Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2011 - Հոգեւոր Տէրը նամակ ստացաւ Լիբանանի վարչապետ 'Նեժիպ Միքաթիէն


Պէյրութ

Չորեքշաբթի 7 դեկտեմբեր 2011, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս պատրիարքը նամակ մը ստացաւ Լիբանանի վարչապետ պարոն Նեժիպ Միքաթիէն, ի պատասխան Հոգեւոր Տիրոջ ուղղած նամակին, Լիբանանի համար կազմուած Միջազգային Դատական Ատեանը ֆինանսաւորելու վարչապետ Միքաթիի որոշումին առթիւ: Նամակին մէջ, վարչապետ Միքաթի կը հաստատէ Լիբանանի ազգային դիրքորոշումը եւ պարտաւորութիւնը պաշտպանելու երկրի կայունութիւնը եւ արդարութեան իրագործումը վարչապետ նահատակ Հարիրիի եւ այլ ազգային դէմքերու սպաննութեան գծով, խնդրելով Աստուծմէ որ զինք առաջնորդէ ի սպաս երկրի ապահովութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ