Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրեր,
Հաւատացեալ հայրենակիցներ,
Ցաւով տեղեկացանք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ․ի մահուան մասին, որ առանձնակի ցաւ ու կսկիծ պատճառեց բոլորիս:
Անժամանակ էր մահը հայ մեծ հոգեւորականին, ազնուագոյն անձնաւորութեան, որ Աստուծոյ հաւատարիմ իր ողջ կեանքը նուիրեց հայ ժողովուրդին, կաթողիկէ համայնքին:
Պատրիարքական աթոռի գահակալութեան երկարաձիք տարիներու քրտնաջան գործի բարեբերութիւնը շատ ակնառու էր: Վերջին շրջանին սրբազան Պատրիարքը ամբողջութեամբ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն, համաժողովներու, գիտաժողովներու կազմակերպման, եւ աչքի կ'իյնար իր բացառիկ նախաձեռնութիւններով: Համազգային հպարտութիւնը պարուրեց բոլորիս հոգին, երբ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի ձեռամբ լուսապսակ Գրիգոր Նարեկացին հռչակուեցաւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ:
Հոգեւոր Տիրոջ աշխատանքը միշտ բարձր գնահատուած է Հայոց պետութեան կողմէ: Մեր գործակցութիւնը Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ եղած է բովանդակալից և արդիւնաւէտ:
Անոր իմաստուն ու շրջահայեաց գործունէութեամբ ամրապնդուեցաւ Հայոց Եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարեկամութիւնը:
Հոգեւոր Տէրը այն երջանիկներէն էր, որ աշխարհ եկաւ յատուկ առաքելութեամբ եւ կեանքէն հեռացաւ` ձգելով պայծառ յիշատակ` վկայելով սրբազնագոյն վարքին եւ առաքինութեանը իր նուիրումի մասին:
Անոր բարութիւնը, ոգիի տոկունութիւնը, մարդկային վսեմ նկարագիրը առանձնակի պատկառանք կը ներշնչէին հոգեւորականի անոր տեսակին հանդէպ: Պատրիարք Կաթողիկոսը միշտ պիտի մնայ մեր մտքերուն ու մեր սրտերուն մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ իմ անունով կը ցաւակցիմ ողջ հոգեւոր դասին, Կաթողիկէ համայնքին, անոր հարազատներուն: Մխիթարուինք այն գիտակցութեամբ, որ Պատրիարք Տիրոջ անմահ հոգին երկինքի անդաստանին մէջ միշտ կը գտնուի լոյսերու մէջ:
Սրտի խոր կսկիծով՝
Հրանուշ Յակոբեան
ՀՀ սփիւռքի նախարար