Հինգշաբթի, 11 Մարտ 2010 - Հոգեւոր Տիրոջ տեսակցութիւնները Հռոմի մէջ

Հռոմ, Իտալիա

 

Հռոմ իր կեցութեան ընթացքին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հանդիպում ունեցաւ Արեւելքի Եկեղեցիներու ժողովի նախագահ՝ քարտինալ Լէօնարտօ Սանտրէին հետ։ Այս վերջինը հրաւիրուեցաւ ընթրիքի Լեւոնեան վարժարան։ Նոյն ծիրին մէջ, Հոգեւոր Տէրը հանդիպում ունեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի քարտուղար՝ Արքպս. Սիրիլ Վասիժին հետ եւ փոխ-քարտուղար՝ Մոնսէնիոր Մաուրիցիօ Մալվեսթիթիին հետ։

 

Երկուշաբթի 1 Մարտ 2010-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այցելութիւն տուաւ Հռոմի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նոր նստավայրին, ուր հիւրընկալուեցաւ պրն. դեսպան Ռուբէն Կարապետեանի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան դեսպանութեան ու իտալահայ համայնքին, Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան, եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացքին վերաբերող հարցեր։ Հոգեւոր Տէրը տիար դեսպանին աջակցութիւն յայտնեց դեսպանութեան ծրագիրներու իրագործման եւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան առջեւ դրուած խնդիրներու իրականացման գործին մէջ։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ