Երկուշաբթի, 23 Մայիս 2011 - Հայ կաթողիկէ դպրոցներու նախակրթարանի ուսուցիչներու սեմինար, Պէյրութ


Հաղորդագրութիւն

Կազմակերպութեամբ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի
Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին

Կայացաւ հայ կաթողիկէ դպրոցներու նախակրթարանի ուսուցիչներու սեմինարը` հայերէի ուսուցմանի մեթոտի եւ մանկարժական կազմաւորումի վերաբերեալ
Ղեկավարութեամբ ` Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեանի

Լիբանանի Հայ կաթողիկէ 4 վարժարաններու նախակրթարանի 22 ուսուցչուհիներ 21-22 Մայիսի շաբաթավերջին մասնակցեցան նախակրթարանի մէջ հայերէնի դասաւանդման հարցերուն նուիրուած մանկավարժական կազմաւորումի սեմինարի մը` ղեկավարութեամբ` Խ. Աբովեանի անուան Երեւանի մանկավարժական պետական համալսարանի դասախօս Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեանի:
Սեմինարը հրաւիրուած էր Սուրբ Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին կողմէ` գործակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս, Սրբոց Հռիփսիմեանց, Գէորգ Հարպոյեան եւ Մեսրոպեան վարժարաններուն:
Մեսրոպեան վարժարանի “Ֆարաճեան”  սրահին մէջ կայացած սեմինարի առաջին օրը, փրոֆ. Կիւլամիրեան նախակրթարանի հայերէնի ուսուցիչներուն ներկայացուց նախակրթարանի տարրական` Ա. Բ. եւ Գ. դասարաններուն մէջ կարդալու կարողութիւններու զարգացման մեթոտական հնարները:
Կարճ դադարէ մը ետք, ան ներկայացուց բանաւոր խօսքի զարգացման մեթոտաբանութիւնը եւ բացատրական ընթերցանութեան մեթոտի կիրառումը` նախակրթարանին մէջ:
Այստեղ իրենց մասնակցութիւնը բերին սեմինարին ներկայ ուսուցչուհիները` ներկայացնելով նախապէս պատրաստած իրենց նիւթերը` համապատասխան դասարաններու մէջ խօսքի զարգացման եւ բացատրական ընթերցանութեան վերաբերեալ:
Սեմինարի երկրորդ օրը, փրոֆ. Կիւլամիրեան աշխատանքը յառաջ տարաւ հիմնական երկու նիւթերու ուղղութեամբ. առաջին`  կրտսեր դպրոցական տարիքի մանուկներու մանկավարժահոգեբանական օգնութեան հնարները, երկրորդ`  ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւններու խնդիրները:
Ինչպէս առաջին` նոյնպէս երկրորդ օրուան աշխատանքը յատկանշուեցաւ դասախօսին կողմէ արդիւնաւետօրէն կիրարկուած  փոխգործուն մեթոտներով` ուսուցիչներուն մասնակացութեամբ ընթացած փորձարկումներու զուգորդութեամբ, ինչպէս նաեւ մասնագիտական ու բազմակողմանի քննարկումներով:
Աշխատանքներու արդիւնաւետութեան նպաստեց այն հանգամանքը, որ փրոֆ. Կիւլամիրեան սեմինարի նախորդող օրերուն` Մայիսի 3-էն 13 այս ծրագրին մասնակից չորս դպրոցներու նախակրթարաններուն մէջ կատարած էր դասալսումներ, առանձին հանդիպումներ ունենալով դպրոցներու տնօրէններուն եւ նախակրթարաններու պատասխանատուներուն հետ: Ան ուսուցչուհիներուն հետ ունեցած էր դասալսումներէն բխած նախնական գնահատականներու վերաբերեալ աշխատանքային նիստեր` դպրոցական օրուան աւարտին: Ան հանդիպումներ ունեցած էր նաեւ կարգ մը դպրոցներու մէջ մանկավարժական կազմաւորման այլ աշխատանքներ կատարող մասնագէտներուն հետ:
Այսպիսով,  Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին կողմէ իրականացուող մանկավարժական կազմաւորումի միամսեակով նախատեսուած սեմինարներու շարքը հասաւ իր աւարտին:
Միամսեակի ծիրին մէջ, դոկտ. Կիւլամիրեան ներկայացուց մանուկներու հոգեբանութեան եւ դաստիարակութեան վերաբերեալ դասախօսութիւններ` ծնողներու համար: Ան 24 Մայիսին Հայաստան-սփիւռք կրթական յարաբերութիւններուն շուրջ զեկուցում մը պիտի ներկայացնէ “Փիւնիկ” սրահին  մէջ, 26 Մայիսին հանդէս պիտի գայ դասախօսութեամբ մը` Հայկազեան Համալսարանին մէջ, իսկ 27 Մայիսին ներկայ պիտի ըլլայ սեմինարներու մասնակից բոլոր ուսուցիչներու եւ պատասխանատուներու եզրափակիչ հաւաքին: :

Սուրբ Նարեկացի կեդրոն
Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակ
Պէյրութ, 23 Մայիս, 2011


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ