Երկուշաբթի, 23 Յունուար 2012 - Կիրակնօրեայ խօսքը. Ուղի՛ղ խոնարհամտութեան եւ ճի՛շդ համարձակախօսութեան բացակայութենէն տառապող


Սիրելի՛ ընթերցող, յունուար 14-ին տօնեցինք Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը կամ Ս. Յովհաննէս Կարապետը` հայերուս ամէնէն սիրուած ու ժողովրդական սուրբերէն մին:
Այս սէրը, յարգանքն ու ժողովրդականութիւնը կու գան արդէն Դ. դարէն, այո՛, մեր ազգին քրիստոնէացման առաջին տարեշրջանէն, երբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ` մեր «հաւատքի հայրը», Կեսարիայէն միասին բերած Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի մասունքով եկեղեցի կառուցեց Մամիկոնեաններու Տարօն նահանգին Մուշի մէջ, որ դարձաւ նշանաւոր ուխտավայր:
«Սուրբ Կարապետ»-ին յաջորդեցին բազմաթիւ եկեղեցիներ, վանքեր ու սրբատեղիներ` «Սուրբ Կարապետին», «Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչին» եւ «Յովհաննու Կարապետին» անուններով: Այսօր ալ համարեա չկայ հայահոծ գաղութ մը, որ չունենայ իր հայազգի «Սուրբ  Կարապետը»:
Այսպէս, սուրբը, մեր պարագային` Յովհաննէս Մկրտիչ-Կարապետ, աստուածանման պատկերին ստեղծուած ամէնէն առաջին արուեստագէտը սիրոյ ու հաւատքի, իր էածին ազգութեան պատկանելով իսկ` կը դառնայ այն աշխարհաքաղաքացին, որ հարազատ պատկանելիութիւնն է բոլոր ազգերուն:
Համաշխարհային կամ համամարդկային պատկանելիութեամբ օժտուած Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ-Կարապետը կը սիրեմ շատ, եւ իմ սիրոյս պատճառը չէ այն իրողութիւնը լոկ, որ խարբերդցի-ատանացի պապուկս «Մկրտիչ» եւ հայրս «Կարապետ» կը կոչուէին…
Այլ նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ-Կարապետը կը նկատեմ յա՜ր այժմէական սուրբը, որուն մէջ ամէնէն աւելի կը սիրեմ եւ կը ջանամ ընդօրինակել խոնարհամտութիւնն ու համարձակախօսութիւնը, ինչպէս ալ` յստակատեսութիւնը, գիտակցութիւնն ու հաւատարմութիւնը իր կանչուածութեան «ի վերուստ»:
Այսօր կ՛ուզէի գրել միայն առաջին երկու առաքինութիւններուն մասին, քանի այս երկու բարեմասնութիւններուն ակնբախ բացակայութենէն կը տառապի մեր հայաշխարհը…
Գիրս ուղի՛ղ ապրուած խոնարհամտութեան եւ ճի՛շդ կիրառուած համարձակախօսութեան մասին է, ինչպէս զանոնք կը տեսնենք Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ-Կարապետի անձնաւորութեան ու գործունէութեան մէջ:
Յիսուս Քրիստոսի կօշիկներուն խրացներն իսկ քակելու ինքզինքն անարժան յայտարարող այս խոնարհամիտ մարգարէն եւ առաքեալը կրցաւ ազատ ու խիզախ համարձակախօսութեամբ խարանել բարոյապէս խաթարուած հասարակութիւնը, խարազանել ընկերային անարդարութիւնը, մտրակել հզօրներու անբարոյականութիւնը, բարեպաշտներու մակերեսայնութիւնը, պախարակել օրինապահներու կեղծաւորութիւնը…:
Պահեցողութեամբ, մարախով, վայրի մեղրով եւ ուղտենի կարծր քուրջով ապրած ու շրջագայած հրավառ քարոզիչը, որ նախատեսեալ «ձայն բարբառոյ յանապատի» էր, իր օրինակելի խոնարհամտութեան մէջ ու վարակիչ համարձակախօսութեամբ կրցաւ յանկուցանել զանգուածները` անոնց ընդունիլ տալով «ապաշխարութեան մկրտութիւնը` մեղքերու թողութեան համար» եւ զանոնք դարձի բերելով իրենց մեղսաթաթախ ապրելակերպէն (Մրկ. 1,5-6), ինչպէս նաեւ գիտցաւ առաջնորդել մտքերը, սրտերն ու քայլերը դէպի «Գառն Աստուծոյ» (Յվհ. 1,29), Յիսուս Քրիստոսը` միշտ քարոզելով. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկնքի արքայութիւնը մօտեցած է» (Մտթ. 3,2):
Քրիստոնէական կերպարուեստին ամենասիրուած դէմքերէն մին է Սուրբ  Յովհաննէս Մկրտիչ-Կարապետ, որ յաճախ կը ներկայացուի իբրեւ անապատական ու ճգնակեաց: Իբրեւ այդպիսի անձնաւորութիւն` հայ մանրանկարչութեան մէջ անոր խորհրդանիշն է նաեւ ծառաբունին խրուած կացինը, որովհետեւ ա՛ն էր, իր խոնարհամտութեան մէջ ու համարձակախօսութեամբ, որ, խօսքն ուղղած անապաշխարողներուն, ընչասէրներուն, կեղեքիչներուն, բռնակալներուն եւ անոնց նմանազգիներուն,  խիզախեցաւ կատարել այս սպառնալից կանխատեսութիւնը. «Ահաւասիկ, տապարը մխրճուած է ծառերու արմատներուն մէջ. ամէն ծառ, որ չի տար բարի պտուղ, պիտի կտրուի եւ կրակին մէջ պիտի նետուի» (Ղկ. 3,9):
Այսօր  ուղի՛ղ խոնարհամտութեան եւ ճի՛շդ համարձակախօսութեան բացակայութենէն տառապող հայաշխարհին կը ներկայանայ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ-Կարապետ իր վերոյիշեալ առաքինութիւններով, բայց մանաւանդ` իր բարեմասնութիւններուն շնորհիւ վարած կենցաղով ու տուած քարոզներով, որոնք դառնալու են յաւերժատար ուղեգիծը մեր ամէնօրեայ կեանքին…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ