Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2011 - Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի վերամուտի ընդհանուր ժողովը


Պուրճ Համուտ

15 Սեպտեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 9։00-ին, հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը հաւաքուած էին սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի եւ փոխ ժողովրդապետ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով ողջոյնի խօսքերէն յետոյ, ինչպէս նաեւ վարժարանիս կրօնագիտութեան ուսուցչուհի՝ տիկ. Սալբի Քէշիշեանի ընթերցումէն յետոյ, միասնական աղօթքով բացումը կատարուեցաւ նոր ուսումնական տարեշրջանին։
Այնուհետեւ ներկաները տեղափոխուեցան վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարան, գումարելու համար վերամուտի ընդհանուր ժողովը։
2011-2012 տարեշրջանի բացումը կատարուեցաւ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պր. Կրէկուար Գալուստի ելոյթով։ Պր. տնօրէնը ամառնային արձակուրդէն յետոյ, բարի վերադարձ մաղթեց բոլորին։ Ան իր զեկոյցին մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ նոր ուսումնական տարուան նորութիւններուն՝ անձնակազմային փոփոխութիւններուն։ Պր. Կրէկուար Գալուստ ջերմօրէն ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Մեսրոպեանի ընտանիքին միացած մասնագէտ բուժքրոջ, յանձինս տիկ. Սօսի Ներսէսեանի եւ վարժարանի նոր հոգեբանին՝ Տիկ. Ռոզին Մուղալեանին։
Ան նաեւ մանրամասնեց շարք մը փոփոխութիւններ, անձնակազմին մաս կազմող շարք մը անդամներու աշխատանքային պարտականութիւններու հետ առընչուող։
Պր. Գալուստ յատուկօրէն անդրադարձաւ վարժարանի լիբանանեան պաքալորէայի պետական քննութիւններուն արձանագրած գոհացուցիչ արդիւնքներուն, որուն համար յատկապէս շնորհաւորեց երկրորդական բաժինի ուսուցչական կազմի անդամները։
Նորութիւններու շարքին ան ուշադրութեան յանձնեց, որ նկատի ունենալով Մեսրոպեան մանկամսուրի հանդէպ գոյութիւն ունեցող հետաքրքրութիւնն ու մեծ պահանջարկը, այս տարուընէ սկսեալ պիտի գործէ մանկամսուրի նոր՝ չորրորդ դասարանը։
Պր. Կրէկուար Գալուստ, աւարտելով իր խօսքը, բոլոր ներկաներուն մաղթեց բարի եւ բեղուն ուսումնական աշխատանքային տարի մը։ Այնուհետեւ ան խօսքը փոխանցեց Լիբանանեան e-shcool ընկերութեան պատասխանատուներէն պր. Մահտի Ղորայպիի, որ մանրամասնօրէն խօսեցաւ ընկերութեան կատարելիք աշխատանքներուն մասին՝ առընչուած Մեսրոպեան վարժարանին հետ, մեր աշակերտութեան արդի սերունդներուն հետ աշխատանքը բացարձակ օգտաշատ կազմակերպելու համար։
Պր. Ղորայպիի հակիրճ խօսքէն յետոյ վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը յիշատակի նկար մը նկարուեցան դպրոցի շրջափակին մէջ, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն։

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ