Հինգշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2007 - Ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Պատգամը Ուղղուած Համալսարանականներուն

 

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիյիոյ Կաթողիկէ Հայոց  Ամենապտիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքին, Կիրակի 16 Դեկտեմբեր 2007ին, Ժէյթաուիի Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ նուիրուած համալսարանական երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն որուն ընթացքին Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր
Յոյժ սիրելի համալսարականներ

Որպէս Համալսարականներ եւ համալսարան աւարտողներ, դուք նկատուած էք մեր հասարակութեան ամէնէն ընտիր զանգուածը: Գիտութիւն կÿամբարէք, որպէսզի կարենաք աւելի լաւ ապագայ մը ապահովցնել, քանի ներկայ դարը գիտութիւններու դար է: Բայց ուսումը առանձին չի կրնար գոհացնել ձեր սրտին փափաքները, որ են՝ ապահովութիւն, խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն: Չի բաւեր ունենալ գիտական կամ թեքնիք պատրաստութիւն դառնալու համար պատասխանատու անձեր եւ կարենաք ներդրում բերել ձեր հասարակութեան: Կարիքը ունիք ուսման առընթեր զարգացնել նաեւ մարդկային եւ բարոյական ուրիշ արժէքներ, որպէսզի ձեզմէ ամէն մէկը, չնայած թէ ինչ նիւթ կÿուսանի, ինքնավստահութիւն ունենայ, իր ապագային համար յոյս եւ արդարացի ակնկալութիւններ ունենայ եւ իր եղբայրներուն ու քոյրերուն մտահոգութիւնները բաժնէ՝ աւելի մարդկային եւ աւելի համերաշխ մթնոլորտ մը յառաջ բերելու՝ մթնոլորտ մը հիմնուած հաստատ սկզբունքներու վրայ, հիմնուած ճշմարտութեան եւ ազատութեան վրայ: Արդարեւ, երկու կարեւոր ազդակներ կան առանց որոնց մարդը չի կրնար երջանիկ ըլլալ՝ ճշմարտութիւնը եւ ազատութիւնը:
Եթէ ամէն հաւատացեալ յատուկ առաքելութիւն մը կատարելու կանչուած է ի սպաս իր եղբայրակիցներուն, եւս առաւել դուք՝ համալսարականներդ, պէտք է որ շահագործէք ձեր գիտութեան նպաստները եւ մշակէք նոր ծրագիրներ, ուրիշներուն հետ միասին անշուշտ, աւելի խաղաղ եւ աւելի յուսադրիչ աշխարհ մը ստեղծելու համար: Դուք կանչուած էք ըլլալու որպէս յանձնառու քրիստոնեաներ՝ երկրին լոյսը եւ աղը, որ ձեր ապրելակերպով լուսաւորէք ձեր շուրջինները եւ իմաստ կու տաք կեանքի զանազան հարցերուն եւ դէպքերուն: Ուրիշ խօսքով, դուք կանչուած էք սիրոյ քաղաքակրթութիւնը միասնաբար կառուցանելու այս սերունդին համար:
Օրուան ընթերցուածը, որ քիչ առաջ լսեցիք, ձեզ կը դնէ Ս. Ծննդեան խորհուրդին դիմաց, երբ կÿըսէ՝ «Շատ անգամներ եւ բազմաթիւ օրինակներով անցեալի մէջ Աստուած խօսեցաւ մեր Հայրերուն՝ մարգարէներու բերնով, իսկ այս վերջին ժամանակներու վախճանին խօսեցաւ մեզի իր Որդիին միջոցաւ» (Եբր. 1, 1-2): Նախ եւ առաջ պէտք է գիտնաք թէ երբ Աստուած մարդուն կը խօսի, նպատակն է մարդուն օգնելու, լուսաւորելու, մխիթարելու եւ ուղղութիւններ տալու, մէկ խօսքով՝ իր սէրը փոխանցելու եւ երջանկութիւն տալու ամէն մարդու: Այս գործը մարգարէները կատարեցին անցեալին մէջ մինչեւ Յովհաննէս Մկրտիչ: Անոնք Աստուծոյ անունով խօսեցան: Իսկ հիմա, նոյնինքն Աստուծոյ Որդին է որ կը խօսի մեզի: Ինքն է Աստուծոյ Խօսքը մարմնացած Մանուկի կերպարանքին ներքեւ մսուրին մէջ:
Աստուած առաքեց Յիսուս որպէս չափանիշ ամէն մարդու: Եթէ փնտռես չափանիշ մը կամ օրինակ մը անոր հետեւելու համար՝ Յիսուսն է: Երկնաւոր Հայրը մեզի յայտնեց իր անհուն սէրը Յիսուսի ծնունդով եւ մեզ կը կոչէ հետեւելու Անոր հետքերուն, մեզ կը կոչէ որպէսզի մեր կեանքը դարձնենք իր կեանքին նման՝ օգտակար եւ սիրոյ պարգեւ: Մկրտիչին ձայնը կը հնչէ ամէն դար եւ ամէն սերունդին համար եւ այսօր ձեզի համար կը հնչէ, սիրելի համալսարականներ: Սուրբ Ծնունդին տօնը դժբախտաբար շատ անգամ մակերեսային կերպով կը հասկցուի, եւ երբեմն զայն կÿընդունիք այսօրուայ նիւթապաշտ մտայնութեամբ: Մեծ մարգարէին, Յովհաննէս Մկրտիչին ձայնը կը հնչէ ձեզի համար որպէսզի պատրաստէք Տիրոջ ճամբան խոնարհութեամբ եւ ապաշխարութեամբ: Յիսուս կու գայ ոռոգելու համար ձեր ներքին եւ արտաքին անապատները, որ ծարաւն ունին կենդանի ջուրին, որ է Յիսուսին Խօսքը: 
Անցեալ հինգշաբթի օրը, 13 Դեկտեմբերին, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Հռոմ 150 համալսարականներուն հետ: Հանդիպումին նիւթը էր. «Միասին կառուցանենք սիրոյ քաղաքակրթութիւնը միակամ բարգաւաճութեան մը համար»: Սրբազան Պապը մեծ վստահութիւն ունի համալսարանականներու վրայ եւ իրենցմէ շատ բան կը սպասէ: Բազմաթիւ երիտասարդներ իրենց կեանքին ուղին արդէն փոխեցին լսելով նախորդ եւ ներկայ Սրբազան Քահանայապետներուն իմաստուն եւ հայրական խօսքերը:
Յոյժ Սիրելի համալսարականներ, դուք կանչուած էք ձեր սերունդին մէջ դառնալու մէյ մէկ կարապետներ, Յովհաննէս Մկրտիչին պէս, ձեր ձայնը լսելի դարձնելու այսօրուան անապատներուն մէջ եւ հրաւիրելու մարդիկը ապաշխարութեան, ձեր հասարակակիցներէն սկսեալ: Եւ թող ո՛չ ոք ըսէ փարիսեցիներուն նման, որոնք չÿընդունեցին Յիսուսի պատգամը՝ «Աբրահամը մեր հայրն է» (Մտթ. 3,8), այսինքն մենք քրիստոնեայ ենք, մենք ապաշխարութիւն ընելու պէտք չունինք, քանի մենք լաւ երիտասարդներ ենք, մենք եկեղեցի կը յաճախենք: Դուք ներկայ սերունդին համար կարեւոր առաքելութիւն մÿունիք կատարելիք: Դուք այս աշխարհի ծովին մէջ պիտի ներկայացնէք ձեր գիտութեամբ եւ ձեր համոզումներով Քրիստոսի բերած սէրը եւ խաղաղութիւնը: Դուք Սուրբ Աւետարանին եռանդուն հրապարակողները պիտի ըլլաք ձեր ապրումով եւ ձեր վարուելակերպով: Դուք, բարի լուրը՝ աւետիսը, պիտի սփռէք ուր որ երթաք եւ որուն որ հանդիպիք: Դուք, սիրելիներս, կանչուած էք ձեր համայնքին համար դառնալու առաքեալներ՝ ոչ երբեմն երբեմն, այլ մշտատեւ կերպով, որովհետեւ Եկեղեցւոյ կեանքը այդ կը պահանջէ: Ձեր մտահոգութիւնը պէտք է ուղղուի նաեւ Ձեր ժողովրդապետութեան սահմաններէն անդին՝ մինչեւ Հայաստան եւ Արցախ: Առանց մնայուն միսիոնարական ոգիին եւ ըմբռնումին, ձեր հաւատքը վտանգուած է կորսնցնելու իր աշխուժութիւնը, եւ կրնայ նաեւ թմրիլ:
Դուք ապահովաբար կը փնտռէք գիտութիւնը, բայց նաեւ իմաստութիւնը: Արդե՞օք համալսարանը կրնայ ձեզ գոհացնել այդ ուղղութեամբ: Լսեցէք թէ ինչ կÿըսէ Ս. Պօղոս. «Քրիստոսի մէջ թաքնուած են իմաստութեան եւ գիտութեան բոլոր գանձերը» (Կող. 2,3): Սիրելիներ, Անոր դիմեցէ՛ք:
Ո՜վ Սուրբ Կոյս Մարիամ, Դուն որ եղար քու կեանքովդ օրինակելի առաքեալ մը միշտ հաւատք ընծայելով Աստուծոյ խօսքին՝ առանց վարանումի, Դուն որ «Եղիցի»ն ըսելով հրեշտակի պատգամին, արժանացար ըլլալու Յիսուսի մայրը եւ եղար մեր մայրը եւս, տո՛ւր մեզի որ հաւատարիմ մնանք մեր կոչումին, որպէս համալսարականներ, որպէս մեր համայնքի ապագայ պատասխանատուներ: Տո՛ւր մեզի որ պատրաստուինք Սուրբ Ծննդեան տօնին կատարելով անկեղծ ապաշխարութիւն: Տու՛ր մեզի որ Աստուածամօր նման մեր Այո՛ն ըսենք հաւատքով Յիսուսի պատգամին:
 Ո՜վ մայր Սուրբ, պար•եւէ՛ մեզի քրիստոնեայ իմաստութիւնը, որպէսզի կարենաք կատարել ուղիղ ընտրանքներ կարեւոր հան•րուաններուն դիմաց, որպէսզի մեր մտածելակերպը ներդաշնակ ըլլայ Սուրբ Աւետարանին համաձայն եւ դառնանք մեր սերունդին մէջ հարազատ քրիստոնեաներ եւ ճշմարիտ առաքեալներ Յիսուս Քրիստոսի: Ամէն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ