Չորեքշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2009 - Սրբապատկերներու Օծում

Քեսապի սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ զոյգ խորաններուն Սրբապատկերներու Օծում
Քեսապ, Սուրիա

ozum2
Կիրակի 8 Նոյեմբեր 2009-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, բարձր հովաւորութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ սուրբ Միքայէլ վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցանեց Արհի. Գերպծ. Հ. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան եւ կատարեց երկու սրբապատկերներու օծման արարողութիւնը, առընթերակայութեամբ՝ Գերյ. Հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Այվազեանի եւ Հայր Գարեգին Վրդ. Քէօշքերեանի: Ներկայ գտնուեցան բարերարներ, Լիբանանէն հիւրեր եւ քեսապցի հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Սուրբ Աստուած շարականէն ետք, Գերյ. Հայր Անդրանիկ թափօրով յառաջ բերաւ Սրբալոյս Միւռոնը: Գերպծ. Տէրը սկսաւ սրբապատկերներու օծման արարողութիւնը ըստ հայկական աւանդութեան, նախ գինիով եւ հացի միջուկով սրբեց պատկերները, ապա սուրբ Միւռոնով օծեց զանոնք: Մէկ սրբանկարը նուիրուած է Քեսապի Տիրամօր, իսկ միւսը՝ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին: Այս երկու պատկերները գործն են քեսապցի հանրածանօթ իւղանկարիչ Հրաչ Այնթապլեանի:

Այնուհետեւ, Հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, քարոզին սկիզբը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես ներկայ Հ.Կ.Մ.-ի ջահակիր-պատանիներուն, ան մաղթեց, որ ընտանիքները  բազմանան եւ աւելի հայ զաւակներ նուիրուին Աստուծոյ: Ան փակեց իր խօսքը շնորհաւորելով
ozum1
Հայր Գարեգինը իր տարած անխոնջ ու նուիրեալ առաքելութեան համար: Պատարագի աւարտին, Գերյ. Հայր Անդրանիկ Ծ.Վ. Այվազեան, իր սրտի խօսքը փոխանցեց, յայտնելով իր շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները ժողովրդապետին ու համայնքի զաւակներուն: Նաեւ խօսք առաւ, համայնքիս ժողովրդապետ Հայր Գարեգին Վրդ. Քէօշքերեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Արհի. Գերապայծառին, Գերյարգելիին, բարերարներուն եւ բոլոր անոնց որոնք սրտանց եւ ուրախութեամբ կը ծառայեն սուրբ Եկեղեցիին:

Հուսկ, Գերպծ. Հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան եկեղեցւոյ բակին մէջ, բացումը կատարեց Աստուածամօր նուիրուած նորակառոյց քարայրին: Հոգեպարար արարողութիւնը վերջ գտաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը մեկնեցաւ բերկրալիր զգացումներով եւ տպաւորութիւններով:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ