Զմմառ
Չորեքշաբթի 29 Յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Զմմառու վանքի եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, տեղի ունեցաւ միաբանական խոստումի արարողութիւնը ընծայարանի երկու ժառանգաւորներու՝ եղբ. Յովհաննէս Ճագրեանի եւ եղբ. Կարօ Գլնճեանի, ներկայութեամբ վանքի վարչութեան ինչպէս նաեւ միաբան հայրերուն: Անոնք հանրօրէն եւ ազատօրէն իրենց անդամակցութիւնը յայտարարեցին եւ խոստացան արգելք չդնել իրենց կոչումին եւ նուիրուիլ ուսումի: Ապա բոլորը ուղղուեցան ընծայարանի սեղանատուն մասնակցելու եղբայրական ագապին: Այս առթիւ, Զմմառու վանքի մեծաւորի տեղապահ հայր Գաբրիէլ վրդ. Մուրատեան անոնց նուիրեց Զմմառու Աստուածամօր կրկնօրինակուած սրբանկարը ու զանոնք յանձնեց անոր պաշտպանութեան: