Կիրակի, 15 Մարտ 2015 - Ֆրանչիսկոս Պապը յայտարարեց 2016-ը Աստուծոյ Ողորմութեան տարին

 




Վատիկան

 

 

 

Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժինէն կը տեղեկանանք թէ ուրբաթ` 13 մարտ 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Պապի ընտրութեան երկրորդ տարեդարձին օրը, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, նոյն ինքն Քահանայապետին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ խոստովանանքի եւ ապաշխարութեան խորհուրդի կարգը, որով սկիզբ առաւ նաեւ ''Տիրոջ համար 24 ժամ աղօթք'' ձեռնարկը։ 
Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ խոստովանանքի խորհուրդի կարեւորութեան եւ ըսաւ թէ ան որոշած է «արտակարգ յոբելենական տարի մը յայտարարել, որուն կեդրոնը հանդիսանայ Աստուծոյ ողորմութիւնը։ ''Ողորմութեան Սուրբ Տարին'' որ պիտի ուզենք ապրիլ Տիրոջ հետեւեալ խօսքերուն լոյսին տակ ''գթած եղէ՛ք ինչպէս գթած է ձեր երկնաւոր Հայրը''»։ 
Այս տարին սկիզբ պիտի առնէ յառաջիկայ Անարատ Յղութեան տօնին օրը ու վերջ պիտի գտնէ 20 նոյեմբեր 2016-ին` Յիսուս Քրիստոս՝ Թագաւոր Տիեզերքի տօնին օրը։ 


 

Բնագիրը քաղուած է Ռատիովատիկանի կայքէջէն 

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ