Սիրելի՛ ընթերցող, կը ներես ինծի, բայց չեմ կրնար չգրել «հայոց խնկելի Աստուածածին»-ին մասին, քանի այսօր հրաշափառ տօնն է Կուսամօր փոխումին, վերափոխումին, այսինքն` Մարիամի միադէպ յարութեան ու համբարձումին:
Ի զուր չէ, որ մեր մարեմական եկեղեցին տարբերած է այս սիրագեղ կիրակին միւս կիրակիներէն: Նոյնպէս, ի դերեւ չէ, որ, իր կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին հոծ մասնակցութեամբ, մեր մարեմասէր ժողովուրդը զանազանած է այս գեղահրաշ տօնն այլ տօներէ: Երկուքը մեր եկեղեցին կը վարդապետէ ու կը հռչակէ Մարիամ Աստուածածինը, իսկ մեր ժողովուրդը կը սիրէ և կը յարգէ Մարիամ Կուսամայրը:
Այո՛, Տիրամայրը գովերգելու ստիպումը կու գայ յարգամեծար սէրէն, ինչպէս համոզուած էր Ս. Ներսէս Լամբրոնացի (1153-1198), որ հեղինակեց հայ մատենագրութեան մէջ «Վերափոխման» ամենագեղեցիկ ճառը` «Ներբողեան ի վերափոխումն ամէնօրհնեալ Աստուածածնին ասացեալ ի Ներսիսէ, ծնողաց խոստմամբ նմին ընծայեալ ծառայէ»:
Սէրը չի մահանար: Սէրը չի հողանար: Մարիամ, Սէ՛րը, մանաւանդ թէ` Սիրամա՛յրը, անարատ հոգիով ու շուշանափայլ մարմնով վերափոխուեցաւ երկինք` Սիրոյ յաւերժավայրը:
Եթէ Մարիամի անարատ յղութիւնը սրբութեան յաղթանակն է մեղքին վրայ, ապա Մարիամի վերափոխումը սիրոյ յաղթութիւնն է մեղքին գլխաւոր հետեւանքին` մահուան վրայ:
Որդիէն ետք Մայրն է հոգեկան ու մարմնական երաշխաւորութիւնը սիրոյ յաւերժութեան և յաւերժացուցչութեան, որոնց հոգիով ու մարմնով արժանի պիտի ըլլան քրիստոսականները` հարազատնե՛րն ու մաքուրնե՛րը:
Աստուածորդիին համբարձումը դրժողները Աստուածամօր վերափոխումը նաևդրժողներն են: Այսպէս, անոնք կը մերժեն յաւիտենականութիւնը` մարդերուն հոգեկան ու մարմնական անմահութիւնը:
Յարուցեալ Տէրը համբարձաւ, և այս կը նշանակէ կամ կը պայմանաւորէ, թէ Տիրամայրը վերափոխեցաւ արքայութիւն, ուր առաջինը նստաւ իր Հօր աջ կողմը, և երկրորդը` Մայրը բազմեցաւ իր Հոգեակին նախաթոռն աջակողմեաններուն:
Հետեւաբար առանց խաչեալին` չկայ յարուցեալը:
Առանց յարուցեալին` չկայ համբարձեալը:
Առանց համբարձեալին` չկայ վերափոխեալը:
Առանց վերափոխեալին` չկայ հոգիով եւ մարմնով յարութիւնը:
Ուշադրութի՛ւն: Առանց ննջեցեալներուն յարութեան չկայ` Յիսուս Քրիստոս` սէրը, լոյսը, ճանապարհը, ճշմարտութիւնը, յաւերժութիւնը, կեանքը:
Ուրեմն, եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ, ապա Տէրն ալ յարութիւն չառաւ: Եթէ Յիսուս յարութիւն չառաւ, ապա մեր քարոզութիւնն ընդունայն է, ինչպէս նաեւ սին է մեր հաւատքը, եւ դեռ կը մնանք մեղքին մէջ (1Կոր. 15,13-17):
Սակայն, ինչպէս համբարձումը վերջնական յաղթահարումն է մեղքին, այնպէս ալ վերափոխումը աւարտական պարտութիւնն է մահուան:
Ա՛յս է իմ տրամաբանութիւնս, իմ հաւատքս, իմ դաւանումս: Ուշադրութի՛ւն: Այս
տրամաբանութիւնս իմաստասիրական չէ միայն, այս հաւատքս աստուածաբանական չէ միայն, այս դաւանումս խօսքային չէ միայն, այլ նաեւ պարունակը կը կազմեն այն իրողակա՛ն դէպքին ու պատմակա՛ն եղելութեան, որուն մեր մեծասքանչը կու տայ «Ննջումն», «Փոխումն», «Վերափոխումն սրբոյ Կուսին Աստուածածնի» անունները:
Այո՛, Կուսամօր վերափոխումը դէպքն է, պատահարն է մեր աշխարհին ու ժամանակին մէջ, բայց` անդրաշխարհին եւ անդրժամանակին համար:
Աստենականին պատմութիւնը կ՛ամբողջանայ անդենականին պատմութեամբ: Առաջինին Տէրը երկրորդին Հեղինակն է, Յիսուս Քրիստոս, որուն միայն կը վայելեն իշխանութիւնն ու կարողութիւնը` հրաշափառապէս միջամտելու անցաւոր աշխարհին անկասելի ընթացքին եւ ժամանակին անվերադարձ հոլովոյթին մէջ:
Եւ Տէրը միջամտեց ի նպաստ հաւատացողներուս` Անարատ Յղացեալին տալով թէ՛ հոգիով եւ թէ՛ մարմնով փոխումը, որ քաղցրահունչ նախերգանքն է մեր նմանատիպ յաւերժացումին:
Տիրոջ միջամտութեան համեղ եւ հիւթալից պտուղը ճաշակեցին քրիստոնեայ դարերը, որոնց հաւատաւորները սկիզբէն ընդունեցին «ննջումն Ս. Աստուածածնի», այսինքն` փոխումը, վերափոխումը Մարիամ Սիրամօր:
Տիրոջ միջամտութեան, պատմութեան դէպքին, քրիստոսականներուն հաւատքին եւ եկեղեցիին անյետսկոչելի վճիռը հրամանակարգ վարդապետութիւնն է բոլոր ժամանակներու բոլոր մարդերուն համար. «Աստուծոյ անարատ Մայրը, Մարիամ միշտ Կոյսը, երկրաւոր կեանքին լրումին հոգիով եւ մարմնով վերափոխուեցաւ երկնային փառքին մէջ»:
Ա՛յս է Երկնաւորին կնիքը, որով աստենական պատմութիւնը կը յաւերժանայ անդենական պատմութեան մէջ: Ասոր մասնակցելու կոչուած են եւ արժանի պիտի ըլլան բոլոր անոնք միայն, որոնք կը հաւատան այս հրաշազան «սիրոյ պատմութեան»:
Այնճար, 18 օգոստոս 2013
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ