Պքերքէ
Կարդինալ Ռաի պատրիարքին հրաւէրով, չորեքշաբթի 3 յունիսին առաւօտեան ժամը 10:30-էն 12:30, Պքէրքէյի մէջ վսեմաշուք կարդինալ Մամպերթի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ: Այս հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը:
Կարդինալ Ռաի իր կողքին ունենալով ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, այս հանդիպումին մասնակցող միակ պատրիարքներն էին: Անոնց կողքին մասնակցեցաւ նայեւ արհիապատիւ Կապրիէլէ Գաչչա, Վատիկանի պապական նուիրակը Լիբանանի պետութեան մօտ: Լիբանանի այլ բոլոր համայնքապետերը մասնակցեցան էին իրենց ներկայացուցիչներով: Այս հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ իսլամ զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներ եւ շէխեր:
Ռաի պատրիարքը իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց կարդինալ Մամպերթիին, որ կու գայ թարգմանելու սրբազան քահանայապետին մտահոգութիւնը հանդէպ ոչ միայն քրիստոնեաներուն այլ ամբողջ Լիբանանին:
Ապա խօսք առնելով, կարդինալ Մամպերթի զեկուցեց ներկաներուն իր վերջին մի քանի օրերու հանդիպումներուն մասին, որ կատարեց լիբանանեան պետական անձնաւորութիւններուն հետ: Ըստ անոր, զրոյցներուն հիմնական նիւթերէն մէկն էր քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը ըլլայ Լիբանանի մէջ, ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ:
Հանդիպումին մասնակցողները իրենց միջամտութիւններով զարգացուցին արդէն հանրային կարծիքով տարածուած այն իրականութիւնը, որ Լիբանանի ինքնութիւնը բազմատեսակ համայնքներու համակեցութեան մէջ է, եւ թէ յատկապէս Լիբանանը եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը պէտք չէ պարպուի քրիստոնեաներէն: Սակայն իրականութիւնը այն է, թէ ծայրահեղ իսլամութիւնը, որ անուղղակիօրէն կը զինուի շրջանի այլ մեծ պետութիւններէն, կը շարունակէ աւերներ գործել ոչ միայն քրիստոնեաներուն հանդէպ, որոնք ամենէն դիւրաբեկն են, սակայն նաեւ իսլամներու հանդէպ, եւ հոս մանսակիցները նաեւ պարզեցին շատ մը փաստեր այս ուղղութեամբ:
Ապա իսլամ համայնքներու ներկայացուցոիչներէն ոմանք խօսք առին եւ իրենց զօրակցութիւնը ցոյց տուին քրիստոնեաներուն հանդէպ:
Հանդիպման ընթացքին կարեւորութիւն ստացաւ նաեւ Լիբանանի մէջ մէկ պակասաւոր իրականութւինը, որուն մասին պէտք է աւելի խօսուի եւ զարգացուի, եւ այդ ալ լիբանանեան հայրենասիրութիւնն է:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, հանդիպումէն ետք զեկոյցի մը ընթացքին յայտնեց թէ կարդինալ Մամպերթի շատ լաւ առաքելութիւն մը կատարեց այցելելով Լիբանանը եւ սրբազան Քահանայապետին մտահոգութիւնները փոխանցելով բոլորին: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը աւելցուց ըսելով թէ Վատիկանը զինեալ ոյժեր չունի եւ ոչ ալ տնտեսական մեծ կարողութիւն, որպէսզի խաղաղութիւն բանեցնէ շրջանին մէջ: Ան ըսաւ թէ Հռոմի սուրբ Աթոռը բարոյական մեծ ոյժ կը ներկայացնէ այսօրուան աշխարհին դիմաց, մանաւանդ Ֆրաչիսկոս սրբազան քահանայապետին անձնաւորութիւնը: Սակայն այսօրուան դէպքերը պէտք ունին հետապնդումի, եւ կարելի լուծումներու առաջարկներու: Ան ակնարկեց թէ ըստ երեւոյթին մեծ հարցերէն մէկը կը թուի ըլլալ զինավաճառութիւնը մանաւանդ ծայրահեղ իսլամներու խմբակներուն:
Կարդինալ Մամպերթի ապահովցուց թէ այս բոլորը եւ իր հանդիպումներուն արդիւնքները հաւատարմօրէն պիտի փոխանցէ սրբազան քահանայապետին: Ան դարձեալ ապահովցուց սուրբ Աթոռին զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ անոր բոլոր բնակիչներուն հանդէպ եւ վստահեցուց սրբազան քահանայապետին աղօթքները անոնց համար: