Չորեքշաբթի, 20 Ապրիլ 2011 - Լիբանանահայ աշակերտութիւնը յարգանքի տուրք մատոյց Այնթուրայի նահատակ որբերու յիշատակին

 

Այնթուրա, Լիբանան

 

Կազմակերպութեամբ
Լիբանանի հայ առաքելական թեմի առաջնորդարանի եւ նախագահութեամբ՝ գերշ. Գեղամ արք. Խաչերեանի, երեքշաբթի, 19 ապրիլ 2011, կէսօրուայ ժամը 11-ին, 12 հայ վարժարաններ, շուրջ 800 հայ աշակերտներ իրենց տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմերուն հետ ժամանեցին Այնթուրայի սուրբ Յովսէփ վարժարան, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու 300 անմեղ հայ որբուկներու յիշատակին, որոնք նահատակուեցան եւ թաղուեցան այս վարժարանի բակին մէջ, 1915-1918 թուականներուն։ Այս ուխտագնացութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հայ կաթողիկէ 5 վարժարաններ (Մեսրոպեան, Սրբուհի Ագնէս, Գեւորգ Հարպոյեան, Հռիբսիմեանց եւ Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանները

Յայտագրին բարի գալուստի խօսք փոխանցեց Միսաք Քէլէշեան, որ ներկայ աշակերտներուն ներկայացուց պատմականը եւ հայ որբերուն կրած տառապանքները եւ թրքացումի փոռձերը օսմանցիներու կողմէ։

Իսկ օրուան պատգամը փոխանցեց գերշ. Խաչերեան արքեպիսկոպոսը ըսելով. «Այստեղի որբերը տառապեցան եւ պայքարեցան որպէսզի ապրին. անոնցմէ ոմանք դիմացան տառապանքներուն եւ ապրեցան, իսկ 300 որբուկներ չի դիմանալով մահացան։ Դու՛ք, որ տարեկիցներ էք այս որբերուն, այսօր եկած էք իրենց ըսելու՝ ձեր տառապանքներուն եւ պայքարին շնորհիւ է, որ մենք կ՛ապրինք որպէս հայ եւ քրիստոնեայ, ուրեմն ձեր պայքարը ի զուր չէր։ Դու՛ք պիտի շարունակէք իրենց պայքարը, միշտ խօսելով հայերէն, ապրելով որպէս քրիստոնեաներ եւ կրելով հայկական անուններ»։

Ապա սրբազան հայրը, որբերու գերեզմանոցին վրայ կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօնը, որմէ ետք իւրաքանչիւր դպրոցի աշակերտներ իրենց վարժարաններուն անուններով զետեղեցին ծաղկեպսակներ։

Ոգեկոչման աւարտին, երեք աշակերտներ ասմունքեցին եւ ամբողջ աշակերտութիւնը այցելեց որբերուն գերեզմանոցը, անոնց շիրիմին վրայ զետեղելով մոմեր ու վարդեր։    


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ