Ուրբաթ, 20 Յունիս 2008 - Մեսրոպեանի Մանկապարտէզի Հանդէս

Պէյրութ, Լիբանան

 

Շաբաթ, 14 Յունիս 2008-ին Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ, աւելի քան 800 ներկաներու առջեւ մանկապարտէզին հրաժեշտի հանդէսով

 

ներկայացան Ծաղիկ դասարանի 78 աշակերտներ՝ Կոկոն դասարանցիներուն հետ միասնաբար:
Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Արաբերէն, ‎ֆրանսերէն եւ Հայերէն լեզուներով բացման խօսք կարդացին Ծաղիկ դասարանցիներ Կարինէ Ներսէսեանը, Յակոբ Աբարդեանը եւ Սեւան Գոճաօղլանեանը
Ապա վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստին խօսք առնելով  ըսաւ. «Մենք հպարտ ենք, որ այսօր այսպիսի գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը ճանապարհ կը դնենք դէպի ուսման երկար մայրուղին: Անոնք մանկապարտէզին մէջ զինուեցան հոգեւոր եւ հայեցի դաստիարակութեամբ, մանկապարտէզ ոտք դրին դողդոջուն քայլերով»: Պրն. տնօրէնը շնորհաւորեց մանկարապարտէզի մանկապարտիզպանուի՝ Տիկ. Մարիա Պէօճէքեանը, բոլոր ուսուցչուհիները իրենց «տարած աշխատանքի եւ թափած ճիգին համար», ապա հրաւիրեց բոլորը վայելելու երկար ու յոգնեցուցիչ աշխատանքէ յետոյ պատրաստուած գեղեցիկ հանդէսը:
Հանդէսին գեղարուեստական բաժինով Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացան յաջորդաբար խմբերգով եւ երեք պարերով, ապա բեմը տրամադրուեցաւ Կոկոն դասարանցիներուն, որոնք դարձեալ հանդէս եկան խմբերգով ու պարերով: Ապա հանդիսաւորութեամբ բեմ ելան շրջանաւարտները, որոնք կատարեցին զոյգ խմբերգներ, որմէ   ետք իր հայրական խօսքը փոխանցելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեանը: Անոր խօսքէն անմիջապէս յետոյ տեղի ունեցաւ վկայականներու տուուչութեան արարողութիւնը:

 

 

 



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ