Սիրելի եւ պատուական եղբայրներ ու քոյրեր,
Հաւատացեալ հայ կաթողիկէ ժողովուրդ,
Որ ի Սուրբ Քաղաքն Երուսաղէմ եւ ի Յորդանան.
Յետ ընդունելու Պատրիարքական Եքսարքի պաշտօնը, զոր Ամենապատիւ Հայ Կաթողիկէ կաթողիկոս պատրիարքը վստահեցաւ ինծի` նուաստիս, պարտք կը համարիմ ուղղելու ձեզի առաջին իմ այս հովուական պատգամս, Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան առթիւ, առ ի պատրաստութիւն պատշաճ կերպով ընդունելու մեր Փրկիչը, նոյն այն երկրին մէջ ուր ան ծնաւ ու ապրեցաւ, խաչուեցաւ, մեռաւ, յարութիւն առաւ եւ համբարձաւ առ Հայր։
Մեզի համար մեծ պատիւ է եւ օրհնութիւն` ապրիլ այսպիսի սուրբ եւ օրհնեալ հողի մը վրայ, հոն ուր մեր Տէրը ուղղեց իր պատգամը ժողովուրդին եւ ուր կերտուեցաւ քրիստոնէական առաջին Եկեղեցին։
Բազմահազար ուխտաւորներու այցելութիւնը դէպի Սուրբ Երկիր, աւելի կը շեշտաւորէ Եկեղեցւոյ ընդհանրականութիւնը, կը խրախուսէ մեզ հաւատքի մէջ եւ կու տայ մեզի լուսաւոր ու ջերմ ուրախութիւնը, որով կը բաժնենք բոլոր աշխարհի հաւատացեալներուն հետ` հրեշտակներու բերած աւետիսը. Ահա Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, Բեթղեհէմի մէջ։
Մեր եկեղեցիները զարդարուած են այսօր գեղազարդ մսուրներով, որոնք կը ներկայացնեն Յիսուսի գալուստը աշխարհ. Ամենէն աղքատիկ մսուրն անգամ կը ջերմացնէ մեր սրտերը եւ կը թարմացնէ մեր մկրտութեան ու դրոշմի անջինջ կնիքը, ներշնչելով մեր մէջ քրիստոնէութեան մեր պատկանելիութեան հպարտանքն ու ցնծութիւնը։
Ամէն անգամ որ մանուկ մը կը ծնի աշխարհի վրայ, տեղի կ՛ունենայ մեծ հրաշք մը. Մարմնաւոր եւ մահկանացու էակին որ ծնունդ կ՛առնէ ընտանիքին մէջ` կը միանայ Աստուծոյ կողմէ տրուած անմահ հոգին, որ կ՛ապահովէ նորածին էակին` յաւիտենական անմահութիւնը։
Յիսուսի ծնունդը մեծագոյն հրաշքն է մարդկութեան պատմութեան համար, որովհետեւ աստուածային հոգին կը միանայ մարդկային մարմնաւոր բնութեան. Աստուած ինքնին կու գայ մարդկութեան մէջ, ստանձնելով մարդկային բնութիւնն ամբողջութեամբ. Ահա այս անպատմելի հրաշքի տարեդարձն է որ կը տօնենք այսօր, միացած մարդկային բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն հետ, որովհետեւ մանուկը որ կը ծնի` կը բերէ համայն մարդկութեան փրկութեան աւետիսը։
Բարի լուրը զոր հրեշտակները կ՛աւետեն հովիւներուն ու, անոնց միջոցաւ` բոլոր մարդկութեան, համաշխարհային Փրկիչի մը ծնունդն է, այն որ պիտի քաւէ մարդկութեան գործած սկզբնական անհնազանդութիւնը Աստուծոյ Օրէնքին դէմ, այն որ պիտի վերընծայէ, անխտիր բոլոր մարդոց` կարելիութիւնը հասնելու մեզի համար նախապատրաստուած յաւիտենական երջանկութեան։
Նորածին մանուկը, Յիսուս, Որդին Աստուծոյ, սահմանուած է այս երկրի վրայ ապրելու դժուարին ու չարչարալից կեանք մը, որ պիտի պսակուի անարգ մահով մը, խաչափայտին վրայ, նման չարագործներու եւ իշխանութեան դէմ ըմբոստացողներու. Սակայն այս բոլորը յանձն պիտի առնէ հնազանդելով իր Հօր սուրբ կամքին եւ անոր նախագծած ծրագրին։ Այս պայմանով է որ ան ի վերջոյ պիտի փառաւորուի պանծալի յարութեամբ, որով պիտի ստանայ նոր եւ անմահ կեանք, զոր պիտի բաշխէ իրեն հետեւորդներուն։
Սուրբ Քաղաքի եւ Անդրյորդանանի բնակիչներ, ինչպէս նաեւ համայն աշխարհի քրիստոնեաներ, այսօր մանուկ Յիսուսը ձեզի պատգամներ կու տայ մսուրին մէջէն.
Առաջին պատգամն է խաղաղութիւնը. Խաղաղութիւն` ազգերու միջեւ, դադարումովը պատերազմներու եւ իշխանութեան տիրանալու պայքարներու, որուն համար աղօթքով հարկ է որ մասնակից ըլլանք. Խաղաղութիւն` ընտանիքներու միջեւ, ուր հարկ է որ ամբողջովին մեր ջանքը թափենք, դադրեցնելով մեր մէջ տիրող քինախնդրութիւնն ու ատելութիւնը. Խաղաղութիւն` ի վերջոյ մեր հարազատներու հետ, մեր ընտանիքին մէջ, իրարու աւելի սերտ ու սիրալիր միացումով։
Երկրորդ պատգամն է խոնարհութիւնը, որպէսզի կարենանք ընկճել մեր մէջ տիրող հպարտութիւնն ու ամբարտաւանութիւնը, որոնք յաճախ աղբիւրն են բոլոր չարիքներուն։
Երրորդ ու մեծագոյն պատգամն է սէրը, եղբայրսիրութեան հոգին, որով մեր անձն ու սիրտը պիտի դառնայ նման Քրիստոսի մեր գերագոյն վարդապետի սրտին, իրմէ պիտի սորվինք ըլլալ հեզ եւ խոնարհ սրտով, ներել մեզի դէմ յանցանք գործողներուն, հաշտուիլ մեր հակառակորդներուն հետ եւ տարածել սիրոյ իր պատգամը, խօսքով եւ օրինակով` մեր շուրջը։
Ասով պիտի ճանչնան մարդիկ թէ մենք քրիստոնեայ ենք, եթէ սիրենք իրար զիրար։
Ահա Սուրբ Ծննդեան պատգամը, որ ծրագիր մըն է ոչ միայն տարուայ մը, այլ ամբողջ կեանքի մը։
Աստուած հաստատ պահէ ձեզ ձեր հաւատքին մէջ, սիրով լեցնէ ձեր բոլորին սրտերը եւ միշտ վառ պահէ յոյսը յաւիտենական կեանքին. Ամէն։
Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Քէլէկեան
Երուսաղէմ եւ Յորդանանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ