Չորեքշաբթի, 25 Փետրուար 2009 - Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Պէյրութ, Լիբանան

 
Հայաստան-Լիբանան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդեկու եւ համագործակցութիւնը սերտացնելու նպատակով, Հայաստանի
 
Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդտեան միօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան, որուն ընթացքին տեսակցեցաւ Լիբանանահայ գաղութի հոգեւոր պետերուն հետ: Այս առիթով, Չորեքշաբթի 25 Փետրուար 2009-ին, նախարար Նալբանդեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Տանն Կիլկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ:

Նախարար Նալբանդեանի ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն ՀՀ դեսպան Թունուզի եւ Ալճերիոյ եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ՝ Լեւոն Սրագսեան, ԱԳՆ խորհրդական Վահագն Աթապէքեան, ԱԳՆ Մերձաւոր Արեւելքի վարչութեան տնօրէն՝ Արմէն Մելքոնեան, ԱԳՆ մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ ներքին քաղաքական իրավիճակի առընչուող հարցեր, որոնցմէ ամենակարեւոն է գալիք երեսփոխանական ընտրութիւններնը: Այս նիւթի շուրջ նախարար Նալբանդեան ըսաւ թէ լիբանանահայերը կարեւոր դեր ունին լիբանաեան կեանքին մէջ եւ այդ պատճառով ալ բնական է իրենց ակնկալութիւնները ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններէն բայց Լիբաբանի մէջ գոյութիւն ունեցող կրօնական եւ քաղաքական բազմազանութիւնը պէտք է դրական ազդեցութիւն ունենայ բոլորին վրայ: Նախարար Նալբանդեան աւելցնելով ըսաւ թէ Հայաստանի յարաբերութիւնները միշտ լաւ եղած են արաբական պետութիւններու հետ, մանաւանդ այն երկիրներուն հետ, որոնք յատուկ նշանակութիւն ունին հայերու ներկայութեան իմաստով, որոնցմէ մէկն է Լիբանանը եւ Հայաստան Լիբանան յարաբերութիւններու մօտեցումը պէտք է ծառայէ նաեւ երկրի կայունութեան եւ բարգաւաճման, մաղթելով որ լիբանանցիները իրենց ներքին ուժերով վերահաստատեն իրենց կայունութիւնը, որովհետեւ Նալբանդեան ըսաւ ուժի գործադրումը երբէք լուծում չի բերէր:

 
Իր կարգին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը նախարարին փոխանցեց թէ լիբանահայ երիտասարդութեան միշտ կը քաջալերէ կարչած մնալ երկրին եւ
 
չգաղթել օտար երկիրներ, որովհետեւ անոնք համայնքի ուժերն են եւ ապագայի յոյսը:

Անդրա‎առնալով Սփիւռքի նախարարութեան մասին, նախարար Նալպանդեան արտայատուեցաւ դրական ձեւով, ըսելով թէ ինք կողմանկաից է որ այդ նոր կարոյցը հիմնուի ամուր եւ ճիշդ քայերու վրայ, որպէսզի կարենայ սփիւռքի հետ միասնաբար լուծել Հայաստան-Սփիւռք վերաբերող հարցերը:

Արցախեան գոյամարտի մասին նախարարը յայտնեց թէ ներկայիս բանակցութիւնները սկզբունքներու շուրջ է «այսինքն Ղարաբազի հիմնախնդրի շուրջ եւ անկէ ետք է որ պէտք է պատրաստել պայմանագիրներ որ կ’ապահովեն Ղարաբաղի ինքնորոշման ճանաչումը եւ ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխաւորումը»:

Հանդիպման աւարտին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը յաջողութիւն մաղթեց իր հիւրին եւ անոր նուիրեց  հայերէնի թարգմանուած Կաթողիկէ Քրիստոնէական Վարդապետութեան մասին հատորը իսկ նախարար Նալբանդեան Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց «Sacre Armenia» նկարազարդ գիրքը:        

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ