Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2009 - Եղեռնի Նահատակներուն Յիշատակին Քայլարշաւ եւ Ոգեկոչման Հանդիսութիւն

Պէյրութ, Լիբանան

 
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդին, Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2009-ին, տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ
 
վարժարաններու Հայոց ցեղասպանութեան 94-ամեակին նուիրուած քայլարշաւ եւ հանդիսութիւն:

Առաւօտեան ժամը 9:00-ին, աշակերտները համախմբուած էին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ, ուրկէ սկիզբ առաւ քայլարշաւը: Շուրջ 1000 հայորդիներէ բաղկացած խումբը Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշներով, ինչպէս նաեւ բազմաբնոյթ կեցուածքներ արտայայտող ցուցատախտակներով քալեց մինչեւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան (Ժեթաուի): Ճամբուն ընթացքին ազգային-հայրենասիրական երգերով, ինչպէս նաեւ կոչերով աշակերտները հաստատ ու կարգապահ քայլերով հասան Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ապրիլեան յուշակոթողին մօտ: Յատկանշական էր խումբ մը աշակերտներու բարձրացուցած գրաւեալ հողերու անուններու ցուցատախտակներն ու աշակերտութեան մօտ տիրող լրջախոհ մօտեցումները:

Պատրիարքարանին մէջ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, ներկայութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ հայր Վարդան եպս. Աշգարեանին, դպրոցներու անունով ծաղկեպսակներ զետեղուեցան յուշակոթողին շուրջ: Ապա Հայ կաթողիկէ վարժարանները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին աշակերտները նուագով, երգով, ասմունքով եւ պարով եկան հաստատելու, թէ իրենք լաւապէս գիտեն Հայոց ցեղասպանութեան տարողութիւնը եւ իրողապէս ժառանգորդներն են հայ ժողովուրդի դատին:

 
Օրուան զեկուցաբերն էր Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ նշեց, թէ հայ ժողովուրդին դէմ ցցուած բոլոր
 
տեսակի դժուարութիւններուն դէմ յանդիման հայը հաւատարիմ մնաց իր արմատներուն: Պոյաճեան ըսաւ, թէ Ցեղասպանութենէն 94 տարի ետք թուրքը չկրցաւ ձերբազատիլ հայութենէն եւ հայկական պահանջատիրութենէն:

Ռիթա Պոյաճեան յայտնեց, թէ թուրքը իր դիմագիծը փոխած է, բայց տակաւին կը մնայ նոյն թուրքը, քանի որ ան բազմատեսակ խոչընդոտներ կը զետեղէ Հայ դատի աշխատանքներուն առջեւ ու կ’ուրանայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան հաստատեց, թէ հայ աշակերտին պարտքն է պաշտպան կանգնիլ Հայ դատին՝ քաջածանօթ ըլլալով հայոց պատմութեան, մշակոյթին, գրականութեան եւ քաղաքակրթութեան:

Լիբանանահայ երիտասարդութեան դժուարութիւններն ու ձուլման հոսանքին դէմ կանգնելու կարեւորութիւնը շեշտելէ ետք, Ռիթա Պոյաճեան ըսաւ. «Մենք եւ ձեր ծնողներուն սերունդը բախտաւորութիւնը ունեցանք իրականացած տեսնելու Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու ազատագրուած Արցախը: Կը մաղթեմ, որ ձեր սերունդը շարունակէ պայքարը՝ ձեռք ձգելու համար մեր գրաւեալ հողերը եւ իրականացնելու մեր պապերուն երազը՝ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը»:

Քայլարշաւն ու ոգեկոչման հանդիսութիւնը փակուեցան «Պահպանիչ»ով: Այս առիթով Ամեոնապատիւ Հոգեւոր Տէրը կոչ ուղղեց ներկաներուն չմոռնալու Ապրիլ 24-ը, ունենալու մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն նկատմամբ յարգանք եւ շարունակելու մեր նահատակներու ուղին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ