Պէյրութ, Լիբանան
Շաբաթ, 23 Յունուար 2010-ին, Հ.Կ.Մ.-ի Արարատեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեանի մեծարանքի երեկոն, ոգեկոչելու համար Հ.Կ.Մ. Պատանեկան միութեան Աշրաֆիէի մասնաճիւղի 25 ամեակը ու յիշատակելու անոր հիմնադրին 80 ամեակը:
Հանդէսին ներկայ գտնուեցան Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Արհի. Վարդան եպս. Աշգարեանը, Գերյ. Միքայէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանը, պետական երեսփոխան մեթր Սերժ Թուրսարգիսեանը, Գերապատիւ վարդապետներ, Զմմառու Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները, ինչպէս նաեւ շրջաբակի միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ վեթերան ու ներկայ Հ.Կ.Մ.-ականներ:
|
Յայտագրին սկիզբը հանդէս եկաւ սուրբ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ Կիլիկիա երգչախումբը «Ամենահրաշ» եւ «Որք Արժանաորեցայք» երգերով, ապա Հ.Կ.Մ. Պատանեկան միութեան հոգեւոր վարիչ ու եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան բացման խօսքը ըրաւ:
«Ամէն տարի, Յունուարին, Հ.Կ.Մ. պատանեկանի Ա.մասնաճիւղը «Աշրաֆիէ» կը հրաւիրէ ձեզ միասին ուրախ պահ մը անցնելու:
Այս տարի տարբեր է անցեալ տարիներէն, Յոբելինականն է, որ կը սկսինք: 25 տարեկան կ՛ըլլանք: Մեր առաջադրանքն է 25րդ տարեդարձը, Յոբելինական տարին նուիրել մեր միութեան հիմնադիր հօր՝ Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեանին:
Հայր՝ ոչ թէ միայն անոր կուսակրօն Զմմառեան միաբանի կեանքը յատկանշող տիտղոս, այլ նաեւ հայր՝ Հ.Կ.Մ. պատանեկանին, որուն համար շինեց տուն, կազմեց բոյն, կառոյց կառոյց, ջամբեց, ուղղեց, կազմաւորեց եւ ցոյց տուաւ ճամբան՝ յաջողութեան, արահետ՝ հասունութեան, ուղին՝ ազնուութեան:
Եթէ ուզէինք վկայական մը նուիրել, արժեւորելու համար հայր Անդրանիկին դաստիարակի դիմագիծը՝ աւելի մեծ վկայութիւն պիտի չ՛ունենայինք եթէ ոչ յաջող Հ.Կ.Մ.ականի վկայութիւնը այսօր:
Եթէ ուզէինք (ուզէին) հովուական ամենաբարձր գաւազանին արժանացնել զինք, պիտի չգտնէին ուրիշ գաւազան եթէ ոչ իր Հ.Կ.Մ.ական զաւակներուն ուսը, որուն վրայ պիտի հենուր, այս տարիքին հասած մեր ալեհեր հայրը:
Եթէ ուզէինք ազգային բարձրագոյն շքանշանով զարդարել անոր կուրծքը, պիտի չգտնէինք ուրիշ զարդ, եթէ ոչ վահանը Վարդանին՝ սուրբ, նետին դիմաց այլամերժ ու անհարդուրժող:
|
Եթէ ուզէինք ոսկիէ գրիչով օժտել անոր յանդուգն ձեռքը:
Այո, անշուշտ յանդուգն:
Եթէ այդ ձեռքերը ամէն օր Աստուած կը շալկեն,
Աստուծոյ կը դպչին...
Ինչպէ
՞ս յանդուգն չ՛ըլլան...
Պիտի չգտնէինք աւելի ազնիւ գրիչ, քան սուրբ Մեսրոպինը, որուն յաջորդներէն է, որպէս վարդապետ հայ Եկեղեցւոյ:
Այս բոլորէն վեր, մենք՝ Հ.Կ.Մ.պատանիներս, ունեցանք «հիմնադիր հայրը» որպէս լաւա$ոյն բաժին եւ պարգեւ Աստուծմէ:
Հայր Անդրանիկ, մէկը չէ, որ մէկ տերեւի անկումէն դատէ հովին ուղղութիւնը:
25 տարիներ առաջ պատերազմի օրեր էին:
Այսօր, այդ պատերազմին օրերը չեն, բայց տարբեր ռազմական հոգեվիճակ կ՛ապրինք եւ տարբեր զէնքերու դիմաց էինք:
Ճիշտ ասոր համար, այսօր, 25 ամեակի սեմին մենք դարձեալ կ՛երդմունք ու կ՛ըսենք.
«Հայր Անդրանիկ,
մեր կեանքը, քու ուղիդ.
մեր ուսը, քու ձեռքդ:
Եւ մենք կ՛երդնունք մեր պատիւին վրայ, Աստուծոյ առջեւ, թէ պիտի ըլլանք տիպար պատանի, տիպար պատասխանատու, ծառայելով՝ Աստուծոյ, հայրենիքին, Լիբանանի եւ համայնքին:»
Ան իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայր Անդրանիկի յատկութիւնները, ըսելով թէ. «Ան ոչ միայն կուսակրօն քահանայ է այլ նաեւ հայր՝ Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Միութեան, ան շինեց պատանիներուն տուն, ջամբեց, ուղղեց, կազմաւորեց եւ ցոյց տուաւ անոնց ուղին ազնուութեան»: Ան շարունակեց ըսելով. «Եթէ փափաքէինք իր կատարած գործերուն համար վկայականով մը պարգեւատրել զինք, աւելի լաւը պիտի չկարենայիք գտնել քան մեր Հ.Կ.Մ.-ականի այժմու վկայութիւնը: Մենք կ՛ուզենք մեր այս 25 ամեայ յոբելինական ամբողջ տարին նուիրել Հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեանին»: Հայր Վարդանի խօսքէն ետք դարձեալ Կիլիկիա Երգչախումբը հանդէս եկաւ «Դու ես Քահանայ Յաւիտեան» երգով նուիրուած հայր Անդրանիկին:
Երգչախումբի ելոյթէն ետք, DVD ներկայացումով ցուցադրուեցան Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի գործունէութիւնները (ներկայացուց՝ ընկեր Յակոբ Թերճանեան): Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Միութեան գործունէութիւնը ընդգրկեց ներքին ձեռնարկներուն կողքին այլ ձեռնարկներ վերջին երեք տարիներուն օտար շրջանակներու մէջ, գործակցելով Լիբանանէն ներս զանազան քաղաքապետութիւններու հետ, նաեւ միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ «Universal Peace Federation»-ին հետ: Միութիւնը օժանդակեց 6 հայ կարիքաւոր ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ զանազան որբանոցներու եւ ծերանոցներու: Այս բոլոր ընկերային ծառայութիւններուն համար, միութիւնը ստացաւ զանազան վկայագիրներ եւ «UNESCO»-ի, ու «Rotana Jefinor Hotel»-ի մէջ յատուկ ձեւով պարգեւատրուեցաւ իբրեւ 2008 տարուայ լաւագոյն ընկերային ծառայութիւններ կատարող խումբը:
Պատանիներու կատարած գեղարուեստական ներկայացումէն ետք, ընկեր Մհեր Գալէնտէրեան՝ Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Աշրաֆիէի մասնաճիւղի հրամանատարը փոխանցեց իր սրտի խօսքը, որուն մէջ շեշտը դրաւ պատանիներուն ստացած դաստիարակութեան վրայ Հ.Կ.Մ. ակումբէն ներս, ըլլայ ան ազգային, հոգեւոր,մշակութային թէ համայնքային: Ան ըսաւ. «Այս պատանիներն են համայնքի ապագան, որովհետեւ առանց անոնց (Հ.Կ.Մ.-ին) համայնք գոյութիւն չունի, անոնք են, որոնք պիտի ներկայացնեն ապագայ համայնքի իսկական պատկերը: Անոնք մեր պատանիներն են, համայնքին զաւակները, ձեր զաւակները, ձեր տունին անդամ, մեր տունին Հ.Կ.Մ.-ի անդամ այսինքն Հ.Կ.Մ.-ալ որոշ չափով ձեր տունն է, դուք ալ Հ.Կ.Մ.-ի անդամ»: Ան իր խօսքը փակեց հետեւեալ նամակով ուղուած՝ հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեանին.
«Սիրելի Հայր Անդրանիկ,
Դու՛ք 81 ամեայ ալեհեր ծերունի սակայն մեզ համար միշտ երիտասարդ ու արի...
Ասկէ 25 տարիներ առաջ հայրական մեծ զգացումով ու սիրով մղուած հիմը դրիք Հ.Կ.Մ. Պատանեկան միութեան: Ձեր բազմազբաղ
առօրեային մէջ արդեօ՞ք ի՞նչ տեղ կը գրաւէին պատանիները, հետաքրքրական է գիտնալ թէ ի՞նչ կը մտածէիք երբ հիմնեցիք այս միութիւնը:
Սակայն յստակ է թէ մեծ վստահութիւն ունէիք մատղաշ սերունդին վրայ, չվարանեցա՛ք անոնց ուսերուն վրայ բեռցնելու համայնքի ապագան բարելաւելու մեծ յոյսը:
Հայր Անդրանիկ, արդեօ՞ք որքան երախտապարտ ըլլալու՞ ենք ձեզի որ հակառակ ձեզ դիմագրաուած բոլոր դժուարութիւններուն յառաջ տարիք Հ.Կ.Մ. Պատանեկան միութեան հիմնումի գաղափարը, որքան ալ փորձենք հատուցանել կարելի պիտի չըլլայ:
Մասիս ամսաթերթին մէջ միշտ կը կարդանք ձեր 80 ամեակի յուշերը, կ՛ուզեմ մէջ բերել ձեր արտասանած հետեւեալ խօսքը, որ մեծապէս տպաւորած է զիս քաղուած Մասիս ամսաթերթի վերջին թիւէն, երբ ձեր 80 տարեկան բարեկամը ձեզ կ՛այպանէ ըսելով թէ՝ չէ՛ք ամչնար ամէն անգամ 80 տարիքնիդ կը յայտարարէք Մասիսի ամէն թիւով, մարդիկ կը ծածկեն իրենց տարիքը իսկ դուք հակառակը: Ձեր պատասխանը եղած է թէ մարդիկ կը վախնան որ 80 տարեկանին խռֆած կոչուին:
Սիրելի հայր Անդրանիկ մարդիկ երբեք տարիքով չէ որ կը դատուին, շատեր տարիքով փոքր են սակայն մտքով ծեր ու խռֆած: Դուք մեզ համար՝ ձեր որդիներուն համար տարածուած սփիւռս աշխարհի հակառակ ձեր 80 տարեկանին եղած էք հայր, եղած էք թիկունք, ուր միշտ կրցա՛ծ ենք մեր գլուխները հանգչեցնել երբ անոնք ծանրաբեռնուած ըլլան հոգերով :
Մենք այսօր որդիաբար կու գանք համբուրելու ձեր ճակատը եւ կ՛երդնունք միշտ հաւատարիմ մնալ այն երդման որ ըրինք պատանեկանի շարքերէն ներս:
Վարձկերնիդ կատար Հայր Անդրանիկ...
Թող Աստուած միշտ օրհնէ ձեզ ու պարգեւէ առողջ եւ երկար տարիներ...
23 Յունուար, 2010
Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Միութիւն»
Ապա հայր Վարդան բեմ հրաւիրեց հայր Անդրանիկը, որ ներկայութեամբ Աշրաֆիէի մասնաճիւղի նախկին հրամանատարներուն, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի եւ Զալքայի հրամանատարներուն, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ ձեռամբ ստանայ այս առթիւ պատրաստուած յատուկ յուշանուէրը: Հայր Անդրանիկ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ շարունակեց ըսելով թէ. «հիմնելը չէ միայն կարեւորը. ես հիմնեցի եթէ այդ մէկը շարունակողներ չըլլան շուտով միութիւնն ալ հիմնողն ալ կը մոռցուին»:Ապա հակիրճ ձեւով ներկայացուց Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Միութեան պատմութիւնը:
Հանդէսը փակուեցաւ Հոգեւոր Տիրոջ խօսքով եւ պահպանիչով: Հոգեւոր Տէրը իր խօսքին մէջ վեր առաւ Հայր Անդրանիկի յատկութիւնները ըսելով թէ. «ան ուր որ ալ գտնուած է մինչեւ օրս հիմնած ու կառուցած է եւ կրցած է զանոնք հաստատուն հիմերու վրայ զետեղել: Աստուած զինք օժտած է բազմաթիւ ձիրքերով, ան Հ.Կ.Մ. Պատանեկան Միութեան հիմնումէն զատ հիմնած է նաեւ Դամասկոսի Քնար երգչախումբը եւ ունի բազմիցս գրական գործեր: Ես ալ իմ կարգիս կը մաղթեմ, որ իր քահանայական կեանքը խաղաղ կերպով ապրի եւ վայելէ Քրիստոսի աշակերտին ուրախութիւնը:
Շնորհաւոր ըլլայ հայր Անդրանիկ, Աստուած օրհնէ ձեզ եւ պար$եւէ երկար եւ առողջ տարիներ»: