Շաբաթ, 5 Փետրուար 2011 - Սուրբ Վլաս հայրապետին տօնին առթիւ սուրբ Պատարագ Հռոմի մէջ

 

Հռոմ

 

Հինգշաբթի 3 Փետրուար 2010-ին սուրբ Վլաս Սեբաստիոյ հայրապետին տօնին առթիւ, Հռոմի Վիա Ճուլիա գտնուող սուրբին անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ  ձայնաւոր սուրբ Պատարագ մատուցուեցան  ժամը 8-էն  մինչեւ 12-ը.  իսկ հայածէս ձայնաւոր սուրբ Պատարագը ժամը 17-ին, զոր մատոյց գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. վ. Նորատունկեան մեծաւորը Լեւոնեան ք. հայ վարժարանին, ներկայութեամբ նաեւ՝ գերապայծառ Մաուրիցիօ Մալվեսթիթի ենթաքարտուղարը արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովին։

Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեցին Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու ու Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորաց երգչախումբը։

Ամբողջ օրը իտալացի եւ հայ հաւատացեալներ եկեղեցի փութացին թէ ներկայ ըլլալու սուրբ Պատարագներուն եւ թէ իրենց կոկորդը սուրբ Իւղով օրհնել տալու համար. այս առթիւ (ըստ Հռոմէական սովորութեան) նաեւ կը բաշխուի օրհնուած հաց։  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ