Sermons Sermons
Երկուշաբթի, 19 Փետրուար 2007 - Մոխրոց Օր - Աւետման Եկեղեցի


Յոյժ Սիրելի Եղբայրներ եւ քոյրեր


«Պիտի նային անոր՝ զոր խոցեցին» (Յովհ. 19,37):

Այս խօսքերով, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ այս տարուայ Քառասնորդաց պատգամը: Քառասնորդաց շրջանը պատեհ ժամանակ մըն է կանգ առնելու Ս. Կոյս Մարիամին եւ Ս. Յովհաննէս աշակերտին հետ Խաչափայտին առջեւ, Յիսուսին մօտ, որ զոհեց Իր կեանքը համայն մարդկութեան համար (տես Յովհ. 19,25): Ապաշխարութեան եւ աղօթքի այս շրջանին, ուղղեն՛ք մեր նայուածքը խաչուած Քրիստոսի վրայ որ, մեռնելով մեր փրկութեան համար, յայտնեց մեզի անժխտելի կերպով Աստուծոյ սէրը, Անոր անշահախնդիր սէրը, Հայր Աստուծոյ գրութեան անդիմադրելի սիրոյ ոյժը:

Մեղանշելէն եւ Աստուծմէ հեռանալէն ետք, Աստուած ուզեց կրկին անգամ մարդուն սիրտը սիրաշահիլ: Ասոր համար շատ սուղ գին վճարեց, որ է իր Միածին Որդիին կեանքը: Կա՞ր արդեօք աւելի խենթ սէր մը քան ասիկա, որ մղեց Յիսուս մեզի այնպէս միանալու որ մեր յանցանքները Իր վրան առաւ եւ անոնց հետեւանքները մեր տեղ կրեց, մեռնելու չափ խաչին վրայ: Աստուածային սէրն էր ասիկա:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, յաճախ դիտեն՛ք Քրիստոսը խոցուած եւ մեռած Խաչին վրայ, մանաւանդ ճանապարհ Խաչիի ատեն: Այս տեսարանը ներշնչեց շատ մը քրիստոնեաներ լալու դառնապէս իրենց մեղքերը, ուրիշներ՝ Քրիստոսին կամովին հետեւելու, ուրիշներ ալ՝ իրենց կեանքը ամբողջովին Իրեն նուիրելու եւ կամ քաւելու մեղաւորներուն տեղ անոնց յանցանքները եւ մեղքերը, փոխանակ զանոնք դատապարտելու, որովհետեւ Յիսուս ոչ ոք դատապարտեց, այլ ամէնքը սիրեց: Խաչափայտի վրայէն, կարծէք Յիսուս կը մուրայ իր արարածներուն սէրը, մեզմէ ամէն մէկուն սէրը : Սուրբ Թովմաս առաքեալը ճանչցաւ Յիսուս երբ իր ձեռքը դրաւ Իր կողին վէրքին մէջ ու բացագանչեց. «Տ՜էր իմ եւ Աստուած իմ»: Զարմանալի չէ որ, սուրբերու օրինակին հետեւելով, շատ մը քրիստոնեաներ Յիսուսի սրտին մէջ գտան յուզիչ եւ ցնցիչ արտայայտութիւնը Անոր սիրոյ գաղնիքին:

Երանելի Մայր Թերեզայ՝ Ի. դարու ամենէն ծանօթ անձին միակ փափաքն էր յագուրդ տալ Յիսուսի սիրոյ ծարաւին՝ ոչ թէ խօսքով, այլ գործնական վարմունքով՝ աղքատներուն մէջէն ամենէն աղքատներուն ծառայելով: Ինչպէս գիտէք, Անոր պատգամը տարածուեցաւ աշխարհի չորս կողմը: Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Յիսուս ին՞չ կը սպասէ մեզմէ: Ընդունիլ Անոր սէրը եւ ձգել որ Ան մեզ Իրեն քաշէ: Արդէն ըսած էր. «Երբ բարձրանամ երկրէս՝ ամէնքն ալ ինծի պիտի քաշեմ» (Յովհ. 12,32): Բայց չի բաւեր ընդունիլ Յիսուսին սէրը. պէտք է համապատասխանել Անոր սիրոյն, այսինքն՝ զայն ուրիշներուն փոխանցել:

«Պիտի նային անոր՝ զոր խոցեցին»: Պահ մը հաւատքով նային՛ք խոցուած Յիսուսի քողին: Անկէ հոսեցան «արիւն եւ ջուր» կ‏’ըսէ Աւետարանը (Յովհ. 19,34): Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրերը նկատեցին արիւնը եւ ջուրը որպէս խորհրդանիշները Մկրտութեան եւ Հաղորդութեան Սուրբ խորհուրդներուն: Արդարեւ, Մկրտութեամբ մեզի կը յայտնուի Աստուծոյ սէրը՝ որ մեղաւորի վիճակէն մեզ իր զաւակները դարձուց: Քառասնորդաց շրջանը մեր մկրտութեան յիշատակն է որուն ժամանակ մենք կանչուած ենք բացուելու վստահելի պատսպարանին, այսինքն՝ Հօր Աստուծոյ բարեգութ ողջագորումին, ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերանը: Այս ձեւով, կրնանք ապրիլ Քառասնորդաց շրջանը միացած սերտ կերպով Յիսուսին հետ, շարունակաբար ընդունելով Անոր սէրը եւ զայն սփռելով մեր շուրջ՝ մեր ամէն խօսքով եւ շարժումով, մանաւանդ անոնց որ ամենէն աւելի պէտք ունին Յիսուսի սէրը ճանչնալու, անոնք որոնք յուսալքումի եւ տխրութեան մէջ կ’ապրին: Այս ընելով, Քառասնորդաց շրջանը օգտակար եւ իմաստալից կերպով պիտի ապրինք:

Յիսուսէն վստահութիւն ա՛ռ, եւ զայն բաշխէ յուսախաբներուն եւ առանձնացածներուն,

Յիսուսէն առատաձեռնութիւն ա՛ռ, եւ զայն բաշխէ աղքատներուն եւ զրկուածներուն,

Յիսուսէն ժպիտ ա՛ռ, եւ զայն բաշխէ տխուր մանուկներուն եւ ծերերուն,

Յիսուսէն ողորմութիւն ա՛ռ, եւ զայն բաշխէ մեղաւորներուն եւ յանցնապարտներուն:

Յիսուսէն սէր ա՛ռ, եւ զայն բաշխէ բոլորին:

Եւ գանձ պիտի ունենաս երկինքին մէջ:

«Նայիլ խոցուած Յիսուսին», մեզ պիտի մղէ մեր սիրտը եւ մեր ձեռքերը լայն բանալու ուրիշներուն առջեւ,

մեզ պիտի մղէ պայքարելու ամէն տեսակ անարգանքի եւ նախատինքի դէմ, որ կը վիրաւորեն մարդկային արժանապատուութիւնը,

մեզ պիտի մղէ յատուկ կերպով սփոփելու ընկճուած եւ լքուած անձերը:

Քառասունքի շրջանը՝ քրիստոնեային համար, նոր փորձառութիւն մըն է Աստուծոյ սիրոյ հանդէպ, սէր մը որ մեր կարգին ամէն օր պարտինք փոխանցել ուրիշներուն, մանաւանդ ամենէն աւելի տառապողին: Այս ձեւով է որ պիտի կարենանք մասնակցիլ Սուրբ Զատկի ուրախութեան:

Ո՜վ Աստուածամայր, մեզ առաջնորդէ Քառասնորդաց շրջանին ընթացքին, որպէսզի ան ըլլայ մեզի համար ողջագորումի եւ միացումի շրջան մը Քրիստոսի սիրոյն:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, գալիք քառասուն օրերուն կը մաղթեմ ձեզի ապաշխարութեան եւ աղօթքի արդիւնաբեր ուղեւորութիւն մը, լի շնորհքներով եւ բարի գործերով: Ամէն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ