Զմմառ, Լիբանան
Չորեքշաբթի 17 Սեպտեմբեր 2008ին, ժամը 8-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ, Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Հայրապետական Ս. Պատարագով բացումը կատարուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տարեկան Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին:
Սիւնհոդոսի ընթացքին, Հայրերը պիտի ուսումնասիրեն եկեղեցական, հովուական, ազգային, ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական հարցեր եւ տագնապներ:
Սիւնհոդոսի նիստերը կը շարունակուին մինչեւ 26 Սեպտեմբեր 2008: