Կիրակի, 21 Յունիս 2009 - «Քահանայական տարի»ին նպատակակէտը

 

 

 

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի Վատիկանէն կը պարզէ «Քահանայական տարի»ին նպատակակէտը

 

Վատիկան

 

Կիրակի 21 Յունիս 2009

 

Եկեղեցին մի քանի օր առաջ սկսաւ տարի մը, վերագտնելու համար քահանայութեան պարգեւը եւ անոր գեղեցկութիւնը, կÿըսէ սուրբ Աթոռին մամլոյ գրասենեակին տնօրէնը:

 

Ան կը բացատրէ թէ քահանային ծառայութիւնը հիմնական կարեւորութիւն ունի Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ. սակայն խորհուրդ չէ աշխարհին, թէ այսօր ան կÿապրի բաւական դժուարութիւններ:

 

Այս դժուարութիւններուն արմատները զանազան են. այսպէս, ընդհանուր աշխարհայինացման մթնոլորտը աշխարհի ընդարձակ մասերուն մէջ, քահանային ընկերութեան մէջ ունեցած դերին դեռգնահատումը, որոշ քահանաներուն անվայել կենցաղին պատճառած խոր վէրքերը քահանային հանրային պատկերին ի վնաս, ի վերջոյ նոյնիսկ աշխարհականներուն դերին արդար արժեւորումը Եկեղեցւոյ մէջ:

 

Ըստ Վատիկանի պատգամաբերին,  սրբազան Քահանայապետը ընկերաբանական¬կրօնական վերլուծումներու հետամուտ չէ, որքան քաջալերող՝ ներքին վերանորոգումի մը բոլոր քահանաներուն համար, որպէսզի անոնք աւետարանական աւելի վաւերական վկայութիւն տան այսօրուան աշխարհին:

 

Յատկապէս նամակը, որ ուղղուած է բոլոր քահանաներուն, չի մեկնիր արտաքին պատճառներէն, այլ քահանայական կոչումին կեդրոնէն՝ անոր սրտէն, ներկայացնելով քահանային գործնական տիպարը քահանայական սրբութեան՝ Արսի հովիւին կեանքին օրինակին համաձայն:

Կրնայ զարմանալի թուիլ այս օրինակին ցուցմունքը, որպէս հոգեւոր հեղինակութիւն՝ աշխարհատարած քահանաներուն համար: Հովիւ մը, որ ապրած է 200 բնակչութիւն ունեցող ֆրանսական գիւղի մը մէջ, մահացած է 150 տարի առաջ... Սակայն եթէ քահանան սնանի ու ապրի իսկապէս Գոհութեան խորհուրդով եւ մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ Հաշտութեան ծառայութեամբ՝ յայտնելով Աստուծոյ Ողորմութիւնը, ապա վայրը եւ ժամանակը երկրորդական կը դառնան:

 

Հայր Լոմպարտի կը նկատէ նաեւ թէ Բենեդիկտոս ԺԶ.ի նամակին մէջ կայ նաեւ բարձրորակ հոգեխօսութիւն, քաղցր սէր Յիսուսի եւ անձերու հանդէպ, մանաւանդ անոնց, որոնք հոգեւորապէս հեռու են Աստուծմէ կամ դժուարութեան մէջ են:

 

Այս սէրն է, որուն կարիքը կայ այսօր ամէն բանէ աւելի, կÿաւելցնէ հայր Ֆետերիքօ, եւ ասոր համար է, որ սրբազան քահանայապետը կը խօսի քահանային մասին, որպէս պարգեւ՝ Եկեղեցւոյ եւ նոյնինքն մարդկութեան, եթէ ապրի իր կոչումը:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ