Շաբաթ, 27 Յունիս 2009 - Հարպոյեան Վարժարանի տարեշրջանի աւարտ

 

 

Լիբանան

 

 

          Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան Բարձր. Վարժարանի Կրթական տարեշրջանի հունձքի աւարտ:

          Ինչպէս որ մշակին համար հաճոյք է խնամած ցանքին արդիւնքը տեսնել, այնպէս ալ կրթական մշակներն ու ծնողները իրենց աշխատանքին արգասիքը տեսնելու արժանի են հանդիսաւոր արարողութեամբ մը, որուն դերակատարները կը հանդիսանան մանկապարտէզի իրենց երախաները:

          Արդարեւ, Շաբաթ, 20 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 6:30ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Պետողլեան սրահին մէջ, իրենց ներկայութեամբ հանդէսը պատուած Զմմառու Մեծաւոր՝ Գերյարգելի Հայր Միքայէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան,   Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ ԾՎ Կռանեան, հանդիսութիւնը հովանաւորող՝ Տիկ. Թալին Վանլեան Եաւէրեան, Տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, ծնողներ ու հարազատներ, որոնց  ներկայութեամբ 23 աշակերտ−աշակերտուհիներ վկայականները ստացան :

          Այս տարի, հանդէսը լոկ ծաղիկի վկայականաց հանդէս չէր, այլ միացեալ, որուն դերակատարներն էին մանկապարտէզի բաժնի բոլոր աշակերտները:

          Ծաղիկ դասարանի դէպի բեմահարթակ հանդիսաւոր մուտքէն ետք, իւրաքաքնչիւր աշակերտ իր անուան հետ առընչուած քառեակ մը արտասանելով, բեմին վրայ իր տեղը կը գրաւէ, որմէ ետք խումբ առ խումբ կ՛արտասանեն իրենց սրտի խօսքերը մերթ հայերէնով, մերթ արաբերէնով եւ մերթ ալ անգլերէնով: Փոքրիկները գոյնզգոյն տարազներով բեմ դուրս կու գան ուրախ, գեղեցիկ տարազներով ու մայրենի թոթովանքով կը յայտնեն երախտագիտական խօսքեր Տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ապա ծնողներուն:

          Ծաղիկ դասարանի աշակերտներու կողմէ եղան հրաժեշտի արտասանութիւններ ուղղուած մանկապարտէզին, ուր մի քանի տարի առաջ բողբոջ  էին եւ այսօր ծաղիկ, պատրաստ ստանալու իրենց անդրանիկ վկայականը, որպէս ուսման առաջին հանգրուանի աւարտ: Բեմ կը հրաւիրուի Տնօրէնուհին, փոխանցելու համար իր կրթական խօսքը, որուն մէջ ան բարձր կը գնահատէ Հայ կաթողիկէ վարժարանին հայեցի դաստիարակութեան դերը եւ ապա անոր վսեմ առաքելութիւնը՝ կրթականին կողքին,քրիստոնէական կրթութեան ջամբումը:

 Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան շնորհաւորելէ ետք ծնողներն ու ուսուցչական կազմը, երախաներուն կը մաղթէ յաջող ընթացք իրենց յառաջիկայ ուսումնական տարիներուն, թելադրելով որ միշտ վառ պահեն Մեսրոպեան Այբուբենը: Ապա ան բեմ կը հրաւիրէ Մեծաւորը՝ Տէր Միքայէլ Մուրատեանն ու  Տիկ. Եաւէրեանը որոնց ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխման արարողութիւնը:

 

          Զմմառու Մեծաւորը շնորհաւորելէ ետք ծնողները իրենց հոգեհատորներուն անդրանիկ վկայականը, ան իր կարգին կը փոխանցէ օրուան պատգամը, մէջբերելով Յիսուսի խօսքերէն, «Մանուկ կը դառնամ մանուկ հոգիներու հետ. վասնզի անոնցմէ աւելի անմեղն ու մաքուրը չկայ»: Հայր Միքայէլ յատուկ կերպով գնահատեց ուսուցչական կազմը բծախնդրօրէն պատրաստած սոյն հանդիսութեան համար, որու ընթացքին կը պատրաստուէր վաղուան «գիտունիկ հայը»:

 

          Մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Լենա Տէրտէրեան ներկաներուն կը փոխանցէ օրուան յայտագրի միտք բանին՝ «Սփիւռքի գաղութներու կազմումն ու այսօրը» եւ ան կը  զուգադիպեցնէ «հայրերու օրուան», որուն համար բեմ կը  հրաւիրէ նաեւ մանկապարտէզի երաժշտութեան ուսուցչուհի Տիկ Սոնիկ Բամպուքեան, մեկնաբանելու համար «հայրերու» նուիրուած երկու երգ:

          Յաջորդական հերթականութեամբ կը սկսի  յայտագրի գործադրումը: Հանդէսի գլխաւոր առանցքը կը կայանայ «Հայեր Սփիւռքի տարածքին» թեման: Այս կը բնորոշուի նաեւ իւրայատուկ բեմայարդարումով, ուր կը ներկայացուի Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու խորհրդանիշները:

 

          Հուսկ ապա, սկիզբ առաւ փոքրիկներու խայտաբղէտ գեղարուեստական յայտագիրը, որու ընթացքին անոնք իրենց անթերի պարերով եւ անմեղ շրթներով հպարտ, խրոխտ ու բարձրաձայն հնչեցուցին հայու հոգիով լեցուած, հայու փառապանծ էջերը: Բոլոր պարերն ալ կը կատարուէին աշխոյժ եւ խանդավառ շարժումներով եւ հայկական գեղեցիկ տարազներով: Անոնք բեմական արտասանութիւններով ներկայացուցին Սփիւռքի զանազան գաղութները սկսելով Մեծ Եղեռնէն, Տէր Զօրեան կարաւաններէն, Սուրիոյ հիւրընկալ վայրերէն ու հասնելով ասպնջական Լիբանան, պանծացուցին անոր մշակութային վերելքը, երբ լիբանանցի արուեստագէտ Ղասսան Ռահպանիի «Մենք Հոս Կապրինք» երգին շունչին տակ, նոյնինքն երգիչին մասնակցութեամբ, անոնք ներկայացուցին գեղեցիկ խմբերգը: Փոքրիկները անցնելով եւրոպական գաղութներ, Յունաստան, Ֆրանսա, Անգլիա եւ ապա Ամերիկեան ցամաքներ, անոնք հրամցուցին զանազան պարեր, արտասանութիւններ եւ երգեր:

         

Սփիւռքի մէջ սակայն հայը ուր որ ալ թափառեցաւ, որ երկնակամարի տակ ալ ծուարեցաւ, իր հայրենիքը երբեք չմոռցաւ: Հետեւաբար Գ. Հարպոյեանի մանկապարտէզի աշակերտները այդ օր պանծացուցին հզօր Հայաստանը, սիրեցին անոր եռագոյնը, հպարտօրէն ծածանեցուցին զայն իրենց բեմէն խլելով ողջ ներկաներուն ծափահարութիւնները: Այդ օր, այդ պահուն անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ յաւերժօրէն դրոշմուեցաւ հայրենիքի հզօրութիւնը եւ անոնք յաղթականօրէն բեմին վրայ ժայթքեցուցին հայրենիքի արեւը, որուն ճառագայթները շողշողացուցին բոլորին հոգիները եւ ապա «Հզօր Հայաստան» խմբերգով եզրակացուցին օրուան հանդիսութիւնը:

          Բարի գործ  մը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ եւ նորանոր յաջողութիւններ ունենալու ակնկալութեամբ, բարի երթ կը մաղթենք մեր անուշիկ ծաղիկ դասարանի աւարտականներուն, մանկապարտէզի ժրաջան ուսուցչական կազմին եւ մանկապարտիզպանուհիին:

 

 

 

 

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ