Երկուշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2008 - Դիւան թիւ 210/08


Զմմառ, 12 Սեպտեմբեր 2008

Դիւան թիւ 210/08
 
Մեծայար• Տիար Սերժ Սարգսեան
Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան

Վսեմաշուք Պարոն Նախագահ,

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 17-րդ տարեդարձին առիթով, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ եւ Ձեր միջոցաւ Հայաստանի պետական աւագանին ու պաշտօնատարները, ինչպէս նաեւ համայն Հայ ժողովուրդը, որոնք այսօր աւելի քան երբեք հրաւիրուած են իրենց միասնականութեան վկայութիւնը տալու, համախմբուելով հայկական պետականութեան շուրջ, որպէսզի միասնական ճիգերով եւ շարքերով դիմագրաւենք Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին դէմ ծառացող բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներն ու փորձութիւնները:
Հայաստանի անկախութիւնը արդար վարձատրութիւնն է մեր ժողովուրդի երկարամեայ զրկանքներուն եւ զոհողութիւններուն ու բազմաթիւ ճակատներու վրայ անոր մղած պայքարին: Մեր ժողովուրդը իր բոլոր հատուածներով այսօր կը գտնուի իր Հայրենիքին անկախութիւնը ամրապնդելու եւ անկախ պետականութեան հիմերը զօրացնելու մարտահրաւէրին առջեւ: Այդ մարտահրաւէրին յաջողութեամբ դիմագրաւումը պայմանաւորուած է մեր ժողովուրդին բոլոր հատուածներու միասնականութեամբ: Վստահ ենք որ անկախութեան տարեդարձին նշումը առիթ մըն է վկայութիւնը տալու այդ միասնականութեան ի խնդիր բարգաւաճ, կայուն, ժողովրդավար եւ հզօր Հայաստանի մը կերտումին, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման:
Յարգելի Պարոն Նախագահ, մեր շնորհաւորութեան եւ բարեմաղթանքներուն կը միացնենք մեր աղօթքը, որպէսզի Տէրը՝ Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր բարեխօսութեամբ, իր հովանին անպակաս ընէ Ձեր, Հայաստանին եւ հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ համայն Հայութեան վրայէն:

Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ