Վատիկան
Յունուար ամսուայ համար, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը ընտրած է որպէս աղօթքի ընդհանրական դիտաւորութիւն` աղօթել որպէսզի բնական աղէտներու զոհերը կարողանան հոգեւոր սփոփանք եւ նիւթական անհրաժեշտ օժանդակութիւն ստանան վերակառուցելու իրենց կեանքը։
Ապա սրբազան պապը առաջարկած է որպէս միսիոնարական դիտաւորութիւն՝ որպէսզի քրիստոնեաներու յանձնառումը խաղաղութեան ի նպաստ ըլլայ առիթ մը վկայելու Քրիստոսի անունը բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց։