Զմմառ
«Ով որ հաւատայ կÿընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յովհ. 6,47)
Սիրեցեալ միաբանակից եղբայրներ
Սիրելի սգակիր հարազատներ, ծանօթներ եւ ներկաներ,
Ամենաբարին Աստուած, յարմար ժամանակին, իր քով կը կանչէ իր սիրելի որդիները, որպէսզի անոնց պարգեւէ յաւիտենական երջանկութիւնը, ուր ցաւ չկայ, հիւանդութիւն չկայ եւ նեղութիւն չկայ, այլ՝ միայն երանաւէտ Աստուծոյ տեսութիւնը հրեշտակներուն, սուրբերուն, նահատակներուն եւ Աստուածամօր հետ միասին:
Սիրելիներ, նոյնիսկ եթէ կառչած ըլլանք այս երկրաւոր կեանքին, այսու հանդերձ գիտենք, որ այս անցողակի կեանքէն ետք մեզի կը սպասէ լուսաւոր եւ աւելի երջանիկ կեանք մը, որուն ամէն հաւատացեալ քրիստոնեայ կը ձգտի եւ ամէն օր անոր կը պատրաստուի: Երանի անոր, որուն մահը անակնկալի չի գար, Ս. Պօղոսին խօսքին համեմատ. «Դուք, եղբայրներ, խաւարին մէջ չէք, որպէսզի այն Օրը, այսինքն մահուան օրը, ձեզ յանկարծակիի բերէ, նման գողին: Դուք ամէնքդ որդիներ էք լոյսին, որդիներ ցերեկին» (Ա. Թես. 5, 4-5):
Այս անգամ կարգն է բարի եւ վաստակաւոր Զմմառու միաբան Գերյ. Հայր կղեմէս Ծ. Վրդ. Մալճեանին, որ Աստուծոյ կոչին ընդառաջեց ըսելով. ահաւասիկ եմ Տէ՛ր:
Ան ծնած է Հալէպ 14 Օգոստոս 1924ին, Գրիգոր անունով, մարաշցի բարեպաշտ ընտանիքի մը մէջ: Տարի մը առաջ նահատակուած Զմմառեան Միաբան՝ Հայր Կղեմէսին, իր հօրեղբօրը անունը կÿառնէ եւ կը դառնայ Կղեմէս Մալճեան:
Իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ տեղւոյն Յիսուսեան Հայրերու Սրբոց Վարդանանց վարժարանը, զորս աւարտելով 1938ին կÿուղարկուի Զմմառ, որպէսզի հօրեղբօրը նման Զմմառեան վարդապետ դառնայ: Ապա կÿուղարկուի Հռոմ, Լեւոնեան վարժարան, քահանայական ուսումը ստանալու համար:
3 Ապրիլ 1949ին՝ ճիշդ 60 տարի առաջ, քահանայ կը ձեռնադրուի՝ Հռոմ, ձեռամբ Տէր Սարգիս Արք. Տէր-Աբրահամեանի եւ ապա Ֆրանսա կÿուղարկուի՝ մանկավարժութեան մէջ մասնագիտանալու համար:
Առաջին առաքելութիւնը կը կատարէ Ճիւնիի դպրեվանքին մէջ՝ Վսեմ. Կարդինալ Աղաճանեանի կարգադրութեամբ, ուր 11 տարի կը պաշտօնավարէ իբր փոխ-վերակացու եւ դասատու՝ Տէր Գէորգ վ. Լայէքեանի վերակացութեան շրջանին:
1960ին, կը կարգուի Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետ եւ փոխ-տնօրէն Մեսրոպեան վարժարանի՝ Տէր Մեսրոպ վ. Թերզեանի ժողովրդապետութեան եւ տնօրէնութեան օրով, մինչեւ անոր Եպիսկոպոսութեան ընտրութիւնը՝ 1963ին: Հ. Կղեմէս իր առաքելութիւնը կը շարունակէ Պուրճ Համմուտ, իբր ժողովրդապետ եւ իբր տնօրէն Մեսրոպեան վարժարանի մինչեւ 1967:
Ապա, Ամենապատիւ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի կարգադրութեամբ Հ. Կղեմէսը կÿառաքուի Պրազիլ՝ ստանձնելու համար Սան-Փաոլոյի Հայ Կաթողիկէ գաղութին հոգ հոգւոցը: Հոն անմիջապէս գործի կը լծուի եւ կը կառուցանէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին: Անկէ վերջ, կը փոխադրուի Արժանթին՝ Պուէնոս-Այրէս, 1970ին: Հոն ալ կը յաջողի կառուցանել Նարեկի Տիրամօր ժողովրդապետական Եկեղեցին:
1982ին, կÿանցնի Ֆրանսա՝ Լիոնի Հայ կաթողիկէ Համայնքի ժողովրդապետի պաշտօնով: Հոն կը մնայ մինչեւ իր աչքերու հիւանդութեան յառաջացումը, որով՝ հետզհետէ իր աչքերու լոյսը կը կորսնցնէր:
Իր սիրելի Մայրավանքը՝ Զմմառ կը քաշուի, եւ երբ իր ֆիզիքական ուժերը շատ կը տկարանան՝ կը փոխադրուի տարեց վարդապետներուն Քրիստոս Թագաւոր Վանքը, ուր իր հոգին առ Աստուած կÿարձակէ շաբաթ գիշեր, 4 Յուլիսին՝ զօրացած հիւանդաց օծման խորհուրդով:
Գործունեայ վարդապետ եղած էր Գերյարգելի Հ. Կղեմէսը՝ զանազան առաքելավայրերուն պաշտօնավարութեան մէջ: Ան ոչ միայն համայնքին հոգ հոգւոցով կը զբաղէր, այլեւ կÿունենայ նաեւ մշակութային եւ գրական գործունէութիւն: Ամբողջ կեանքը նուիրեց իրեն յանձնուած ծուխին եւ ընդհանրապէս Հայ Ազգին համար:
Ամէնուն անխտրաբար ծառայելով, ան համակրելի եւ սիրելի կը դառնայ քոյր համայնքներու հայորդիներուն մօտ:
Իրեն յանձնուած բոլոր պաշտօնները սիրայօժար կատարեց հարազատ Զմմառեան առաքեալի հոգիով, միշտ պատրաստ, միաբանական ուխտին զօրութեամբ, երթալու հոն ուր Աստուծոյ ձայնը, մեծաւորներուն միջոցաւ, զինք կը ղրկէ:
Ինչ որ բոլորիս զարմանք եւ նոյնիսկ հիացում կը պատճառէր, ան է որ վերջին տարիներուն՝ բոլորովին մթութեան մէջ մնալով հանդերձ, բնաւ գանգատ կամ տրտունջ չէ ունեցած, այլ միշտ ժպիտը երեսին: Խաղաղ հոգիով կÿապրէր եւ իր խօսակիցին հետ կը ջանար հաճելի նիւթեր զրուցել հետաքրքրական կամ իր երկար փորձառութեան դէպքերէն յիշատակներ պատմել:
Կուրութեան մատնուած ըլլալով հանդերձ, կը ջանար ծառայութիւն չխնդրել՝ մէկու մը նեղութիւն չպատճառելու համար եւ կը հոգար անձնապէս իր կարիքները իր կարողութեան չափով:
Սիրելի Հայր Կղեմէս, Միաբան եղբայ՛ր, երանի քեզի, որովհետեւ միշտ հաւատացիր Յիսուսի սա մխիթարական խօսքին. «Եկէ՛ք, իմ հօրս օրհնեալները, ժառանգեցէ՛ք արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է» (Մտթ. 25,34):
«Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»
Զմմառ – 6.7.2009