Պէյրութ
Ծէսը ինչպէս ամէնազգի քրիստոնեայի, առաւել եւս քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս ընդունած առաջին ժողովուրդին ինքնութեան բաղկացուցիչ հիմնական մէկ երեսը ըլլալով, ծիսակատարումը սովորամոլ արարողակարգ մը պէտք չէ թուի անոր։ Հայ հաւատացեալին համար ծիսական արարողութեան մը ներկայութիւնը կամ մասնակցութիւնը սովորամոլ պարտականութիւն մը պէտք չէ ըլլայ, այլ իր քրիստոնէական հաւատքը ապրելու, զայն վերանորոգելու, իր հոգեւոր կեանքը վերաշխուժացնելու առիթ մը եւ Լուսաւորչեան Հաւատքով ու Վարդանանց արեամբ շաղախուած իր արմատներուն հաւատարմութեան իր ուխտը վերանորոգելու հանդիսաւոր պահ մը։ Մեր ժողովուրդին մօտ այս գիտակցութիւնն ու ապրումը վերարծարծելու եւ Ծէսին ու ծիսակատարումին ճիշդ ընկալումով զայն առաջնորդելու նպատակով է որ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը 2014-ը հռչակեց Ծէսին նուիրուած Յոբելինական Տարի։ Յոբելինական՝ նկատի ունենալով որ յիսնամեակն է Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովին եւ Ծէսին վերաբերեալ «Sacrosanctum Concilium» խորագրեալ Սահմանադրութեան։ Տարի մը՝ որ պիտի նշանաւորուի Ծէսն ու ծիսակատարումը մեր ժողովուրդին աւելի ճանչցնելու, անոր նշանակութիւնը բացատրելու, անոր կեանքին մէջ Ծէսին ու ծիսակատարումին կարեւորութիւնը զգացնելու սահմանուած հանդիսութիւններով ու ձեռնարկներով, որոնք պիտի կազմակերպուին Պատրիարքութեան Ծիսական Յանձնախումբին կողմէ, գլխաւորութեամբ Արհի. հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեանի եւ մասնակցութեամբ հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեանի եւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի։
Այս տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք Ծէսին նուիրուած հանդիսութիւններուն ու ձեռնարկներուն հանդիսաւոր բացումը արժանավայել շուքով տեղի ունեցաւ Կիրակի, 26 յունուար 2014-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին։
Ինչպէս Արհի. Մանուէլ եպս. ըսաւ հանդիսութեան իր բացման խօսքին մէջ, «Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կարեւոր անկիւնադարձ մը եղաւ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովը, որու ընթացքին, 4 Դեկտեմբեր 1963-ին, լոյս տեսաւ շատ կարեւոր փաստաթուղթ մը, Sacrosanctum Concilium տիտղոսով, որու նիւթն էր պարզել ու ճշդել Ծէսին կարեւորութիւնը քրիստոնեայի կեանքին մէջ եւ վերանորոգումի անհրաժեշտութիւնը, նկատի առած մարդոց մտքին ու բարքերուն արագ յեղաշրջումը եւ անյետաձգելի կարիքը՝ Ծէսը նոր ժամանակներու պահանջներուն հետ պատշաճեցնելու»։ Գերապայծառը ըսաւ որ «յիշեալ վաւերաթուղթը կը ձգտէր աւելի ըմբռնելի եւ դիւրամատչելի դարձնելու իմաստն ու դերը ծիսակատարումին, յատկապէս սուրբ Պատարագի Զոհին եւ Խորհուրդներու մատակարարումին մէջ»։ Ան յայտնեց թէ Պատրիարքական Ծիսական Յանձնախումբին նպատակն է «մեր ժողովուրդին մօտ արթնցնել գիտակցութիւնն ու ճաշակը Ծէսին ու Ծիսակատարումին, որ պէտք չէ ըմբռնուի որպէս հոգիէ զուրկ ու մեքենայական սովորոյթ դարձած անհրապոյր ջերմեռանդութիւններու շարք մը, այլ ըլլայ մեր առօրեայ կեանքը թափանցող ու ներշնչող, եւ խորապէս զգացուած կարիք մը»։ Ան «հոգեւոր արշաւ մը» որակեց Ծէսին նուիրուած Տարուան հանդիսութիւններուն շարքը եւ ներկայացուց օրուան երկու բանախօսները՝ գերյ. հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան եւ գեր. հայր Եուհաննա վ. Թապէթ, որոնք ծիսագիտութեան հմուտ մասնագէտներ են։
Հայր Կռանեան իր ելոյթը սկսաւ բացատրելով Ծէսին ու Ծիսակատարումին իմաստը սկսեալ մարդկութեան գոյութեան առաջին իսկ օրերէն։ Այնուհետեւ ան անդրադարձաւ Քրիստոնեայ Ծէսին կամ Ծիսակատարումին ըսելով որ «Ծէսը կամ քրիստոնեայ պաշտամունքը Աստուած բաժնեկից կը դարձնէ քրիստոնեայ մարդուն կեանքին յաջորդական հանգրուաններուն, յատկապէս Եկեղեցւոյ եօթը Խորհուրդներուն ընդմէջէն»։ Բացատրելէ ետք Ծիսական Աղօթքին եւ Ծիսական կեանքին նշանակութիւնը ու կարեւորութիւնը, Հայր Կռանեան վեր առաւ Հայ Ծէսին կարեւորութիւնը։ «Հայ Ծէսը - ըսաւ ան - մեր Հայրերուն կողմէ գուրգուրանքով մշակուած է, ապա դարերու ընթացքին՝ հետզհետէ զարգացած է։ Հայ Ազգը երբ 301-ին քրիստոնեայ դարձաւ, հայ ծէսի մը պահանջքը զգաց իր Քրիստոսը հայա՛բար պաշտելու համար…։ Մեր Ծիսական Աղօթքները թանկագին են մեզի համար նաեւ որովհետեւ անոնք մեզ կերպով մը կը միացնեն մեր մեծանուն Հայրապետներուն եւ ինչու՞ չէ նաեւ Վարդանանց, որոնք 451-ին՝ Աւարայրի երեկոյին, նահատակուելէ առաջ… մեր նո՛յն Սբ. Պատարագը նո՛յն բառերով մատուցին Աստուծայ…։
«Հայ Ծէսը եթէ լեզու առնէր ու պատմէր թէ ինք ի՛նչքան սու՛ղ արժած է մեր ազգին համար, մենք աւելի գուրգուրանքով ու եռանդով պիտի գայինք մասնակցելու մեր եկեղեցական կիրակնօրեայ եւ այլ ծիսակատարութիւններուն ու արարողութիւններուն։
«Մենք՝ փառաւոր անցեալի մը ժառանգորդներս՝ մե՛նք ալ մեր Ծէսը վերապրինք այն նո՛յն հոգիով, որով ան կազմուեցաւ ու պահպանուեցաւ դարերու ընթացքին, ի հեճուկս մեր Ազգին ու Եկեղեցիին կրած բազմապիսի Աւարայրներուն, հալածանքներուն, տեղահանութեան ու ցեղասպանութեան…»։
Այնուհետեւ, հայր Եուհաննա վ. Թապէթ, որ հիմնադիրն է Քասլիքի Համալսարանի Ծիսագիտութեան Կաճառին, խօսեցաւ (արաբերէն) հաւատացեալի կեանքին մէջ Ծէսի կարեւորութեան մասին։
Նախքան ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եզրափակիչ Օրհնութեան խօսքը, Sacrasanctum Concilum-էն հատուածներ ընթերցեցին Տիկին Սարմէ Մինասեան եւ Պր. Ապպուտ Պօղոս (արաբերէն) եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական իւրայահուկ յայտագիր մը կատարողութեամբ Կռունկ Պատրիարքական Երգչախումբին (ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուար Թորիկեանի), Զմմառեան Դպրեվանքի սաներուն, սրինգահար Անժէլա Նիւրբեթլեանի (երգեհոն՝ Ժան-Բիէր Աստիկեան), Յովիկ Գոզեանի եւ Միրէյ Քիւթիւկճեանի (երգեհոն՝ Ժան Բիէր Աստիկեան, ջութակ՝ Ռիթա Աստիկեան)։ Հոգեպարար շարականներու գունագեղ փունջ մըն էր գեղարուեստական յայտագիրը։
Հուսկ Հոգեւոր Տէրը եզրափակեց տպաւորիչ հանդիսութիւնը իր օրհնութեան խօսքով, ուր ըսաւ յատկապէս.-
Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովի հոգեխօս Ծէսին Սահմանադրութեան յիսնամեակին առիթով, Ծիսական Պատրիարքական Յանձնախումբը՝ մեծապէս կարեւոր նկատեց վերարծարծել մեր կղերին եւ մեր հաւատացեալներուն կեանքին մէջ ծիսակատարումներուն հոգեշահ ապրումը: Արդարեւ, ծիսական արարողութիւնները մեր հաւատքին արտայայտութիւնը պէտք է ըլլան եւ անոնց մասնակցելով՝ պէտք է որ մեր կեանքի վկայութեամբ արտայայտենք զանոնք Քրիստոսին նմանելով՝ ամէն մարդ սիրելով եւ անկեղծ նուիրումով:
Սուրբ Պատարագը, սուրբ խորհուրդները, եւ այլ արարողութիւնները որոնց կը մասնակցինք՝ լոկ պարտաւորութիւններ պէտք չէ ըլլան: Եթէ ոչ, ապարդիւն պիտի մնան, եթէ ամէն աղօթքէն ետք չենք փոխուիր մեր ապրելակերպին մէջ, մեր առօրեայ փոխ-յարաբերութիւններուն մէջ ուրիշներուն հետ, եւ մանաւանդ՝ մեր մօտեցումին մէջ Յիսուսին՝ անոր կեանքին ու չարչարանքներուն, յատուկէն՝ անոր սիրոյ եւ ներումի ոգիին:
Հինգերորդ դարու մեծ Հայրապետը՝ Սուրբ Յովնան Մանդակունի այսպէս կ'արտայայտուի. Ճշմարիտ հաւատքով կ'իմանանք թէ Քրիստոս ներկայ է խորանին վրայ: Իրեն կը մերձենանք, զինք կը տեսնենք, զինք կը շօշափենք, զինք կը համբուրենք եւ զինք կ'ընդունինք մեր մէջե: մեր Հայրապետին սրբալոյս այս խօսքերը մեզմէ ո՞վ կրնայ համոզումով կրկնել, եւ մենք ո՞րքանով զանոնք կ'ապրինք, ամէն անգամ որ սուրբ պատարագին կամ այլ արարողութեան մը կը մասնակցինք:
Հին ասացուածք մը կ'ըսէ. Օրէնք աղօթից, օրէնք հաւատալեաց: Այս խօսքին իմաստը սա է. աղօթքը կապուած է հաւատքին: Առանց հաւատքի, ծիսակատարութիւնը կը վերածուի լոկ եկեղեցական պարտականութեան կամ աւանդական սովորութեան,
Մեր ըմբռնումը աղօթքին մասին, որպէս հարկաւոր սնունդ մեր առօրեայ կեանքին համար, դժբախտաբար նսեմացած է: Կենսական կապ չենք գտներ այլեւս աղօթքին եւ մեր ամէն օրուայ ապրումին միջեւ:
Մեր մարմինը առողջ պահելու համար, անոր սնունդ կու տանք ամէն օր: Եթէ ոչ, մեր առողջութիւնը կը տկարանայ եւ կը հիւանդանանք:
Նոյնն է մեր հոգեւոր կեանքին համար, որպէսզի երջանիկ ըլլանք պէտք ունինք ամէն օր հոգեւոր յատուկ սնունդի, ճիշդ այնպէս ինչպէս կ'ընենք մեր մարմնին համար: Այն ժամանակ, պիտի զգանք որ Աստուած ներկայ է մեր կեանքին մէջ որպէս հայր, Յիսուս՝ որպէս մեծ եւ սիրելի եղբայր, եւ բոլոր մարդիկ մեզի հետ միասին Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի կազմեն աշխարհի վրայ: