Չորեքշաբթի, 28 Յուլիս 2010 - Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդը այգելեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին

 

Լոս Անճելըս

Չորեքշաբթի, յուլիս 21-ի առաւօտուն, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ  առաջնորդ հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեանին, ընկերակցութեամբ Լոս Անճելըսի ու շրջակայի նոր նշանակեալ ժողովրդապետ տէր Գրիգոր վրդ. Շահինեանին, փոխ ժողովրդապետ տէր Արմենակ վրդ. Պետրոսեանին, ինչպէս նաեւ համայնքի վարչական ներկայացուցիչներուն։ Հանդիպման ներկայ եղաւ կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, իսկ աւելի ուշ՝ Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու մօտ կաթողիկոսական փոխանորդ Կորիւն արք. Պապեան, որ այս օրերուն Լոս Անճելըս կը գտնուի:
Ողջունելով յարգելի հիւրերուն ներկայութիւնը՝ առաջնորդը շնորհաւորեց հայր Գրիգորն ու հայր Արմենակը, իրենց նոր պաշտօններուն ստանձնումին առիթով, մաղթելով յաջողութիւն եւ օգտաշատ ծառայութիւն համայնքին ու հայութեան։

Խորհրդակցութեան նիւթ եղան հայութիւնը յուզող այժմէական հարցեր ու մասնաւորաբար՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութեան հասարակական կեանքին վերաբերող խնդիրներ։ Վեր առնուեցաւ այն իրողութիւնը, որ հայութեան տարբեր յարանուանութիւնները սերտօրէն կը գործակցին իրարու հետ, հոգեւոր կեանքի թէ ազգային հարցերու կալուածներուն մէջ, եւ թէ՝ այդ գործակցութեան շարունակումն ու զարգացումը մեծապէս կը նպաստէ մեր ժողովուրդին ու ազգային հարցերու հետապնդման։
Հանդիպումի աւարտին, Մուշեղ արք. յուշանուէրներ յանձնեց յարգելի հիւրերուն՝ միաժամանակ անոնց ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցելով Ազգ. առաջնորդարանի տարբեր բաժանմունքներուն մասին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ