Լիբանան
Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ 2009-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00ին, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին ձեռամբ կատարուեցաւ Ոտնլուայի հոգեպարար արարողութիւնը: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Յիսուսի 12 աշակերտները խորհրդանշող 12 երեխաներու ոտքերը լուալէ ետք փոխանցեց իր պատգամը.
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Այսօր՝ Աւագ Հինգշաբթի օրը, վերջ կ’առնէ Աւագ Շաբթուայ պահքը Ոտնլուայի արարողութեամբ: Այս սուրբ Պատարագով կը սկսի Զատկուայ
Եռօրեան, որ կը պսակուի Ս. Յարութեան երեկոյեան ժամերգութեամբ: Պատարագէն ետք, Ս. Հաղորդութիւնը կը դրուի յատուկէն պատրաստուած տապանակին մէջ: Այս աւանդութիւնը կը համապատասխանէ հինաւուրց ժողովրդային բարեպաշտութեան, որ կը հրաւիրէ հաւատացեալները լռակեաց եւ երկարատեւ երկրպագութիւն ընելու ամենասուրբ Հաղորդութեան առջեւ:
Ս. Յովհաննէս աւետարանիչը կը պատմէ թէ Յիսուս լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը, որպէսզի զիրենք արժանի ընէ մասնակցելու իր վերջին ընթրիքին: Հրեական մաքրութեան արարողութեան տեղ՝ որ մարդը արտաքինէն միայն կը մաքրէր եւ ոչ հոգին, Յիսուս լուացումին նոր իմաստ մը կու տայ՝ առաքեալներուն հոգին կը մաքրէ իր խօսքովը: Իրենց կ’ըսէ. «Դուք արդէն մաքուր էք, խօսքին համար զոր ձեզի խօսեցայ» (Յովհ. 15,3):
Յիսուս կը փափաքի մեզ ալ մաքրել, եւ ամէն ատեն, իր աստուածային խօսքովը: Այո՛, եթէ վարժութիւնը առնենք Ս. Աւետարանը ամէն օր կարդալու եւ անոր խօսքերը ընդունելու հաւատքի հոգիով եւ աղօթքի տրամադրութեամբ, այս խօսքերը կարողութիւն ունին մեր հոգին մաքրելու, եւ եթէ հարկ է՝ մեզ առաջնորդելու Ապաշխարութեան Ս. խորհուրդին, քանի մենք ամէն օր կ’աղտոտենք մեր հոգին պարապ խօսքերով, յանդուգն դատողութիւններով եւ սուտեր պատմելով: Այս յանցանքները կը թափանցեն ինքնաբերաբար մեր ներքին կեանքը եւ կ’արատաւորեն մեր հոգին: Անոնք մեզ անկարող կը դարձնեն բարիք ընելու եւ ուրիշներուն ներելու, եւ մեզ անձնասիրութեան եւ հպարտութեան կը տանին: Բայց երբ Յիսուսին խօսքը հաւատքով ընդունինք, ան մեր հոգին կը մաքրէ եւ մեզ արժանի կ’ընէ մասնակցելու Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդին:
Աւետարանին մէջ կը կարդանք որ Յիսուսի խոցուած կողէն հոսեցան արիւն եւ ջուր (տես Յովհ. 19,34): Ուստի, Յիսուս ոչ միայն իր խօսքը տուաւ մեզի, այլ նաեւ մեզի համար ինքզինք ընծայեց մինչեւ վերջ, մինչեւ Խաչին մահը: Յիսուսին խօսքը ուրեմն պարզ խօսք մը չէ, այլ կեանք է հաւատացեալներուն համար: Ջուրը՝ մկրտութեան խորհրդանիշն է, իսկ արիւնը՝ Ս. Հաղորդութեան խորհրդանիշը:
Ոտնլուայի աւետարանը երկու հանգրուաններ կը պարունակէ: Առաջին հերթին, Յիսուս կը կատարէ ոտնլուայի պաշտօնը, որ ըստ ինքեան ծառաներուն վիճակուած էր: Երկրորդ՝ Յիսուս յատուկէն մեզմէ կը խնդրէ որ մենք նոյնը ընենք: Ուստի, Յիսուսին ըրածը մեզի օրինակ կը դառնայ, որպէսզի մենք ալ, մեր կարգին, ուրիշներուն ոտքերը լուանք, այսինքն՝ մենքզմեզ տրամադրենք խոնարհ գործեր կատարելու եւ ուրիշներուն ծառայելու, բոլորին եւ ոչ միայն մեզի հաճելի անձերուն: Յիսուս կ’ըսէ. «Կը հասկնա՞ք ինչ որ ըրի ձեզի: Վարդապետ եւ Տէր կը կոչէք զիս եւ լաւ կ’ընէք, որովհետեւ այդպէս ալ եմ: Ուրեմն եթէ ես Տէրս եւ Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, դուք ալ պարտիք իրարու ոտքերը լուալ: Օրինակ մը տուի ձեզի, որ ինչ որ ես ըրի ձեզի՝ դուք ալ նոյնը ընէք իրարու» (Յովհ. 13, 12-15):
Եթէ Յիսուսին հնազանդինք, մենք Աստուծոյ բարեգթութեան դիմաց, որ ամէն ատեն եւ առանց պայմանի, մեզի իր ներում կը շնորհէ,
|
կրաւորական դիրք բռնած չենք ըլլար: Խորհեցէք որ Յիսուս մեզի շնորհք կ’ընէ իրեն նմանելու, իր աշակերտները ըլլալու: Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ նոր կեանք մը ապրելու՝ Աստուծոյ վրայ վստահած եւ ո՛չ թէ մեր տկար ուժերուն վրայ: Այս հոգիով պէտք է հասկնալ Յիսուսին խօսքը առաքեալներուն՝ ոտնլուայէն ետք, երբ անոնց պատուիրեց, ըսելով. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի. սիրեցէ՛ք զիրար: Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, այնպէս ալ դուք զիրար սիրեցէք» (Յովհ. 13,34): «Նոր պատուիրանը» անկարելի բան մը չէ: Նոր պատուիրանը կը նշանակէ սիրել եւ ապրիլ Յիսուսին հետ եւ Յիսուսի նման, անշուշտ իրմէ ստացած շնորհքներովը: Այսպէս ապրեցան այն քրիստոնեաները, որ յետագային սուրբ հռչակուեցան: Ուստի, նորութիւնը կը կայանայ Յիսուսի մտայնութիւնը որդեգրելուն մէջ: Սակայն, կը նշմարենք որ մենք տակաւին հեռու ենք այս հոգիէն եւ հետեւաբար մեր քրիստոնէի դիմագիծը՝ հաւատալի չենք դարձներ ուրիշներուն առջեւ: Հարազատ քրիստոնէի կեանքը ապրելու համար, սիրելիներ, ջերմօրէն աղօթե՛նք եւ ամէն օր հրահանգուի՛նք, որպէսզի Յիսուսի շնորհքը մեզի օգնէ նոր պատուիրանի համեմատ ապրելու:
Ոտնլուայի աւետարանին մէջ երկխօսութիւն մը տեղի կ’ունենայ Յիսուսի եւ Պետրոս առաքեալի միջեւ: Պետրոսը չի հասկնար թէ ինչպէս կ’ըլլայ, որ իր վարդապետը՝ Յիսուս, իր ոտքերը պիտի լուայ, եւ կը ջանայ զայն արքիլել, ըսելով. «Ո՛չ, երբեք իմ ոտքերս պիտի չլուաս» (Յովհ. 13,8): Պետրոս դեռ չէր հասկցած որ մեծութեան գաղափարը Աստուծոյ մօտ՝ բոլորովին տարբեր է մեր մեծութեան գաղափարէն: Աստուծոյ մօտ, մեծութիւնը կը կայանայ խոնարհութեան մէջ, ծառայութեան մէջ եւ կատարեալ սիրոյ մէջ: Մենք ալ, Պետրոսի եւ ճշմարիտ քրիստոնեաներու նման, պէտք ունինք սորվելու այս տեսակ մեծութիւնը զայն ապրելու համար մեր առօրեայ կեանքին ընթացքին: Մենք ալ, Պետրոսին պէս, պիտի փափաքէինք տեսնել զօրաւոր Յիսուս մը եւ ո՛չ խոնարհ եւ չարչարուած Յիսուս մը: Մենք տակաւին պատրաստ չենք ընդունելու Յիսուս մը որպէս ոչխար որ կը տարուի սպանդի, այլ ընդհակառակը՝ պիտի ուզէինք Յիսուս մը որպէս կարող հովիւ մը, որ մեզ տանի դէպի ապահով արօտավայրերը եւ որ մեզ պաշտպանէ ամէն տեսակ նեղութենէ եւ ցաւէ: Բայց, այս չէ Յիսուսին ըրածը եւ սորվեցուցածը:
Երբ Յիսուս կ’ըսէ Պետրոսին որ առանց իր ոտքերը լուալու բաժին պիտի չ’ունենայ իրեն հետ, Պետրոս անմիջապէս կը խնդրէ Յիսուսէն որ լուայ նաեւ իր ձեռքերը եւ գլուխը: Իբր պատասխան Պետրոսին, Յիսուս կ’ըսէ սա խորհրդաւոր խօսքը. «Ո՛վ որ լուացուած է, պէտք չունի մաքրուելու» (Յովհ. 13,10): Այս խօսքով, Ս. Յովհաննէս կ’ուզէ ակնարկել Մկրտութեան խորհուրդի, որ երբեք չի կրկնուիր եւ որ մեր կեանքը հիմնովին պէտք է փոխէ:
Եթէ այդպէս է, այն ատեն ինչո՞ւ համար ոտքերու լուացումը եւ Ս. Ապաշխարութեան խորհուրդը: Որովհետեւ մենք տակաւին ամէն օր կը մեղանչենք եւ միշտ մաքրուելու կարիք ունինք, ինչպէս կը հաստատէ Ս. Յովհաննէսը իր առաջին թուղթին մէջ, երբ կ’ըսէ. «Եթէ ըսենք մեղք չունինք, մենք մեզ կը խաբենք եւ ճշմարտութիւն չկայ մեր մէջ: Իսկ եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, Ան հաւատարիմ է եւ արդար՝ կը ներէ մեր մեղքերը եւ մեզ կը մաքրէ ամէն անիրաւութենէ» (Ա. Յովհ. 1,8-9): Ասոր համար համոզուած քրիստոնեաները յաճախ կը խնդրեն իրենց մեղքերուն համար արձակումը Ապաշխարութեան Ս. Խորհուրդի միջոցաւ: Ուստի, որպէսզի արժանի ըլլանք մասնակցելու Տիրոջ սեղանին միւս հաւատացեալներուն հետ, պարտինք մաքրուիլ մեր մեղքերէն եւ հաշտուիլ բոլորին հետ: Այս է իմաստը սրբութեան համբոյրին, որ Ս. Պատարագի ընթացքին սարկաւագը անոր կը հրաւիրէ, երբ կը կոչէ՝ Ողջոյն տուք միմեանց ի համբոյր սրբութեան: Ասիկա բարեկամական համբոյր մը չէ, այլ՝ հաշտութեան նշան:
Այս իմաստով, Յիսուսին խօսքը նոր իմաստ կը ստանայ, կ’ըսէ. «Եթէ ես Տէրս եւ Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, դուք ալ պարտիք իրարու ոտքերը լուալ» (Յովհ. 13,14): Այս բառերը կը նշանակեն, որ ամէն օր փոխադարձ սիրոյ ծառայութիւններ պէտք է կատարենք իրարու հանդէպ եւ ներենք ամէն ատեն իրարու յանցանքները: Ս. Մատթէոս աւետարանիչը մեզի կը զրուցէ Պետրոսի հարցումը Յիսուսին. «Տէ՛ր, եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ, քան՞ի անգամ պարտիմ ներել. մինչեւ եօ՞թն անգամ: Յիսուս պատասխանեց. Չեմ ըսեր եօթն անգամ, այլ՝ մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթ» (Մտթ. 18, 21-22), այսինքն միշտ: Նկատի առնենք որ Յիսուսի ներումը մեր մեղքերուն՝ անհունօրէն աւելի գերազանց է քան մեր կողմէն ուրիշներուն ներած յանցանքները:
Սիրելիներ, Աւագ Հինգշաբթի օրուան յորդորը այս է՝ քէն եւ ոխ չպահել ուրիշին հանդէպ, որովհետեւ քէնը հոգին կը թունաւորէ: Կը յորդորէ նաեւ որ բոլոր սրտով եւ յարատեւ կերպով իրարու ներենք, որպէսզի կարենանք մասնակցիլ Տիրոջ սեղանին: Ով որ իր եղբօրը չի ներեր, չի կրնար ճաշակել Քրիստոսի մարմինը եւ արիւնը: Իսկ եթէ մէկը այս վիճակով ճաշակէ՝ իր դատապարտութիւնը կը ճաշակէ, այսինքն աւելի ծանր մեղք կը գործէ: Վերջապէս, Աւագ Հինգշաբթի օրը երախտագիտութեան եւ ուրախութեան օր մըն է այն մեծ պարգեւին համար, որ Յիսուս մեզի ըրաւ մեզ անհուն կերպով սիրելով՝ մինչեւ մահ:
Սիրելիներ, աղաչե՛նք եւ խնդրե՛նք Տիրոջմէ, որ այս երախտագիտութիւնը եւ այս ուրախութիւնը մեզի տան ոյժը իրար զիրար սիրելու եւ իրարու յանցանքները ներելու՝ Յիսուսի աստուածային սիրովը. Ամէն: