Ուրբաթ, 6 Յուլիս 2012 - Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ սեպտեմբերին Լիբանան այցելութեան յայտագիրը


Վատիկան

14-էն 16 սեպտեմբեր 2012, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը եռօրեայ այցելութիւն մը պիտի կատարէ Լիբանան, որուն ընթացքին Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներուն եւ եպիսկոպոսներուն պիտի յանձնէ իր «Առաքելական Յորդոր»ը, որ յառաջացած է Միջին Արեւելքի յատուկ սիւնհոդոսէն, հոկտեմբեր 2010-ին։ Այցելութեան ընթացքին, Սրբազան Պապը պիտի արտասանէ հինգ ճառեր տարբեր առիթներով։

Այցելութեան պաշտօնական յայտագիրը։

Ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012, սուրբ Խաչի տօնին, կէսօրուան ժամը 1.45-ին, Սրբազան Քահանայապետը կը ժամանէ Լիբանան, ուր իր առաջին ճառը պիտի արտասանէ հանդիսաւոր ընդունելութեան ընթացքին։ Ապա, երեկոյեան ժամը 6-ին, Հարիսայի «Սուրբ Պօղոս» պազիլիքային մէջ տեղի պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի սիւնհոդոսէն բխած՝ «Առաքելական Յորդոր»ին ստորագրութիւնը, ներկայութեամբ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներուն եւ եպիսկոպոսներուն։

Շաբաթ, 15 սեպտեմբեր 2012, առաւօտեան ժամը 10-ին, Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ նախագահական պալատ, ուր պաշտօնական հանդիպումներ պիտի ունենայ Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սլէյմանի եւ վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի հետ, ինչպէս նաեւ յատուկ հանդիպումներ իսլամ համայնքապետերուն, կառավարութեան անդամներուն, պետական ու դիւանագիտական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն եւ մշակութային մարզի ներկայացուցիչներուն հետ։

Յետմիջօրէին՝ ժամը 1.30-ին, Սրբազան Պապը Լիբանանի պատրիարքներուն, եպիսկոպոսներուն եւ պապական պատուիրակութեան հետ պիտի մասնակցի կէսօրուան ճաշի սեղանին, որ պիտի տրուի ի պատիւ իրեն Զմմառու հայ կաթողիկէ պատրիարքական վանքին մէջ։

Երեկոյեան ժամը 6-ին, Սրբազան Պապը հանդիպում պիտի ունենայ Լիբանանի երիտասարդութեան հետ, Պքերքէի մէջ։

Կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2012, առաւօտեան ժամը 10-ին, Սրբազան Քահանայապետը պիտի մատուցանէ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ Պէյրութի կեդրոնական գօտիի «Beirut City Center Water‎front»ի շրջաբակին մէջ, եւ որուն ընթացքին Ան պիտի փոխանցէ իր պատգամը եւ տեղի պիտի ունենայ «Առաքելական Յորդոր»-ին յանձնումը։

Յետմիջօրէին՝ ժամը 1.20-ին, Սրբազան Քահանայապետը պիտի մասնակցի ճաշասեղանին, Հարիսայի պապական դեսպանատան մէջ։ Ապա, երեկոյեան ժամը 5.15-ին, պիտի մասնակցի միջեկեղեցական հանդիպումին ասորի կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ։ Իսկ ժամը 6.30-ին, տեղի պիտի ունենայ այցելութեան փակման հանդիսութիւնը Պէյրութի օդակայանին մէջ, եւ Սրբազան Քահանայապետը պիտի վերադառնայ իր նստավայրը՝ Վատիկան։

Նշենք, որ ասիկա Սրբազան Քահանայապետին երրորդ այցելութիւնն է Միջին Արեւելք, իր ուխտագնացութենէն ետք Սուրբ Երկիր եւ Յորդանան՝ մայիս 2009-ին եւ Կիպրոս՝ յունիս 2010-ին, ուր յանձնած էր Միջին Արեւելքի համար եպիսկոպոսաց յատուկ սիւնհոդոսին աշխատանքային թղթածրարը։ 

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար եւ հետեւելու համար այս պատմական այցելութեան լուրերուն մեր կայքէջին առընթեր կարելի է հետեւիլ Վատիկանի ձայնասփիւռին հայկական բաժնի լուրերուն՝ հետեւեալ հասցէին  http://www.radiovaticana.org/arm/index.asp : Նշենք որ հայկական բաժնի տնօրէնը պրն Ռոպէր Աթթարեան անձամբ պիտի մաս կազմէ լրագրողներու այն խումբին որոնք պիտի ընկերանան սրբազան քահանայապետը Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին:

 

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի

Լրատուական գրասենեակ

   
  


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ