Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2013 - Հայաստանի նախագահի Երդմնակալութեան արարողութիւնը

 

Երեւան

Երեքշաբթի, 9 ապրիլ 2013-ին, Երեւանի «Կարէն Տէմիրճեան»-ի անուան մարզահամերգային համալիրէն ներս կայացած ՀՀ Ազգային ժողովի յատուկ նիստին ընթացքին վսեմաշուք նախագահ Սերժ Սարգսեան ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերընտրեալ նախագահի պաշտօնը` ժողովուրդին տրուած հետեւեալ երդումով: Ան ըսաւ. «Ստանձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի պաշտօնը` երդւում եմ անվերապահօրէն կատարել Սահմանադրութեան պահանջները` յարգել մարդու եւ քաղաքացու իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովել Հանրապետութեան անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը` ի փառս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ի բարօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդի»: Նախագահին երդումէն ետք օրհնութեան խօսք ուղղեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդ արհի. հայր Ռափայէլ արք. Մինասեան ներկայացուց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այս արարողութեան, իսկ Զմմառու միաբանութենէն մասնակցեցաւ վարչական հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան, որպէս ներկայացուցիչ Զմմառու Մեծաւորին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ