Երեքշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2012 - Անուանում՝ Փոխ-Ժողովրդապետ Ս. Խաչ Ժողովրդապետութեան


Պէյրութ, 5 Նոյեմբեր 2012
Դիւան թիւ 237/12

Գերապատիւ Տէր Աւետիք Վրդ. Յովհաննէսեան,

Այս գիրով քեզ կ'անուանեմ Փոխ-Ժողովրդապետ Սուրբ Խաչ Ժողովրդապետութեան, ունենալով որպէս ժողովրդապետ Գեր. Հ. Նարեկ Վրդ. Լուիսեան։

Վստահ եմ թէ՝ եռանդով, հաւատքով եւ սիրով պիտի համագործակցիս տեղւոյն ժողովրդապետին հետ եւ պիտի կատարես քեզի յանձնուած այս պաշտօնը, ըլլալով ճշմարիտ հովիւ նման Բարի Հովիւին։

Հայրական Օրհնութեամբ՝

+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն   
ԿիլիկիոյԿաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ