1-ԹԵՄԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ

Հալէպի Առաջնորդարանի իրաւասութեան տակ է Սուրիոյ Հիւսիս-Արեւմտեան շրջանը, որ կ’ընդգրկէ Իտլիպ, Լաթաքիա, Թարթուս, համա, Հոմս եւ Ռագգա նահանգները:
Հալէպի մէջ 5 Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններ կը գործեն.
ա- Տիրամայր Օգնութեանց Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն:
բ- Ս. Փրկիչ-Սրբուհի Վառվառիա եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն:
գ- Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն:
դ- Ս. խաչ եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն:
ե- Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն:
- Փոքր ժողովրդապետութիւն մը կը գտնուի Ռագգա՝ առանց քահանայի, Տիրամայր Նահատակաց եկեղեցիով:
- Քէսապի ժողովրդապետութիւնը՝ հակառակ հալէպի Թեմին սահմաններուն մէջ գտնուելուն, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի իրաւասութեան տակ է:

Հալէպի Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներուն թիւը մօտաւորապէս կը հասնի 17000-ի:
Հալէպի Հայերուն պաշտօնական առաջին Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդը եղաւ Աբրահամ Եպս. Արծիւեան (1710-1740) որ ծնած է Այնթապ՝ 12-04-1674-ին: 1710-ին, հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Եպիսկոպոս օծուեցաւ եւ Առաջնորդ կարգուեցաւ Հալէպի՝ Սիսի Ղուկաս Պատրիարքին ձեռամբ: 1740-ին, Ղուկաս Պատրիարքին յաջորդը ընտրուեցաւ եւ 1742-ին Բենեդիկտոս ԺԵ.-էն հաստատուեցաւ Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ: Վախճանեցաւ 01-10-1749-ին եւ Լիբանանի Քրէյմի Ս. Փրկիչ եկեղեցիին մէջ թաղուեցաւ:
Հայ Կաթողիկէ Թեմին հիմնարկութենէն ետք շարունակուեցաւ եպիսկոպոսներու յաջորդութիւնը: 3 Փետըրւար 1899-ին, հալէպի Թեմը քահանայապետական տնօրինումով կը դառնայ Արքեպիսկոպոսական Թեմ:
Թեմիս մէջ կը գործեն 3 Յանձնախումբեր՝ կանոնաւոր կերպով շաբաթական ժողովներով.
ա. Կալուածոց Յանձնախումբ՝ որուն մաս կը կազմէ կոմիտէ մը, որ շինարարութիւններով եւ նորոգութիւններով կը զբաղի:
բ. երեզմանատան Յանձնախումբ՝ կը զբաղի գերեզմանատան պահպանումով, արձանագրութիւններով եւ կառուցումով:
գ. Բարեսիրական գործերու Յանձնախումբ՝ երկու ճիւղաւորումներով եւ երկու դեր-կոմիտէներով:

Ամէն շաբաթ օր, կէսօրէ առաջ, Ժողով մը կը համախմբէ Հալէպի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները, իրենց փոխանորդներով, միջհամանքային ծրագիրներ որոշելու եւ կազմակերպելու համար:
Հալէպի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Դասը կը գլխաւորէ բազմաթիւ Ընկերութիւններ եւ Միջհամայնքային Շարժումներ, ինչպէս նաեւ Միջծիսական Եկեղեցական Ատեանը:
Միասին կը կազմակերպենք նաեւ Քահանայապետական Համաշխարհային մեծ Օրերը:
Տարին երկու անգամ, Սուրիոյ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները կը համախմբուին նախագահութեամբ Պատրիարքներու եւ ներկայութեամբ Առաքելական Նուիրակին՝ կազմելով «Սուրիոյ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան Համաժողովը»:



2- ԹԵՄԱԿԱՆ ԿՂԵՐԸ

Թեմիս Կղերը կը բաղկանայ իր վարդապետներէն եւ քահանայէ մը, որոնք իրենց հոգ-հոգւոցը կը կատարեն Հալէպի հինգ ժողովրդապետութիւններուն մէջ:
Ժողովրդապետական իրենց պաշտօնը կատարելով հանդերձ, անոնք կը զբաղին նաեւ Թեմիս դպրոցներով, առաքելական զանազան շարժումներով եւ հոգեւոր եղբայրութիւններով:
Իր վարդապետներէն մէկը անուանուած է Մեծաւոր Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանին:
Ամուսնացեալ երկու սարկաւագներ քահանաներուն կ’օժանդակեն ժողովրդապետութիւններուն մէջ:
Թեմիս Կղերականները՝ միանալով Հալէպի Կաթողիկէ Կղերին, ամիսը անգամ մը կը մասնակցին հոգեւոր դասախօսութիւններու՝ կազմակերպուած Յիսուսեան Հայերու կողմէ, ինչպէս նաեւ աստուածաբանական վերամշակման հանդիպումներուն եւ համամիութենական աղօթքներուն, եւն…:

ԹԵՄԱԿԱՆ ԿՂԵՐԻՆ ԱՆՈՒԱՆԱՑԱՆԿԸ
- Տէր Գէորգ Ծ.Վ. Շահպազեան (Ծնեալ՝ 27-09-1945, Ձեռնադրեալ՝ 16-07-1972)
- Տէր Յովսէփ Ծ.Վ. Պէզպէզեան (Ծնեալ՝ 20-03-1961, Ձեռնադրեալ՝ 21-09-1986)
- Տէր Յովհաննէս Վարուժան Վ. Թաշճեան (Ծնեալ՝ 17-11-1943, Ձեռնադրեալ՝ 1-08-1981)
- Տէր Հայկ Վ. Մակարեան (Ծնեալ՝ 06-11-1972, Ձեռնադրեալ՝ 24-12-1998)
- Տէր ներսէս Վ. Զապարեան (Ծնեալ՝ 06-06-1969, Ձեռնադրեալ՝ 31-10-1999)
- Տէր Էմմանուէլ Վ. Գրիգորեան
- Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան (Ծնեալ՝ 16-02-1951, Ձեռնադրեալ՝ 10-09-1995)
- Տէր Զարեհ Քահանայ Տէր Սարգիսեան



3- ՓՈՔՐ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆԸ

Սուրիոյ համար, 1984-ին Հալէպի մէջ բացուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Միջ-թեմական Փոքր Ընծայարանը, Զմմառեան Միաբանութեան Տեսչութեան ներքեւ:
Նախորդ տարիներուն, 12 նորընծաներ հասան Հռոմի Մեծ Ընծայարանը: Անոնցմէ 9ը արդէն ձեռնադրուած են քահանայ: Սուրիացի փոքր նորընծաներուն թիւն է 12 հոգի: Հռոմի մեծ նորընծաները 5 հոգի են, իսկ Զմմառու ընծայարանը կը գտնուին 4 ժառանգաւորներ: Հալէպի Փոքր Ընծայարանին Տեսուչն է Զմմառեան Միաբանութեան Վարդապետներէն մին, որուն կ’օժանդակեն թեմական վարդապետները:



4- ԿՐՕՆԱՒՈՐՆԵՐ ԵՒ ԿՐՕՆԱՒՈՐՈՒՀԻՆԵՐ
Մխիթարեան Ուխտէն Վարդապետ մը Տեսուչն է Հալէպի Վարժարանին եւ կը զբաղի երիտասարդական շարժումով:
Անարատ Յղութեան հայ Միաբանութեան 7 Կրօնաւորուհիներ երեք հասարակութիւններու բաժնուած են: Կը զբաղին երկու վարժարաններով, որբանոցով եւ ընծայարանով, ինչպէս նաեւ քրիստոնէականի կեդրոնով:



5- ԾԻՍԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

Մեր հաւատացեալներուն մեծ զանգուածը կը մասնակցի զանազան ծիսական արարողութիւններու, Պատարագներու եւ Ջերմեռանդութիւններու: Բոլոր պսակները կ’օրհնուին եկեղեցիին մէջ եւ կ’արձանագրուին պետական տոմարներուն մէջ: Պետական պսակը ընդունուած չէ Սուրիոյ մէջ:
Հոգեպարար արարողութիւններ կը կազմակերպուին զանազան ժողովրդապետութիւններու կողմէ, Առաջին Հաղորդութեան, Ս. Ծնունդի, Ս. Շաբթուան ինչպէս նաեւ Քառասնորդացի, Մայիսեան աղօթքներու եւ Յիսուսի Սրտին բարեպաշտութեան առիթներով: Մեր հաւատացեալները խուռներամ կը մասնակցին այս ջերմեռանդութիւններուն:
Ծիսական արարողութիւններուն եւ Ս. Խորհուրդներուն մատակարարման ընթացքին, երբեմն արդի հայերէն լեզուն եւ երբեմն ալ արաբերէն լեզուն կը գործածուի, որպէսզի բոլոր հաւատացեալները կարենան աղօթքներուն մասնակցիլ:
Բազմաթիւ հոգեւոր Ջեռմեռանդութեան Եղբայրութիւններ կը ծաղկին ժողովրդապետութիւններու մէջ:
Առաքելութեան նուիրուած այլեւայլ շարժումներ իրենց գործունէութիւնները կը կատարեն մեր վարդապետներուն գլխաւորութեամբ ինչպէս՝ Equipes Notre-Dame, «Հաւատք եւ Յոյս», Մարիամի Լէգէոնը, Ուսանող երիտասարդութիւն, Քրիստոսի Աշակերտները, Renouveau Charismatique, եւն.:



6- ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ ԵՒ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ

Ունինք քրիստոնէական վարդապետութեան 5 կեդրոններ, ուր հարիւրաւոր փոքրիկներ կը հաւաքուին ամէն Ուրբաթ կէսօրէ ետք եւ Կիրակի առաւօտները:
Քրիստոնէական Վարդապետութեան ուսուցման միջ-համայնքային Ընկերութիւն մը կը զբաղի գրքերու պատրաստութեամբ եւ կրօնքի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու վերապատրաստութեամբ:
Կրօնքի ուսուցումը պարտաւորիչ է թէ՛ համայնքային եւ թէ՛ կառավարական դպրոցներուն մէջ: ործածուող քրիստոնէականի պաշտօնական դասագիրքերու շարքը պատրաստուած է միջ-եկեղեցական յանձնախումբէ մը եւ պարտադիր է բոլոր քրիստոնեայ աշակերտներուն:
Մօտաւորապէս 2500 աշակերտներ կը յաճախեն Համայնքիս 5 դպրոցները, որոնց յայտագիրները պարտադըրւած են Կառավարութեան կողմէ:
Մնայուն Տնօրէն մը կամ Տնօրէնուհի մը նշանակուած է Կրթական Նախարարութեան կողմէ՝ դպրոցի ուսուցման մակարդակին վրայ հսկելու համար:



7- ՀԱՄԱՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ

Ամէն ամսուայ վերջին շաբաթ օրը Հալէպի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Ժողովը կը հանդիսանայ համամիութենական ժողով, որուն կը մասնակցին նաեւ Հալէպի 3 Օրթոտոքս եւ 2 Աւետարանական հոգեւոր Պետեր, քրիստոնէական գործակցութեան ոգին սերտացներու եւ հասարակաց հարցերը դիմագրաւելու:
Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթը ամէնէն ուշագրաւ շրջանն է համամիութենական հանդիպումներուն. ան յաճախ վերջ կը գտնէ սիրոյ սեղանով մը, որ կը համախմբէ Հալէպի ամբողջ քրիստոնեայ Կղերը:
ործօն մասնակցութիւն մը կայ զանազան եկեղեցիներու միջեւ. պսակներու, յուղարկաւորութիւններու եւ կրօնական այլեւայլ արարողութիւններու առթիւ, ինչ որ սովորական երեւոյթ է Հալէպ քաղաքին մէջ:
Երեք Հայ Համայնքներու մակարդակով՝ մեր համագործակցութիւնը շատ աւելի սերտ է: Երկու ամիս անգամ մը Համայնքապետերը կը հաւաքուին՝ միասնաբար ուսումնասիրելու համար հայ Հասարակութիւնը հետաքրքրող հարցեր եւ քննելու բարեսիրական ձեռնարկներուն վիճակը (Հայ Ծերանոց եւ Արեւիկ Թերաճներու Կեդրոն): Ինչպէս նաեւ միասին կը կազմակերպեն ազգային մեծ տօները, զորս կը դրուին երեք Հայ Համայնքներու հովանաւորութեան տակ:



8- ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Ունինք Բարեսիրական երկու Յանձնախումբեր, որոնք կը զբաղին Թեմիս չքաւոր ընտանիքներով եւ կարօտեալ անձերով: Փոխատուութեան ծրագիր մը հիմնեցինք օգնելու համար երիտասարդներուն, տուն գնելու եւ կամ գործ մը սկսելու համար:
Բարեսիրական Յանձնախումբին հոգածութեան տակ դրուած է դարմանատուն մը: Անոր խնամքին յանձնուած է նաեւ Պաղճաղազի օդափոխութեան կեդրոնը, ուր՝ ամէն տարի, կազդուրելու համար, ամբողջ ամիս մը կը հաւաքուին 90 չքաւոր փոքրիկներ:
Ունինք նաեւ ապաստանարան մը՝ Հայ ծերունիներու համար եւ կեդրոն մը մտային թերաճներու համար:
Անարատ Յղութեան Միաբանութեան Հայ Քոյրերը ունին աղջիկներու որբանոց մը:
Առաջնորդարանը կը հրատարակէ պարբերաթերթ մը եւ շաբաթական հովուական շրջաբերական մը՝ արաբերէն լեզուով, իսկ երկու Բարեսիրական Յանձնախումբերը տարեկան 2 Տեղեկագիրներ կը հրատարակեն, մին՝ հայերէն, միւսը՝ արաբերէն:




Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ