Երեւան
Հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու Բ. համագումարի աշխատանքները իրենց աւարտին հասան 17 յուլիս 2014-ին, հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու յանձնախումբի նախագահ՝ հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի փակման խօսքով եւ համագումարի եզրափակիչ հաղորդագրութեան ընթերցումով: Համագումարի մասնակիցները փակման նիստէն ետք Մեծ Եղեռնի զոհերուն իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու նպատակով ուղղուեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդ, ուր ծաղկեպսակ զետեղեցին եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին, որմէ ետք ուղղուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ առիթ ունեցան ծանօթանալու Մայր Աթոռի պատմական թանգարանին: