Երկուշաբթի, 9 Յուլիս 2012 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Աստուած Կը Սիրէ՞ Չարերը…

 

Սիրելի՛ ընթերցող, «Որոմին առակը» Յիսուս Քրիստոսի` մեր Աստուածային Վարդապետին առակներուն ամենադժուար ըմբռնելիներէն մին է, զոր Նոր Կտակարանին միայն առաջին աւետարանիչը` Ս. Մատթէոս առաքեալը կը փոխանցէ մեզի (Մտթ. 13, 24-30):
Կիրակնօրեայ Ս. պատարագին աւետարանն է, որ ներկայ ժամուորներուն փորձեց հասկցնել որոշ ճշմարտութիւններ` այնքան դասատու մեր առօրեային համար: Կը խնդրեմ, որ բանաս Աստուածաշունչդ եւ կարդաս այս հատուածը:
Թէ` Աստուծոյ խօսքը կենսաբաշխ եւ շնորհատու է: Թէ` Տիրոջ ծանօթացումին մէջ մնալ փորձողը միշտ կը զգայ ինքզինքը հանգիստ ու խաղաղ: Թէ` Յիսուսը ճանչցողը կը ճանչնայ ինքզինքը: Թէ` Քրիստոսը գտնողը կը գտնէ ինքզինքը:
Ա՛յս է մեծագոյն իմաստութիւնը, երջանկութիւնը: Ա՛յս է մշտատեւ գոհունակութիւնը, անդորրութիւնը: Այս հեռանկարով` յարմար դատեցի գրել «Որոմին առակին» մասին: Այժմէական է նիւթը, ինչպէս Յիսուսի բոլոր առակներն ու խօսքերը կը մնան մի՛շտ ժամանակակից, յա՜ր արդիական:
«Որոմին առակին» մէջ Քրիստոս շեշտը դրած է այն երկրաւոր ժամանակամիջոցին վրայ, որ կ՛երկարի ցանքին եւ հունձքին միջեւ: Ասոր ընթացքին, բնականաբար, Աստուծոյ թոյլտուութեամբ, որմերը` չարե՛րը պիտի խառնուին ցորեններուն` բարիներո՛ւն: Անոնց  բաժանումը տեղի պիտի ունենայ հունձքին ատեն` Վերջին դատաստանին օրը:
«Ցանք-հունձք»-ին երկարութիւնը, որ խորքին մէջ շատ կարճատեւ է, քանի շատ վաղանցուկ է, Աստուծոյ` Դատաւորին երկայնմտութեան շրջանն է:
Խառնուրդէն մինչեւ զատումը, Տիրոջ համբերութեան ժամանակամիջոցին մէջ, որ մարդերուս փրկութեան շրջանն է, մեր խղճամիտ ուշադրութեան եւ անյապաղ գործադրութեան ամէնէն կարեւոր կէտերը կը համադրեմ հինգ մասերուն մէջ:
Առաջին` «Որոմին առակին» եղբայրսիրական նշումն է, որ չմերժե՛նք մեղաւորները եւ չկռուի՛նք չարերուն հետ, այլ սիրե՛նք զանոնք ու հաշտուի՛նք անոնց հետ:
Սակայն մերժե՛նք մեղքն ու չարը: Կռուի՛նք մեղքին ու չարին դէմ` գործով, խօսքով, տառով եւ աղօթքով: Կեդրոնանա՛նք մեղաւորներուն մէջ եղած լաւ յատկութիւններուն վրայ:
Առաւել, բարիք ընե՛նք` իբրեւ պատասխան չարիքին: Չդատե՛նք եւ չդատապարտե՛նք, այսինքն չբաժնե՛նք ու չզատե՛նք բարիները չարերէն:
Երկրորդ` «Որոմին առակին» դաստիարակող շարժառիթն է, որ դաստիարակե՛նք մեր հաւատքը մեղաւորներու հաղորդակցութեան մէջ եւ ո՛չ` դատապարտումին մէջ:
Կրթե՛նք մեր վարուելակերպը մեզի պէս չմտածող ու չապրող անձերուն նկատմամբ: Աշխատի՛նք լաւը եւ գործե՛նք բարին, որ ընտիր ցորենն է, ճշմարտութիւնը:
Երրորդ` «Որոմին առակին» հոգեխօսական յենակէտն է, որ անհետացնե՛նք մեր դիտումը` դատելու, եւ ջնջե՛նք մեր ունակութիւնը` դատապարտելու:
Զօրացնե՛նք մեր հակումը` յստակ տեսնելու, եւ զարգացնե՛նք մեր կարողութիւնը` լաւ խօսելու: Ամրացնե՛նք մեր միտումը` արդարացնելու, եւ աւելցնե՛նք մեր ուժը` ներելու:
Չորրորդ` «Որոմին առակին» կրթիչ դիտաւորութիւնն է, որ մեզմէ ազատագրուիլ կարենալու համար, անհրաժեշտ է նախ ներում ընդունինք եւ թողութիւն ստանանք ուրիշէն: Ուշադրութի՛ւն. այդ մէկը կրնայ ըլլալ մարդը: Կրնայ ըլլալ Յիսուս Քրիստոս:
Ուստի, չդատե՛նք Աստուծոյ տեղ: Մարդ Յիսուսի պէս` Աստուծոյ ձգե՛նք դատ-դատաստանը: Համոզուի՛նք, որ հոս Աստուծոյ օգնական, օգտակար եւ խորհրդատու ըլլալու հարկ չկայ…: Տէրը ո՛չ վախկոտ է, ո՛չ ալ անգէտ է:
Հինգերորդ` «Որոմին առակին» հոգեբուժական տարողութիւնն է, որ մենք գիտակցինք, թէ Աստուած, որ համբերող է, լռասէր է, ամենատես է, ամենարդար է, ամենակարող է, ամենագէտ է եւ ամենասուրբ է, պէտք չունի մեր անհամբերութեան ու դատ-դատաստանին, թելադրանքին, զգուշացումին եւ կարծիքին…
Այս հինգ կէտերուն իրագործումով մենք պիտի համոզուինք, թէ իր դերը ունէր, ունի, պիտի
ունենայ «որոմը», որուն առկայութեան, ուստի, պէտք է հաւատանք, աղօթենք, սիրենք եւ միասնաբար յարատեւենք լաւին մէջ ու բարիին համար:
Ուրիշ լուծում չունինք: Ուրիշ ընթացք չէ գծուած մեր առջեւ ու մեզի համար: Ա՛յս է կամքը Տիրոջ, որ մեզմէ քիչ մը աւելի խելացի է… Ա՛յս է նաեւ մեր ազատութեան թելադրուած գործելաձեւն ու վարուելակերպը:
Առաւել, պէտք է ունենանք խոր համոզումը, թէ Աստուծոյ աշխատանքը կը շարունակուի եւ կ՛ընթանայ խօսքով ու գործով, որպէսզի աւելի լաւ դարձնէ բարիներն ու չարերը:
Առաւել, երբեք պէտք չէ մոռնանք, թէ Աստուած կը սիրէ մեղաւորները, նոյնիսկ` չարերը, որոնց դարձին ու վերադարձին կը սպասէ իր ամբողջ հայրութեամբ:
Առաւել, միշտ ընթանալու ենք մեր Երկնաւոր Հօր այս ճիշդ ուղեգիծը սիրոյ, բարութեան, գթասրտութեան, համբերութեան ու ներումի…
Միայն այս գործնական եւ ամէնօրեայ «դիւանագիտութեամբ», որ «ի վերուստ» է, պիտի յաղթանակէ եղբայրսիրութիւնը, պիտի յառաջանայ սրբութիւնը եւ պիտի փայլատակէ յարութիւնը:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 2 յուլիս 2012

   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ