Պուրճ Համմուտ
7-րդ տարին ըլլալով, կազմակերպութեամբ hայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Նախկին Սաներու միութեան եւ գործակցութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան, Ծնողական յանձնախումբին ու սուրբ Մեսրոպի սկաուտական խումբին, ուրբաթ, 1 յունիս 2012, երեկոյեան ժամը 5-էն սկսեալ, վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեսրոպեանի օր»ը, ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, նախկին մեսրոպեանականներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Վարժարանի երգչախումբի կատարողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգները լսելէ ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսաւար Փաթիլ Մկրտիչեան, որ ներկայացուց «Մեսրոպեանի օր»ուան կարեւորութիւնն ու նպատակը: Իր կարգին, խօսք առաւ Մեսրոպեանի Նախկին սաներու միութեան ատենապետ տոքթ. Կոստան Եափուճեան, որ շեշտեց, թէ այս հաւաքը լաւագոյն առիթն է միասնաբար անցընելու հաճելի պահեր: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս ձեռնարկի յաջողութեան: Իսկ վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ յայտնեց, թէ «Մեսրոպեանի օր»ը վարժարանին համար կարեւոր առիթ մըն է, որուն ընթացքին բոլոր մեսրոպեանականները համախմբուելով կը յիշեն անցեալը եւ զօրավիգ կը կանգնին վարժարանի յառաջիկայ աշխատանքներուն:
Բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք, ելոյթ ունեցաւ Մեսրոպեան մարզամշակութային ակումբը, որ ներկայացուց քոնկֆուի ցուցադրութիւն, երկու պար, Յ. Թումանեանի «Կիկոսի մահը» թատերգութեան ներկայացումը: Այս առիթով, ակումբի պատասխանատու տիկին Անի Թորանեան ներկայացուց տարուած աշխատանքները եւ գնահատեց աշակերտներու քաջալերական մասնակցութիւնը:
Յայտնենք, որ դաշտի մուտքին ցուցադրուած էին Մեսրոպեան մարզամշակութային ակումբի քանդակագործութեան ճիւղի 25 քանդակներն ու լուսանկարչական եւ գեղնկարչական խումբերու ստեղծագործութիւնները: Մարզամշակութային ակումբի ցուցադրութեան յաջորդեց «Ֆապրիանօ» հաստատութեան պարգեւած գեղանկարչութեան իւրայատուկ մրցանքը, որուն ընթացքին վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ եւ գեղանկարչութեան ուսուցիչ պրն. Վազգէն Մուղալեան բաժնեցին մրցանակները:
Ապա տեղի ունեցաւ կրկէսի զուարճալի ցուցադրութիւն, որմէ ետք վարժարանի բակին կողքին գտնուող դաշտին մէջ սկիզբ առաւ քերմէսն ու իւրայատուկ խաղերը: Այս մթնոլորտին վարժարանի ծնողական յանձնախումբը համադամ ուտելիքներ, զովացուցիչ եւ պաղպաղակ կը սպասարկէր ներկաներուն:
Զուգահեռաբար շարունակուեցաւ դասարանային ներկայացումները, որոնց ընթացքին վարժարանի աշակերտները անհատական թէ խմբային երգերով, պարերով, ասմունքներով եւ թատերական ներկայացումներով ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն: Ազատ բեմը շարժառիթ հանդիսացաւ աշակերտներուն բացայայտելու իրենց կարողականութիւնները:
Ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ժամը 10: «Մեսրոպեանի օր»ուան այս տարուան յատուկ ոճով տօնակատարութիւնը արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին` յառաջացնելով Մեսրոպեանի ընտանիքի բոլոր անդամներուն միջեւ անմոռանալի պահեր:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ