշրջաններու ընթացքին աւետարանցումը ստացաւ նոր կորով եւ վերածնունդ ապրեցաւ։ Նոր աւետարանացումը ուղղուած է այն բոլոր հաւատացեալներուն որ թէեւ մկրտուած են հեռացած են եկեղեցիէն եւ իրենց քրիստոնէական կեանքը չեն ապրիր։ Այսօրուայ նշուած սիւնհոդոսի բացումը նուիրուած է նոր աւետարանութեան որպէսզի այս անձերուն առիթ տրուի դարձեալ հանդիպելու Տիրոջ, յառաջացնելու հաւատքի վերագտնումը որ է շնորհքի աղբիւր եւ ներշնջում յոյսի, անձնական, ընտանեկան եւ հասարակաց կեանքէն ներս։
Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ օրուան սուրբ Աւետարանի դրուագին որ կը խօսի ամուսնութեան մասին «մարդը պիտի թողու իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ պիտի կապուի եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլայ» (Մարկ. 10 - 7 -8)։ Ամուսնութիւնը կապուած է հաւատքին - յարեց Սրբազան Հայրը -: «Ամուսնութիւնը որպէս սիրոյ, հաւատարիմ ու անխզելի կապ, հիմնուած Աստուծոյ երրորդութեան շնորհքի վրայ, որ Քրիստոսի միջոցաւ մեզ սիրեց հաւատարիմ սիրով մինչեւ Խաչ։ Հաւատոյ ճգնաժամը եւ ամուսնութեան տագնապը իրարու կապուած են եւ ասոր համար ամունսութիւնը պէտք է ըլլայ նոր աւետարանութեան դերակատարներէն մին»։
Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի կարեւորագոյն մէկ ձգտումներէն մին եղաւ «սրբութեան տիեզերական կոչը», որ ուղղուած է բոլոր քրիստոնեաներուն։ Սուրբերը` աւետարանացման իսկական դերակատարներ են, անոնց բարեխօսութեամբ եւ անոնց կեանքի օրինակելի կենցաղով, անոնք ցոյց կու տան Քրիստոսի հետ հաղորդակցութեան եւ աւետարանի գեղեցկութիւնները եւ կը հրաւիրեն գաղջ հաւատացեալները ուրախութեամբ ապրելու հաւատքը, յոյսը ու սէրը եւ վերագտնելու Աստուծոյ Խօսքին եւ ծէսին համեղութիւնը», ըսաւ Բենեդիկտոս ԺԶ. եւ ակնարկեց Եկեղեցւոյ երկու նոր Վարդապետ Հռչակուած սուրբերուն օրինակին։
Ապա խօսքը եզրափակելով հաստատեց թէ կարելի չէ խօսիլ աւետարանացման մասին առանց իսակական զղջումի եւ ապաշխարութեան։ «Հաշտուիլ Աստուծոյ ու մերձաւորին հետ նոր աւետարանութեան իսկական ուղին է»։
«Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր Աստուծոյ յանձնենք Սիւնհոդոսական Նիստի աշխատանքները. սուրբերու հետ հաղորդակցութեամբ, յայցելով մանաւանդ աւետարանողներու բարեխօսութիւնը որոնց շարքին է նաեւ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը։ Նոր աւետարանութեան Աստղ` Սուրբ Կոյս Մարաիամի Հովանիին ապաւինինք ու անոր հետ միասին յայցենք Սուրբ Հոգւոյն շնորհքները որ վերէն լուսաւորէ սիւնհոդոսական նիստը ու պտղաբեր դարձնէ եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը. Ամէն»:
http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=627749