Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2011 - Բարեկամութեան ԽԱՉՔԱՐի զետեղում Հռոմի Պրասքի պալատին մէջ

 
Հռոմ, Իտալիա

13 դեկտեմբեր 2011-ին, Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական ԽԱՉՔԱՐի զետեղման արարողութիւնը մասնակցութեամբ՝ Հռոմի քաղաքապետ Ճաննի Ալէմաննոյի եւ Հայաստանի պատուիրակութեան գլխաւորութեամբ՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի։
Հայկական Խաչքարը զետեղուեցաւ Հռոմի Պրասքի Պալատի (Palazzo Braschi) ներքնաբակին մէջ։ Ճաննի Ալէմաննօ շատ գեղեցիկ արտայտութիւններ ունեցաւ Հայաստանի ու Հայերու մասին ըսելով. «Ինծի համար մեծ պատիւ է, մանաւանդ թէ մեծ ուրախութիւն ստանալ Խաչքարը, որ Հայաստան որոշեց նուիրել քրիստոնէութեան մայրաքաղաքին։ Ասիկա պատմական պահ մըն է Հայերուն եւ Իտալացիներուն համար։ Բոլորս լաւ կը ճանչնանք կորովը Հայ Եկեղեցւոյ, մասնաւորապէս այն ինչ որ անիկայ ներկայացուց որպէս պատնէշ մահմէտականութեան դէմ, եւ տառապանքը հայ ժողովուրդին Աստուածամերժ վարչակարգերու տարիներուն։ Այս Խաչքարը, ըսաւ Հռոմի քաղաքապետը,  մեզի համար խորհրդանիշ մընէ կը ներկայացնէ՝ Եկեղեցին, հայ համայնքը եւ սրբակոթողն է խաղաղութեան ու եղբայրութեան»։

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը դեկտեմբերի 14-ին այցելեց Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզի՝ Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանք, ուր հանդիպում  ունեցաւ Մխիթարյան միաբանության անդամներու եւ Իտալիոյ հայ համայնքի հոգեւոր ու մշակութային կազմակերպություններու ներկայացուցիչներու հետ: Այս առթիւ, Հայաստանի նախագահը յայտնեց թէ հպարտութիւն եւ մեծ պատիւ է այսօր Մխիթարեան միաբանութեան անդամներու հետ Վենետիկի մէջ ազդարարել հայատառ գրատպութեան 500 ամեակի միջոցառումներու սկիզբը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ