Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2015 - Վարդանանց Հանդիսութիւն՝ Մեսրոպեանի Մէջ

 

Պէյրութ

11 Փետրուար 2015-ին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի աշակերտութիւնը պատշաճ հանդիսութեամբ մը նշեց Սուրբ Վարդանանց տօնը, երգերու, ասմունքի, պարի ու թատերական պատկերներու ընդմէջէն ոգեկոչումը կատարելով վասն հայրենեաց ու վասն կրօնի նահատակուած հերոսներուն:

Հանդիսութեան գլխաւոր պատգամախօսն էր "Մասիս" շաբաթաթերթի պատասխանատու խմբագիր, Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան:

Գերապատիւ վարդապետը աշակերտներուն ուղղուած անմիջական խօսքով բացատրեց, որ Վարդանանց խորհուրդը պատմութեան մէջ աւարտած իրադարձութիւն մը չէ միայն, այլ առօրեայ ապրումի հիմք: Ան շեշտեց, որ Վարդանանց խորհուրդը մեր ներկային մէջ կենդանի ապրում է, այնքան ատեն, որ հայ մարդիկ հաւատարիմ կը մնան իրենց ինքնութեան, կառչած կը մնան իրենց մայրենի լեզուին ու մշակոյթին եւ քրիստոնէութիւնը կ՛ապրին ոչ ձեւականօրէն, այլ անոր հարազատ արտայայտութեան մէջ: Հայր Սեպուհ դիտել տուաւ, որ ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն նուիրուած իւրաքանչիւր հայ, մեծ թէ փոքր, ըստ էութեան ապրող Վարդան մըն է, որովհետեւ այս աշխարհին կը ներկայանայ որպէս ժառանգորդն ու շարունակողը այն արժէքներուն, որոնց պաշտպանութեան համար Վարդան Մամիկոնեան եւ իր զինակիցները հերոսաբար արեամբ վճառեցին:

Հանդիսութեան գեղարուեստական մասով, վարժարանի "Ծիծեռնակ" երգչախումբը կատարեց 8 երգեր, իսկ Ա.-Զ. դասարաններու աշակերտները կատարեցին խմբային երգեր եւ ասմունք: Դ. Դասարանի աշակերտուհիներ Միրէյ Ճեմօ եւ Լալէ Մեղեդի Աբգարեան ներկայացուցին երկխօսութիւն մը՝ "Վարդանի մասին", ի ցոյց դնելով դերասանական շնորհներ: Նոյնպիսի շնորհով հանդէս եկան Դ. դասարանի խումբ մը աշակերտներ, որոնք բեմականացուցին հայ նախարարներու եռեսանց ուրացումի դրուագը: Պարային ելոյթով հանդէս եկան նախակրթարանի "Շուշի" պարախումբը եւ ԺԱ. Դասարանի աշակերտուհիներ, մինչ Էլի Թորանեան ասմունքեց «Վարդան Մամիկոնեանի ճառը՝ ճակատամարտէն առաջ»: Հանդիսավարութիւնը կատարեց Լէթիսիա Հէքիմեան:

Հանդիսութեան փակման խօսքին մէջ, վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ նշեց, որ Աւարայրի հերոսներուն հետապնդած դատը մինչ այսօր կարիք ունի պաշտպաններու, որովհետեւ մինչ այսօր կը շարունակուին ոտնձգութիւնները՝արդարութեան եւ իրաւունքի դէմ, ու մինչ այսօր հայութեան կը զլացուի իրաւունքը՝ ապրելու իր ամբողջական հայրենիքին մէջ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ