Կիրակի, 5 Նոյեմբեր 2006 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Միացեալ Հայկական Ֆոնտի նախագահ Տիար Յարութ Սասունեանը


5 Նոյեմբեր 2006, Կիրակի երեկոյեան, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Միացեալ Հայկական Ֆոնտի նախագահ, «Լինսի» Հիմնադրամի փոխ¬նախագահ եւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» Թերթի պատասխանատու խմբագիր Տիար Յարութ Սասունեանը, որ Լիբանան կը գտնուի լիբանանահայ վարժարաններուն նիւթական օգնութիւններ փոխանցելու յատուկ առաքելութեամբ:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց Հայ Դպրոցին անփոխարինելի դերը հայապահպանութեան գործին մէջ եւ իբրեւ լիբանանահայութեան գոյերթի գրաւական: Ան իր հիւրին տեղեկացուց ընդհանրապէս լիբանանահայութեան եւ մասնաւորաբար լիբանանահայ վարժարաններու դիմագրաւած դժուարութիւններու մասին, որ հետեւանքը եղաւ Լիբանանին պարտադրուած վերջին պատերազմին եւ անոր ողբերգական անդրադարձներուն: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կեդրոնացաւ Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու իրավիճակին վրայ՝ մանրամասնութիւններ փոխանցելով անոնց աշակերտութեան, ուսումնական մակարդակին, ուսուցչակազմերուն, վարչակազմերուն, կրթական-մշակութային գործունէութեանց եւ տնտեսական վիճակին վրայ:

Տիար Յարութ Սասունեան իր կարգին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ տեղեկացուց իր լիբանանեան առաքելութեան հիմնական նպատակի մասին, որն է նիւթական մեծագումար օժանդակութիւն կատարել լիբանանահայ համայնքներու, բարեսիրական կամ այլ միութիւններու կողմէ հովանաւորուած 28 վարժարաններու, զանոնք հնարաւորին չափ ձերբազատելու համար նիւթական մտահոգութիւններէն, որոնք ծնունդ առին անցեալ Յուլիսին Լիբանանի դէմ սանձազերծուած պատերազմին ստեղծած տագնապալի վիճակին հետեւանքով: Ան նշեց որ լիբանանահայ վարժարաններուն օգնելու որոշումը թելադրուած է մասնաւորաբար Սփիւռքի մէջ լիբանանահայութեան վերապահուած նշանակալից ու պատմական դերակատարութենէն եւ այդ դերակատարութեան մէջ Հայ Դպրոցին գրաւած վճռորոշ առաքելութեան նկատառումէն:

Այնուհետեւ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ Տիար Սասունեան արծարծեցին համայն Հայութիւնը եւ մասնաւորաբար Սփիւռքը յուզող հիմնահարցերը, Հայ Դատի հետապնդման եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին հետ առնչուած խնդիրները:

Հանդիպումի աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Տիար Յարութ Սասունեանին եւ անոր ներկայացուցած կազմակերպու¬ թիւններուն, լիբանանահայ վարժարաններուն հանդէպ իրենց ցուցաբերած հոգատար ուշադրութեան համար լիբանանահայութեան բոլորած ներկայ դժուարին հանգրուանին: Ան թարգմանը եղաւ երախտագիտական զգացումներուն բոլոր անոնց որոնց մտահոգութիիւնը թեթեւցնելու սահմանուած է այդ հոգատարութիւնը: Իր գնահատանքին եւ շնորհակալութեան որպէս արտայայտութիւն, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Տիար Սասունեանին նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին թանկարժէք վկայութիւն մը հանդիսացող՝ 1918-ին Նիւ Եորքի մէջ լոյս տեսած անգլերէն հրատարակութիւն մը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ