Պէյրութ, Լիբանան
Կիրակի
, 28 Մարտ 2010-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին վարժարանս հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարուհի, Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրահետութեան դեսպան պարոն Աշոտ Քոչարեանի, Հիւպատոս պարոն Աշոտ Վարդանեանի ինչպէս նաեւ դեսպանութեան Ա. քարտուղար պարոն Վարդան Ատանեանի։ Տիկ. Յակոբեանը ընդունելու եկած էին վարժարանիս տեսչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ օժանդակ մարմիններու՝ Մեսրոպեանի Նախկին Սաներու Միութեան ատենապետ՝ բժիշկ Կոստան Եափուճեան, Ծնողական Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Հիլտա Հալլաճեան եւ Ս. Մեսրոպի Արիներ սկաուտական խումբի ընդհանուր խմբապետ Սիմոն Պէօճէքեան։
Տիկ. Յակոբեան վարժարանիս կեդրոնը խոյացած, Ս. Մեսրոպի յուշարձանին առջեւ խոնարհուելով, ծաղկեկողով մը զետեղեց, այսպիսով իր յարգանքի տուրքը մատուցելով հայ դպրութեան հիմնադիրի յիշատակին։
Իր կարճ այցելութեան ընթացքին Տիկ. Հրանուշ Յակոբեան տեղեկացաւ Մեսրոպեան վարժարանի պատմութեան եւ գործունէութեան հետ, ապա իր անունով վարժարանին նուիրեց զոյգ գիրքերու քանի մը օրինակներ՝ «Հայկական Հեքիաթներու Աշխարհ» եւ «Մեծերէն Սորվի՛ր»՝ առակներու, ասոյթներու, առածներու եւ թեւաւոր խօսքերու գիրքը։ Զոյգ գիրքերն ալ արեւմտահայերէն լեզուով, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան կողմէն հրատարակուած, սփիւռքի մանուկներուն համար նախատեսուած գիրքեր են։
Վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ իր կարգին նախարարուհիին նուիրեց վարժարանի ամբողջական թղթապանակը, որ իր մէջ կ'ամփոփէր վարժարանի տարեգիրքը, պաշտօնաթերթ՝ «Մեսրոպեան Լրաբեր» ամսաթերթի օրինակներ, վարժարանի տարեկան օրացոյցը, ինչպէս նաեւ Արուեստից վարժարանին մասին գրքոյկներ։
Տիկ. Հրանուշ Յակոբեան Մեսրոպեան վարժարանէն մեկնեցաւ գեղեցիկ տպաւորութիւններով եւ մեծ յոյսերով, որ վարժարանի աշակերտներէն խումբ մը շատ շուտով պիտի այցելէ Հայաստան։ Հայրենիք այցելութեան հրաւէրը ան չմոռցաւ ընելու այն քանի մը վայրկեաններու ընթացքին, որ հիւրաբար կը գտնուէր վարժարանէն ներս։
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի կարճատեւ այցին պիտի յաջորդէր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, ձեռամբ ազնուափայլ նախարարուհիին։