Ուրբաթ, 20 Ապրիլ 2012 - Ընկերային Հաղորդամիջոցներու սեմինարի հայ կաթողիկէ մասնակիցները այցելեցին Զմմառու վանք


Զմմառ

Չորեքշաբթի 18 Ապրիլ 2012-ին կէսօրուայ ժամը 2-ին, Զմմառու վանք այցելեցին արհիապատիւ գերապայծառ Տիարք՝ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, Պետրոս արք. Միրիաթեան, Օգոստինոս եպս. Գուսան, Րաֆայէլ արք. Մինասեան, Յովսէփ թ.ծ.վ. Քէլէկեան, Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Տիար Րոպէր Աթարեան, որոնք կը մասնակցին Ընկերային Հաղորդամիջոցներու սեմինարին՝ «Հաղորդակցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, որպէս միջոց աւետարանացումի, երկխօսութեան եւ խաղաղութեան» տիտղոսով սեմինար մը, որ այժմ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի մէջ ապրիլ 17-էն 20: Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն համար գումարուելիք այս առաջին սեմինարին նպատակն է օգնել խորհրդակցութեան եւ կազմաւորման նոր հեռանկարներու բացումին այս աշխարհագրական շրջանի Եկեղեցիներուն առջեւ, թուային դարաշրջանին եւ հաղորդամիջոցներու մարտահրաւէրներուն դիմաց: Այս առթիւ իմացանք որ մեր շատ սիրելի և վաստակաշատ հայր Յովսէփ Քէլէկեանի ծննդեան տարեդարձն էր, ուստի փոքրիկ կարկանդակով մը տօնեցինք իր տարեդարձը մաղթելով իրեն քաջառողջութիւն և բեղուն բեղուն առաքելութիւն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ