Պէյրութ, Լիբանան
Ուրբաթ, 23 Ապրիլ 2010-ի առաւօտեան ժամը 7։30-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը հաւաքուած` վարժարանի շրջափակին մէջ, ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 95-ամեակը։
Հայաստանի, Լիբանանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն յետոյ, բացման խօսք արտասանեց վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտ Աւետ Աշգարեան, որ անդրադարձաւ 24 Ապրիլ 1915ի հայ ազգի բնաջնջման աղետալի դէպքին մասին: Ան ըսաւ, որ այսօր ոգեկոչումի օրէն աւելի պահանջատիրութեան օր է այս հաւաքին համար, վերահաստատելու ուխտն ու խոստումը, շարունակելու հայ դատի հետապնդումը մինչեւ վերջնական յաղթանակ:
Բացման խօսքի աւարտին յաջորդաբար ելոյթներ ունեցան վարժարանի տարբեր կարգերու աշակերտներ, ասմունքելով, երգելով, նուագելով Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով ստեղծագործութիւններ։ Աշակերտական ելոյթներու կողքին, մեներգով հանդէս եկաւ նաեւ վարժարանի մանկապարտէզի ուսուցչուհիներէն Տիկ. Լիզա Սվաճեան, կատարելով «Վասպուրական» երգը։
Այնուհետեւ օրուան խորհուրդը փոխանցեց Մեսրոպեանի Նախկին Սաներու Միութեան ատենապետ, բժիշկ Կոստան Եափուճեան, որ յատկապէս ըսաւ, որ նոր սերունդը՝ աշակերտները արդարադատութեան եւ վրէժխնդրութեան ջահն են, բարձր գիտութիւն ստանալով եւ ծառայելով միշտ ազգային շահերուն համար:
Օրուան յայտագրի աւարտին խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Պր. Կրէկուար Գալուստ, որ նաեւ յիշատակի գիրքերով պարգեւատրեց Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած թեմայով մրցանակի շահող 9 աշակերտներուն: Ապա իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ մեր արդար դատը ոչ ուշ, օր մը պիտի յաղթանակէ: Այս հաւաքը, ինչպէս որ ըսաւ վարժարանին տնօրէնը, խօսուն վկան է շարունակելու պայքարը, մինչեւ իրաունքներու վերականգման: Ան աշակերտներուն ըսաւ, որ հպարտ զգան որպէս հայեր, միասնաբար կերտելու համար պանծալի ապագայ հայութեան համար:
Խօսքի աւարտին, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ, Հայր Սարգիս Վրդ. Դաւիթեան «Պահպանիչ»ով եւ խմբային «Հայր Մեր»ով աւարտեց օրուան հաւաքը։