|
Ուրբաթ, 29 Մարտ 2013 - Աւագ Հինգշաբթին Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ
Լիբանան
Հինգշաբթի, 29 մարտ 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը գլխաւորեց Ոտնլուայի հոգեպարար արարողութիւնը: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Աւագ Հինգշաբթի օրուան խորհուրդը փոխանցեց հետեւեալ պատգամով.
|
«Յոյժ սիրլելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Աւագ Հինգշաբթի օրը, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս երկու խորհուրդներ հաստատեց՝ Քահանայութեան եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդները: Սուրբ Հաղորդութիւնը ամէն հաւատացեալ քրիստոնեային համար հարկաւոր հոգեւոր սնունդ մըն է, որ Յիսուսի աշակերտին ոյժ կու տայ ապրելու համար որպէս հարազատ քրիստոնեայ: Չըլլա՛յ թէ Սուրբ Հաղորդութեան ընդունումը լոկ սովորութիւն դառնայ եւ զուրկ մնայ իր բարեբեր արդիւնքներէն: Եւ չըլլա՛յ թէ Սուրբ Հաղորդութիւնը ստանաք անարժանութեամբ, այսինքն մեղաւոր վիճակին մէջ: Սուրբ Պօղոս մեզ կ'ազդարարէ այս ուղղութեամբ, երբ կ'ըսէ. «Ով որ անարժանութեամբ կ'ուտէ այս հացը կամ կը ճաշակէ Տիրոջ այս բաժակէն՝ պարտական պիտի ըլլայ Տիրոջ Մարմինին եւ Արեան»: Եւ կ'աւելցնէ ըսելով. «Իւրաքանչիւրը թող նախ իր անձը փորձէ, եւ ապա, ուտէ այս հացէն եւ ճաշակէ այս բաժակէն» (Ա Կրն. 11.27-28): Ի՜նչ կարեւոր ազդարարութիւն, որ լրջութեամբ նկատի պէտք է առնենք: Բայց անոնք որ մաքուր սրտով կը հաղորդուին եւ հաւատքով կը մօտենան Սուրբ Հաղորդութեան, եւ ոչ լոկ որպէս սովորութիւն, կամ ուրիշներուն նմանելու միտքով, Սուրբ Աւետարանը անոնց այս խոստումը կու տայ. «Ով որ ուտէ իմ մարմինս եւ ճաշակէ իմ արիւնս, յաւիտենական կեանք ունի, եւ ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը» (Յովհ. 6, 54): Մէկը կրնայ հարցնել. «Ի՞նչպէս կարելի է յաւիտենական կեանք ունենալ. Միայն Աստուած յաւիտենական է»: Ճիշդ է. Միայն Աստուած յաւիտենական է, բայց ճիշդ է նաեւ որ Սուրբ Հաղորդութիւնը կը պարունակէ Յիսուսը, եւ Յիսուս Աստուած է: Ուստի, ով որ Յիսուսը կը ճաշակէ Սուրբ Հաղորդութեամբ, Յիսուսին կը միանայ եւ Յիսուսի նման յաւիտենական գործեր կրնայ կատարել՝ այսինքն ամէն բանի մէջ Աստուծոյ կամքը փնտռել: Կը կարդանք Եբրայեցիներու թուղթին մէջ հետեւեալ Յիսուսին խօսքը Աստուծոյ ուղղուած. «Աշխարհ մտնելով՝ Քրիստոս ըսաւ. Չուզեցիր ո՛չ զոհ եւ ո՛չ ընծաներ, այլ մարմին մը տուիր ինծի...այն ատեն ես ըսի. Ահաւասիկ...ո՛վ Աստուած, եկած եմ քու կամքդ կատարել» (Եբր. 10, 5 և 7): Աստուած մեզի ալ մարմին մը տուաւ որպէսզի իր կամքը կատարենք եւ ոչ թէ մեր փափաքը, կամ ուրիշներուն փափաքը կատարել անոնց հաճելի դառնալու համար: Ոմանք կը կարծեն թէ Աստուած չի կրնար մեզ գոհացնել, ասոր համար ուրիշներուն կը դիմեն, յուսալով անոնցմէ գոհացում ընդունիլ: Բայց ո՛չ ոք կարող է մեր սիրտը յագեցնել կ΄ըսէ Սուրբ Օգոստինոսը երբ կը վկայէ. «Աստուա՜ծ իմ, դուն ինծի սիրտ մը տուիր որ, բացի քեզմէ, ո՛չ մի բան կրնայ զայն յագեցնել»: Ի՜նչ իմաստուն խօսք մեծ, փիլիսոփայի մը կողմէ, նման Սուրբ Օգոստինոսին, որ Եկեղեցւոյ մեծագոյն Սուրբ Հայրերէն մին եղած է: Այսօրուայ Աւետարանին մէջ կը կարդանք Յիսուսին խօսքը ուղղուած իր առաքեալներուն. «Ճշմարիտ կ΄ըսեմ ձեզի, ձեզմէ մէկը պիտի մատնէ զիս» (Մտթ. 26, 21): Ի՜նչ զարմանալի բան: Այս Յուդան, որ Յիսուս ընտրած է, որպէսզի իր մօտիկ գործակիցներէն մին ըլլայ, որ երեք տարի, Յիսուսի քարոզները լսեց եւ Յիսուսի կատարած հրաշքներուն ականատես եղաւ, Յիսուս կը մատնէ երեսուն արծաթ դրամի համար, որ ստրուկի մը կեանքի փրկագինն էր: Այսքան աժանի Յուդան Յիսուսը ծախեց քահանայապետներուն: Ի՜նչ վարնոց եւ գռեհիկ գործ: Տուեալները ցոյց կու տան որ Յուդա կը սպասէր որ Յիսուս հրեաներու թագաւոր դառնայ կամ մեծ անձնաւորութիւն մը: Բայց յուսախաբ մնաց, երբ Յիսուս իր առաքեալներուն յայտնեց որ պիտի յանձնուի հրեաներուն եւ պիտի սպաննեն զինք: Յուդայի երազները Յիսուսին մասին, որմէ կը սպասէր կարեւոր դիրք ունենալ իր նոր արքայութեանը մէջ, ի դերեւ ելան, եւ Սուրբ Գիրքը կ'ըսէ որ Սատանան իր սիրտը մտաւ եւ գնաց ու մատնեց Յիսուսը: Բոլորս ալ դժգոհ ենք Յուդայի ըրածէն, եւ զինք կը դատապարտենք իր ապերախտութեան համար: Բայց եթէ պահ մը մտածենք, որ Յիսուս մեզմէ ամէն մէկուն համար իր կեանքը զոհեց, մեզի համար Եկեղեցին հիմնեց որպէս մայր եւ դաստիարակ, մեզի համար Սուրբ Խորհուրդներ հաստատեց մեզ սրբացնելու համար, եւ ամէն օր չի դադրիր մեզի ընծայելէ շնորհքներ, ի՞նչպէս մենք կը վարուինք դժուարութեան դիմաց՝ վատառողջութեան, պատերազմի, անգործութեան եւ կամ ուրիշ ցաւերուն դիմաց: Երբեմն շատ աւելի թեթեւ հարցերուն համար, փոխանակ Յիսուսի խօսքին հետեւելու, կը ձգենք որ Սատանան մեր սիրտը մտնէ եւ անոր գէշ խրատնրուն կը հետեւինք: Եւ փոխանակ վկայելու Յիսուսի եւ անոր փառաւոր Յարութեան, կը վարուին աշխարհիկ մտայնութեամբ, որպէս ոչ քրիստոնեաներ՝ շատ դիւրաւ սուտ կը խօսինք, դրամասէր կը դառնանք, եւ ուրիշներուն մասին գէշ կը խօսինք: Երէկ, իր քարոզին ընթացքին, Սրբ. Պապը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը նմանցնէ չարախօսութիւնը Յուդայի մատնութեան: Սուրբ Աւետարանը կ'ըսէ. «Յուդա, որ Տասներկուքէն մէկն էր, քահանայապետներուն քով գնաց եւ ըսաւ. «Ի՞նչ կու տաք ինծի, որ ես զինք մատնեմ:Անոնք սահմանեցին իրեն երեսուն արծաթ դրամ»(Մտթ. 26, 15): Սրբ. Պապը կ'ըսէ. «Յիսուս ծախու ապրանք դարձաւ, Յիսուս ծախուեցաւ»: Եւ կ'աւելցնէ. «Մեր կեանքի շուկային մէջ, երբ կ'ընտրենք 30 դահեկանը եւ Յիսուս մէկդի կը դնենք, Յիսուսը ծախու կը դնենք: Աս է ինչ կ'ընենք մենք երբ մեր եղբայրներուն եւ բարեկամներուն հետ կը չարախօսենք ուրիշներուն մասին: Սրբ. Պապը կը շեշտէ ըսելով. «Չարախօսութիւնը ապրանք ծախելու մէկ ձեւ մըն է: Անձը որուն մասին կը չարախօսենք ապրանք կը դառնայ: Յուդան նոյնը ըրաւ: Մենք ալ մեր բարեկամները, մեր ազգականները կը ծախենք»: Սրբազան Պապը մեզ կ΄ազդարարէ ըսելով. «Բնաւ մի՛ չարախօսէք ուրիշներուն մասին»: Ներում խնդրե՛նք, որովհետեւ մեր ըրածը՝ բարեկամի մը դէմ գործեցինք, բայց նաեւ Յիսուսին դէմ, քանի Յիսուս կը գտնուի այս բարեկամին անձին մէջ: Եւ Աստուծմէ շնորհք խնդրե՛նք, որ բնաւ ուրիշին մասին չչարախօսենք ասկէ վերջ»: Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մենք որ Սուրբ Հաղորդութիւնը կը ճաշակենք, անոր արժէքը պէտք է ճանչնանք եւ անով ապրինք որպէս հարազատ աշակերտներ Յիսուսի: ինչպէս բոլորին սէր կը ցուցնենք, նաեւ՝ չար անձին: Չփոխադարձե՛նք չարը չարով, այլ սիրով, ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ մեզի մեռնելով խաչին վրայ, քանի մենք մեղաւոր ենք: Թո՛ղ յայտնի ըլլայ ամենուն առջեւ, որ մենք աշխարհի սկզբունքներուն չենք հետեւիր, այլ Յիսուսի եւ անոր հաւատարիմ աշակերտներուն: Այն ժամանակ, կրնանք ըսել որ Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ յաւիտենական կեանքը սկսանք ապրիլ, որպէսզի զայն լիովին ապրինք վերջին օրը: Զայս կը մաղթեմ ամէնուդ իմ բոլոր սրտովս. ամէն»:
|