Վատիկան
Կիրակի 20 ապրիլ 2014-ի կէսօրին, Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի տարածքին մատուցած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, Հռոմ քաղաքին ու աշխարհին ուղղեց իր «Urbi et Orbi» պատգամը։
«Քրիստոս Յարեաւ։ Եկէ՛ք եւ տեսէ՛ք»։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, շնորհաւոր սուրբ Զատիկ։
Համայն Եկեղեցւոյ մէջ կը հնչէ աւետիսը որ հրեշտակը փոխանցեց կիներուն` «Մի վախնաք, գիտեմ որ Յիսուսը կը փնտռէք, խաչեցեալը. հոս չէ, յարութի՛ւն առաւ.... Եկէ՛ք տեսէ՛ք տեղը ուր դրուած էր» (Մատթ 28, 5-6)։
Այս է Աւետարանի գագաթնակէտը, գերագոյն Բարի Լուրը` Յիսուս, խաչեցեալը, յարեաւ։ Այս իրադարձութիւնը մեր Հաւատքի ու մեր յոյսի հիմն է։ Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար, Քրիստոնէութիւնը իր իմաստը կը կորսնցնէր. համայն Եկեղեցին ու առաքելութիւնը իրենց ուժը կը կորսնցնէին – ըսաւ Քահանայապետը ու հաստատեց. Քրիստոնեաներու աշխարհին տուած պատգամը հետեւեալն է. Յիսուս մարմնացած սէրը, մեռաւ խաչին վրայ մեր մեղքերուն համար, բայց Հայր Աստուած զայն յարուցեց մեռելներէն ու զայն դասեց կեանքի եւ մահուան Տէր։
Յիսուսին մէջ սէրը յաղթեց ատելութեան, ողորմութիւնը` մեղքին, բարին` չարին, ճշմարտութիւնը` ստախօսութեան եւ կեանքը` մահուան։
Ասոր համար մենք կ'ըսենք եկէ՛ք տեսէ՛ք` սէրը աւելի հզօր է, սէրը կեանք կու տայ, սէրը անապատներու մէջ յոյս կը ծաղկեցնէ։
Այս ուրախ վստահութեամբ Քեզի կը դիմենք այսօր, յարուցեալ Տէր. մեզի օգնէ՛ Քեզ փնտռելու ու գիտակցելու թէ Հայր մը ունինք եւ թէ որբեր չենք։ Մեզի օգնէ՛ յաղթահարելու անօթութեան պատուհասը, որ աւելիով կը ծանրանայ, ի տես հակամարտութիւններուն եւ մսխումներուն։
Մեզ կարող դարձուր անպաշտպանները պաշտպանելու, յատկապէս մանուկները, կիներն ու ծերունիները, որ շատ անգամ լքումի եւ չարաշահութեան կ'ենթարկուին։
Ըրէ՛ որ կարենանք հիւանդութիւններէն, «Էպոլայի» համաճարակէն տառապող մեր եղբայրները խնամենք։ Մխիթարէ՛ անոնք որ չեն կրնար Սուրբ Զատիկը տօնել իրենց սիրելիներուն հետ, որովհետեւ անարդարօրէն զրկուած են իրենց սիրելիներու մօտիկութենէն, ինչպէս անոնք, աշխարհական կամ կղերական, որ շատ մը երկիրներու մէջ առեւանգուած են։
Մխիթարէ՛ անոնք որ ստիպուած եղան թողուլ իրենց հողերը ու գաղթել աւելի լաւ ապագայի մը յոյսով, ապրելու արժանավայել կեանք մը եւ ազատօրէն դաւանելու իրենց հաւատքը։
Կ'աղօթենք, Յիսուս փառաւորեալ, դադրեցուր պատերազմները, բոլոր ռազմական գործողութիւնները` մեծ կամ փոքր, հին կամ ժամանակակից։
Կ'աղաչենք յատուկօրէն, Սուրիոյ համար, որպէսզի հակամարտութեան պատճառաւ տառապողները կարենան մարդկայնական օժանդակութիւններ ստանալ ու հակամարտող կողմերը մահ սերմանող ուժ բանեցնելու փոխարեն քաջութիւն ունենան բանակցելու` խաղաղութեան համար։
Քեզմէ կը խնդրենք որ մխիթարես Իրաքի եղբայրասպան բռնութիւններու զոհերը եւ աջակցելու Իսրայէլ – Պաղեստին բանակցութիւններու վերարծարծումի յոյսին։
Կը պաղատինք որ Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ վերջ գտնեն բախումները ու դադրին Նիճերիոյ ու Հարաւային Սուտանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւնները: Քեզմէ կը խնդրենք որ Վենեզուելլայի մէջ հաշտութիւնը ու եղբայրական համակեցութիւնը հաստատուի։
Քու Յարութեանդ օրը, որ այս տարի բոլոր Եկեղեցիներս միասնաբար կը տօնենք, կը հայցենք` լուսաւորէ՛ եւ ներշնչէ՛ Ուքրանիոյ խաղաղութեան համար ձեռնարկներ, որպէսզի բոլոր կողմերը, միջազգային հասարակութեան օգնութեամբ, կանխարգիլեն ուժգնութիւնները եւ միութեան ու երկխօսութեան քայլերով կերտեն երկրի ապագան։
Երկրի բոլոր ժողովուրդներուն համար կ'աղօթենք Տէր, դուն որ յաղթեցիր մահուան, տո՛ւր մեզի կեանքդ, տո՛ւր մեզի խաղաղութիւնդ։
«Քրիստոս յարեաւ, եկէ՛ք եւ տեսէ՛ք»։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
շնորհաւոր սուրբ Զատիկ։
http://hy.radiovaticana.va/